ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՕՐԻՆԱԿՈՎ՝ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԽՈՐԱՆԻՆ ՎՐԱՅ…

Տէր Յիսուս Քրիստոսի խոնարհութեան ու հեզութեան անանց ու անժամանցելի պատգամը երէկ հերթական դրսեւորումը ունեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի սրբազան կամարներուն ներքեւ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիսապետեց Ոտնլուայի կարգի։ Ան խորանին վրայ օրհնեց ջուրն ու անուշահոտ իւղը։ Ապա, շարականներու երգեցողութեամբ, Աստուածորդիի օրինակով Վեհափառ Հայրապետը լուաց եւ իւղով օծեց միաբաններու, ճեմարանի սաներու, ուսանողներու եւ աշակերտներու ոտքերը։ Նորին Սրբութեան Արձակման աղօթքէն վերջ, օրհնուած իւղը բաժնուեցաւ հաւատացեալներուն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 18, 2025