ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ
Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ իր կողմէ գլխաւորուած Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) կը շարունակէ պայքարիլ իշխանափոխութեան հասնելու համար։
ՀՀԿ-ի հիմնադրութեան 35-ամեակին առթիւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած յոբելենական նիստին ժամանակ ան ունեցաւ ծաւալուն ելոյթ մը։ Այս փուլին Սերժ Սարգսեան պատասխանեց ընդդիմադիր շրջանակներէ հնչած, իր կուսակցութեան հասցէագրուած քննադատութիւններուն, ըստ որոնց՝ նախկին նախագահն ու ՀՀԿ-ն պատճառ դարձած են, որպէսզի այժմու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գայ իշխանութեան գլուխ։ Այս քննադատութիւններուն եւ զրպարտութիւններուն ի պատասխան, Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Ձեր համբուրած էշը մեր դուռը մի՛ կապէք»։
ՀՀԿ-ի յոբելենական նիստին Սերժ Սարգսեան պարզեց իր միտքերը, թէ ի՞նչ պէտք է ընել իշխանափոխութենէն վերջ։ Ան համոզուած է, թէ երկրէն ներս համերաշխութեան մթնոլորտ պէտք է ստեղծուի՝ որպէս ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնէ կարեւորագոյն խնդիր։ Երկրորդ՝ բանակի մարտունակութեան վերականգնումը պէտք է ապահովել 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն համապատասխան։ Երրորդ՝ մասնագիտական բարձր որակով դիւանագիտական անձնակազմ մը պէտք է ձեւաւորուի եւ երկրի դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ յարաբերութիւնները պէտք է վերականգնուին՝ գործընկերներու եւ դաշնակիցներու տարբերակումով։
«Երեւանի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ ո՛չ թէ ցանկութիւններու, այլ իրականութեան եւ շահերու յստակ գիտակցման ու գնահատման վրայ», համոզուած է Սերժ Սարգսեան։ Արդարեւ, աշխարհաքաղաքական իրողութիւններու պայմաններուն ներքեւ, արտաքին քաղաքականութեան նոր հայեցակարգը պէտք է ամբողջովին պաշտպանէ ազգային շահերն ու արժէքները՝ սահմանելով յստակ առաջնահերթութիւններ եւ նպատակներ։
Ի լրումն այս բոլորին, նախկին նախագահը դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է Արցախի հիմնախնդրի միջազգայնացման նոր ռազմավարութիւն մը, որ պէտք է ունենայ իրաւական, քաղաքական ու մարդասիրական բաղադիչներ՝ ներառելով նաեւ Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հայրենիք վերադարձի միջազգային օրակարգը։
«Հայաստանի քաղաքական դերակատարներու զգալի մասը՝ ներառեալ ոչ-իշխանական թեւին մէջ, աշխուժօրէն լծուած են տարաբնոյթ արտաքին օրակարգեր սպասարկելու գործին։ Ոմանք կ՚ըսեն, որ Հայաստան պէտք է անդամակցի BRICS-ին, ուրիշներ կ՚ըսեն, որ պէտք է անդամակցիլ Եւրոմիութեան։ Ես կը կարծեմ, թէ մինչ նման հարցերու քննարկումը եւ որոշում առնելը՝ մենք աւելի կարեւոր խնդիր ունինք լուծելու։ ՀՀԿ ծնած է Հայաստանի անկախութեան պայքարէն, կայացած ու զարգացած է Հայաստանի անկախութեան ամրապնդման զուգահեռ, իր հիմնադրման պահէն ի վեր ինքնիշխան եւ ազատ ինքնիշխանութեան ջատագովն է։ Միայն Հայաստանը դարձեալ հայամէտ ու հայաստանակեդրոն հուն վերադարձնելէ յետոյ, հաւատացէք, մնացեալ խնդիրները շատ աւելի բնական կերպով պիտի հանգուցալուծուին՝ որպէս գերակայութիւն ունենալով բացառապէս հայ ժողովուրդի ազգային շահերը», յայտնեց Սերժ Սարգսեան: