ՄԵԾ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի յառաջիկայ մայիսի 2-ին համերգով մը հանդէս պիտի գայ քաղաքիս մէջ։ Պոլիսէն հասած եւ անկրկնելի բարձունքներ նուաճած մեծանուն վարպետը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր ելոյթ չէ ունեցած իր ծննդավայրին մէջ՝ մանաւանդ, որ ընթացքին նշած է նաեւ իր ծննդեան 80-ամեայ յոբելեանը։ Հաշուի առնելով քաղաքիս երաժշտասէրներուն իրեն նկատմամբ կարօտը՝ արդէն պահը հասունցած է մեծանուն արուեստագէտի հետ այնքան սպասուած՝ նոր շփումի մը համար։

Ուստի, յառաջիկայ մայիսի 2-ին, ուրբաթ երեկոյեան, Շահան Արծրունիի համերգը տեղի պիտի ունենայ Իսթանպուլի մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հովանաւորութեամբ կեանքի պիտի կոչուի այս ծրագիրը, որու հիւրընկալն է Տոթրը Տամ տը Սիոն ֆրանսական լիսէն։ Արդարեւ, այս կրթական հաստատութիւնը ունի մշակութային ու գեղարուեստական գործունէութիւններու խոր աւանդութիւններ, որոնց ծիրէն ներս յարմար դատած է իր պատմական սրահը տրամադրել այս համերգին համար։ Շահան Արծրունիի փափաքին ընդառաջ՝ համերգի կազմակերպչական աշխատանքները կը համակարգէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը տեղին կարգադրութիւնով մը ապահոված է, որ այս երեկոյթը առիթ դառնայ Գէորգ եւ Սիրվարդ Գարամանուկ բարեյիշատակ ամոլի ոգեկոչման՝ հաշուի առնելով հանգուցեալներու կողմէ համայնքային կեանքին բերուած երախտաշատ նպաստը եւ յայտնի դաշնակահարին հետ ընտանեկան կապը։

Իսթանպուլի մօտալուտ համերգին Շահան Արծրունի հանդէս պիտի գայ՝ հայ կին յօրինողներու ստեղծագործութիւններէն բաղկացեալ իր յայտնի յայտագրով, որուն մաս կը կազմեն Գոհարիկ Ղազարոսեանի, Սիրվարդ Գարամանուկի, Գայանէ Չեպոթարեանի, Ալիսիա Թերզեանի, Մարի Գույումճեանի, Լիւսի Հազարապետեանի, Տիան Կիւլխասեան-Ռապիի, Սիրվարդ Գազանճեանի եւ Գեղուհի Չիթճեանի գործերը։

Ուրեմն, 2 մայիս 2025, ուրբաթը արդէն դարձած է քաղաքիս երաժշտասէրներու Շահան Արծրունիի հետ մեծ ժամադրութեան օրը, երբ ժամը 19.00-ին ան հանդէս պիտի գայ Հարպիյէի Նոթրը Տամ տը Սիոն լիսէի դահլիճի բեմին վրայ։ Երեկոյթը նախատեսուած է ազատ մուտքով։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2025