ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Ս. Զատկի տօնի ընդառաջ կազմակերպուած հանդէսը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց՝ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։ Ներկաներու շարքին էին Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչներն ու բազմաթիւ ծնողներ։ Փոքրիկները յայտագիրը գործադրեցին՝ դասարանի ուսուցչուհիներու հսկողութեան ներքեւ, արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուած ընդունելութեան ընթացքին ալ շարունակուեցաւ ստեղծուած ոգեւորութիւնը՝ մինչ բոլորը գնահատանքով շրջապատեցին փոքրիկները։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 17, 2025