Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Արդեօք մարդոց բնաւորութիւնը կրնա՞յ փոխուիլ նոր փորձառութիւններէն կամ ստացած նոր տեղեկութիւններէն յետոյ։ Արդեօք մարդ կրնա՞յ իր սիրելիի մը վարքագիծը փոխել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որքան որ չորս Աւետարանի սկիզբներէն մինչեւ վերջին գլխոյն մէջ, գրեթէ ամէն տեղ Յիսուսի արտասանած գոնէ մէկ համառօտ խօսքին յիշատակութեանը կը հանդիպինք, սակայն Փրկչին ամենէն երկար եւ անընդհատ մէկ բանախօսութիւնը ամբողջապէս գրուած կը գտնեն Մատթէոսի Աւետարանի Ե. գլուխէն սկսեալ մինչեւ Է. գլխոյն վերջը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր ծննդեան օրն է այն մեծ հայուն, որ 111 տարիներ առաջ իր խմբագրած գիրքերէն մէկուն խմբագրականին մէջ կը գրէր. «Աշխարհի վրայ ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ աւելի կը սիրեմ ազգս». անձ՝ որ բառին բուն եւ ամբողջական իմաստով պատրաստ էր նոխազ դառնալ՝ ի սէր հայ ազգին, հայ ժողովուրդին եւ մա՛նաւանդ հայ երիտասարդութեան:
Մոսկուայէն բողոքի վրայ բողոք կը հնչէ Երեւանի եւ Արեւմուտքի միջեւ տակաւ խորացող յարաբերութիւններուն դէմ:
Ըստ Ռուսաստանի բանբերներուն՝ Հայաստան այժմ կը գտնուի խաչմերուկի մը վրայ. անոնք մտահոգ են նաեւ ռազմակայանի ապագային համար:
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի համալիրէն ներս կը շարունակուի Հայագիտական միջազգային քոնկրէսը, որ կը համախմբէ հայ եւ օտար բազմաթիւ մասնագէտներ։ Երէկ ամբողջ օրը գիտական նիստերը շարունակուեցան, իսկ երեկոյեան այս քոնկրէսի մասնակիցները Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ ընթրիքի սեղանի շուրջ հիւրընկալուեցան՝ «Մերկերեան քարփըթ» գորգի գործարանի համալիրի ճաշարանէն ներս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ե. դարու թարգմանական գործունէութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ Զ. դարուն։ Այս ժամանակներուն թարգմանուեցան Գրիգոր Նազիանզացիի, Գրիգոր Նիւսացիի, Գրիգոր Սքանչելագործի, Աթանասի, Փիլոնի, Նոնոսի, Փիլոքսէնի, Տիմոթէոսի եւ ուրիշներու գործերը՝ որոնք առհասարակ, մանաւանդ Փիլոնը, հայ մատենագիրներու վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գրող մարդու հոգեկան ապրումներն ու յոյզերը հասկնալը շատ անգամ դիւրին չէ, մանաւանդ եթէ գրողը ունի փոթորկոտ յուզումներ ու ալեկոծումներ. անոնք իրենց գրութիւններու ճամբով կը փորձեն վերլուծել իրենց ներքին աշխարհը եւ մենք մեր կարգին իրենց գրածներով կը փորձենք հասկնալ այդ յոյզերը:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք ներկայացնել Մերուժան Պարսամեան հրապարակախօսը, նկատի ունենալով անոր ինքուրոյն ոճը եւ հարցերն ու առօրեայ խնդիրները քննելու եւ ճիշդ կերպով վերլուծելու իւրայատկութիւնը: Պարսամեան «Շանթ»ի թիւերու վերջին էջերուն վրայ Շանթարգել ծածկանունին տակ խօսած ու նկարագրած է տարբեր հայորդիներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջազգային հարթակներու վրայ բաւական մեծ նահանջ ապրեցաւ ու դեռ ալ կ՚ապրի Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան այս փուլը, որ խոր-քին մէջ երկար շղթայի մը շարունակական օղակն է։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը բժշկական օգնութիւն կը փութացնէ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն:
