Արխիւ
Տէր Յիսուս Քրիստոսի խոնարհութեան ու հեզութեան անանց ու անժամանցելի պատգամը երէկ հերթական դրսեւորումը ունեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի սրբազան կամարներուն ներքեւ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիսապետեց Ոտնլուայի կարգի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ոտնլուայի արարողութեան նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ վարդապետները կ՚ըսեն. «Քրիստոս եկաւ եւ Խաչի վրայ մեր մեղքերը վերցուց՝ որպէսզի մենք Անոր արդարութեամբ ապրինք. Ան որ կը մեռնէր, փոքր չէր, այլ մարմին առած Աստուած էր»։ Ո՛չ թէ մեղաւորներու մեղքը այնչափ էր, որչափ Անոր արդարութիւնը՝ որ մեզ արդարացուց եւ եկաւ Իր Հոգին դնելու մեզի համար եւ երբ կամեցաւ դարձեալ վերցուց այնտեղէն, այլ Տիրոջ թաղման մասին մարգարէները նախապէս գուշակեցին, նախ այն՝ որ կ՚ըսէ. «Եւ Աստուած իր բոլոր գործերը եօթներորդ օրը լմնցուց եւ եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն». (ԾՆՆԴ. Բ 2)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պէտք է ընդունիլ, որ հարցազրոյցի միւս խօսակիցը՝ Ալիս Մատլէնեան շատ աւելի հաւասարակշռուած ու իրատեսութեամբ հանդէս կու գայ. անոր խօսքերը հեռու են կաղապարուած գաղափարախօսականներէն. Լոս Անճելըս բնակող հայուհին իր հարցազրոյցին մէջ խօսելով իր գաղութին մասին կ՚ըսէ.-
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ինչքան կեանքը յառաջընթաց եւ զարգացում կ՚արձանագրէ, ինչքան մարդ կը հարստանայ եւ գիտութեան նոր մակարդակներ կը նուաճէ, ինչքան կեանքը դիւրացնելու համար մարդ իրենց համար յարմարութիւն կը ստեղծէ ու կը հնարէ, այդքան մարդը ինքզինք աւելի անօթի եւ անպաշտպան կը զգայ:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Թուրքիոյ կազմակերպած Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով դարձեալ պնդեց երկու նախապայմաններու վրայ՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման համար։
Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներու, նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու խորհրդակցական նիստ:
Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց հարեւան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու բարելաւման վերջին նորութիւնները:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հիմնադրութեան 35-ամեակին առթիւ յոբելենական նիստ:
Սերժ Սարգսեան այս փուլին կ՚առանձնացնէ երեք հարց՝ բացառապէս հայկական ազգային շահերու գերակայութեամբ:
Անգարա տարածաշրջանի միւս դերակատարներուն հետ կը համակարգէ իր նպատակներու իրականացումը:
Ֆիտան. «Սուրիոյ մէջ որեւէ դաշնակցութեան ստեղծումը խնդրոյ առարկայ չէ, ԵՓԿ պիտի մասնակցի երկրի բանակին»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ պէտք չէ շարունակուի Ղարաբաղի շարժումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Ղարաբաղի շարժումը երկրին մէջ պիտի չշարունակուի։
Պատրաստեց եւ արեւմտահայերէնի վերածնեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք, նախ՝ թերթիս սիւնակագիրներէն՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեանի Աւագ հինգշաբթի օրուան մասին կատարած նկարագրութիւնը, ապա՝ երանելի Յովհաննէս Պլուզ Վարդապետին սիրոյ մասին գրած խրատը, որ իւրաքանչիւր տարի, Աւագ հինգշաբթի օրը, Ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ խորաններէն կ՚ընթերցուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ադամը՝ առաջին, իսկ երկրորդ Ադամը՝ Յիսուս։ Գրիգոր Տաթեւացի (1346-1409 թթ.), առաջին եւ երկրորդ Ադամի համեմատութիւնը կը ներկայացնէ հետեւեալ տողերով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Դէպի երկիր» երթալու սուտին մասին խօսելէ ետք կը շարունակենք հարցազրոյցը լսել. Տիկ. Սեդա Խալիկեան կը շարունակէ. «Ամէն տեղ չէ, որ մենք հայ դպրոց ունինք: Հայ ծնողը անօթի կը մնայ, բայց կը ձգտի, որքան ալ միջոցներ պէտք ըլլան, իր զաւակը հայ դպրոց ղրկել, որուն բոլոր ծախքն ու պետական տուրքը մենք կը վճարենք»:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքը վերջին օրերուն մեծ խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Համայնքային 12 վարժարան մասնակցեցաւ այս ծրագրին։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Ս. Զատկի տօնի ընդառաջ կազմակերպուած հանդէսը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց՝ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։
Երեւան եւ Փարիզ միշտ անմիջական կապի մէջ՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը Ազգային ժողովի ամպիոնէն. «Ատրպէյճանի՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններու յաղթահարման լաւագոյն միջոցն է խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը»:
Աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի յառաջիկայ մայիսի 2-ին համերգով մը հանդէս պիտի գայ քաղաքիս մէջ։ Պոլիսէն հասած եւ անկրկնելի բարձունքներ նուաճած մեծանուն վարպետը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր ելոյթ չէ ունեցած իր ծննդավայրին մէջ՝ մանաւանդ, որ ընթացքին նշած է նաեւ իր ծննդեան 80-ամեայ յոբելեանը։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Տասն կուսանաց յիշատակութեան արարողութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Աւագ շաբթուան հոգեպարար արարողութիւններէն Տասն կուսանաց յիշատակութիւնը երէկ մեր եկեղեցիներուն մէջ համախմբեց հոծ թիւով հաւատացեալներ։
