ՆՈՐՈՎԻ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմէն ներս նոր առաջնորդի պաշտօնի ձեռնարկելը կը բնորոշէ նոր սկիզբի մը փուլը, որ հիմնական ակնկալութիւնները կ՚ուղղուին դէպի ամուր միասնականութիւն, համերաշխութիւն ու կենսունակութիւն՝ մանաւանդ երիտասարդութեան գծով։
Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան թարմ եռանդով ու վճռականութեամբ ձեռնամուխ կ՚ըլլայ ազգային-եկեղեցական կեանքի վարչա-կազմակերպչական մարտահրաւէրներու յաղթահարման։
Զուիցերահայ համայնքային շրջանակները կ՚ողջունեն Վեհ. Հայրապետին նշանակումը, որով կ՚ուրուագծուին նոր հեռանկարներ եւ հնարաւորութիւններու դուռ մը կը բացուի՝ ներդաշնակ ոգիով համակարգուած աշխատանք ծաւալելու ուղղութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը, նաեւ թեմական խորհուրդի ատենապետն ու ատենադպիրը Ժընեւի մէջ յատուկ յայտարարութիւններ ըրին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ սահմանելով ներկայ սպասումները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