Աշխարհատարած բարենպատակ կազմակերպութիւնը միշտ քայլեր կ՚առնէ՝ բռնի հայրենազրկեալներու առկայ հրատապ կարիքներուն դիմաց:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, որ վերստին թեկնածու եղած է այդ պաշտօնին համար ու նախընտրական քարոզարշաւին ժամանակ վերջերս ենթարկուեցաւ զինեալ յարձակման։
Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթաժողովը առիթ դարձաւ միջազգային հրատապ օրակարգի խնդիրներու արժեւորման:
Երեւանէն եւ Պաքուէն իրերամերժ պնդումներ՝ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման վիժեցման շուրջ:
Հայաստան-Ֆրանսա ռազմական համագործակցութեան անդրադառնալով՝ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտնեց, որ դաշնակիցներու զիրար զինելը բնականոն է՝ ինքնապաշտպանութեան նպատակով:
Պատրիարքական Աթոռը երէկ հիւրընկալեց միջեկեղեցական հիւրեր։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ղպտի Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական հոգեւորականներ, որոնք այցելեցին Գումգաբու։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Նիւթականը կրնայ որպէս վստահելի ճանապարհ թուիլ հեղինակութիւն եւ երջանկութիւն ձեռք բերելու համար։ Ի վերջոյ, լուրջ գումարներ վաստակած մարդոց մեծամասնութիւնը կը ներկայանայ յաջողութեան օրինակ մը՝ ապրելով կատարեալ թուացող կեանք մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զարմանահրաշ գիւտերու եւ ճարտարարուեստագիտական եւ հնարագիտութեան ներկայ դարուն՝ ոեւէ խոհուն մարդ, որ ներքնահայեաց կ՚ըլլայ եւ կ՚իջնէ, կը թափանցէ իր հոգւոյն խորքը, հաստատապէս կը համոզուի, թէ ո՛չ սաւառնակը, ո՛չ համացանցը, ո՛չ հեռուստացոյցը եւ ոչ ալ որեւէ մեքենական հնարք՝ որքան ալ հրաշակերտ թուին, կրնան գոհացում տալ մարդուս հոգեկան տենչանքներուն, խորին պահանջներուն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ վհատած, անյոյս մօտեցում մը կ՚ունենանք հայ լեզուի ներկայ վիճակին եւ մանաւանդ անոր ապագային, լաւապէս գիտակցելով որ ժամանակը աւելիով պիտի բորբոքէ նահանջի երթը՝ որուն ակամայ ականատեսներէն ենք բոլորս. սակայն պահ մը թշուառ այդ վիճակէն դուրս կու գանք, տեսնելով երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ, որոնք որպէս մէյ մէկ փարոս, կու գան լուսաւորելու խաւարը, միւս հասութաբեր բոլոր ճիւղերը մէկդի դրած իրենց անձերը հայագիտութեան նուիրելով. թէեւ թիւով քիչ են անոնք, սակայն յոյսի փարոս մըն են. առաքեալներ՝ որոնք կու գան յանձն առնել հայոց լեզուի պահպանումը՝ հակառակ ժամանակի ամէն տեսակ դժուարութիւններուն:
Մատենադարանի երդիքին տակ Հայագիտութեան միջազգային քոնկրէս: Երեւանի մէջ է նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ընտանիք…:
Կառոյց մը, որ այսօր կորսնցուցած է իր վաղեմի իմաստը, ծանրութիւնը: Աւելին, կորսնցուցած է իր նուիրականութիւնը, սրբութիւնը:
Երեւան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու նոր՝ ռազմավարական գործընկերութեան թեւակոխման համար հերթական ապացոյց. Ուզրա Զէյա համոզուած է, թէ ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը խոչընդոտ մը չէ, իսկ Ռուսաստանի ներկայութիւնը չի նպաստեր տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս պիտի սկսի աշխատիլ ԱՄՆ-ի բանակի ներկայացուցիչ մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ՝ կորսուած որեւէ բան աւելի մեծ արժէք կը ստանայ մարդուս համար, քան այն ինչ որ արդէն կայ եւ ներկայ է։ Եւ ահաւասիկ, Յիսուսի «Կորսուած ոչխարին առակը» այս ճշմարտութիւնը անգամ մը եւս մեր ուշադրութեան կը յանձնէ։