ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը չորս տարուայ վերափոխումէ մը վերջ արդէն նոր հայեցակարգով մը բացած է իր դռները այցելուներու առջեւ։ Քաղաքական օրակարգի ամբողջ ծանրաբեռնուածութիւնով հանդերձ, Երեւանէն հասած լուրերու շարքին կ՚առանձնանայ այս իրադարձութիւնը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ազգային պատկերասրահի նոր մթնոլորտը աւելի արդիական է եւ այցելուները հնարաւորութիւն կ՚ունենան ականատես դառնալու ժամանակակից լուծումներու։ Գեղանկարչութեան, կրաֆիքի, քանդակի, յարդարակիրառական արուեստի նմոյշները ութ յարկի վրայ կը ներկայացուին՝ չորս տարի տեւած վերափոխումէն վերջ։ Ցուցադրասրահներն ալ վերաձեւաւորուած են զուգահեռաբար։
«Պատահական չէ, որ վերաբացումը այսօր իսկ կազմակերպուած է, որովհետեւ ապրիլի 15-ին ծնած է Արշիլ Կորքին եւ կը նշուի Արուեստի համաշխարհային օրը», երէկուան հանդիսութեան ընթացքին ըսաւ պատկերասրահի տնօրէնուհի Մարինա Յակոբեան՝ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին։
Երեւանի մէջ այս ոլորտը վերջին շրջանին արձանագրած է լուրջ վերելք՝ մանաւանդ, որ Բրիտանական թանգարանէն տարուած Անահիտ չաստուածուհիի կիսանդրին քանի մը ամսուան ընթացքին տեսած է աւելի քան 50 հազար հոգի եւ անոր ցուցադրութիւնը երկարաձգուած է՝ վառ հետաքրքրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Կիսանդրին ներկայացուած է Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ, որ կը գործէ Ազգային պատկերասրահին հետ հարեւանութեամբ։