ՅԻՍՈՒՍ Է ԿԵՆԴԱՆԻ ՀԱՑԸ
Ինչքան կեանքը յառաջընթաց եւ զարգացում կ՚արձանագրէ, ինչքան մարդ կը հարստանայ եւ գիտութեան նոր մակարդակներ կը նուաճէ, ինչքան կեանքը դիւրացնելու համար մարդ իրենց համար յարմարութիւն կը ստեղծէ ու կը հնարէ, այդքան մարդը ինքզինք աւելի անօթի եւ անպաշտպան կը զգայ:
Եթէ փորձենք բացատրութիւն մը գտնել, ապա պատասխանը մէ՛կն է. մարդուն հեռացումը զինք սնուցող Ակէն՝ Աստուծմէ: Աստուծոյ Որդին պատմութեան ընթացքին որոշ հանգրուանի մը աշխարհ եկաւ, որպէսզի Աստուծմէ հեռացած մարդկութիւնը դարձեալ Աստուծոյ մօտեցնէ: Մարդը, սակայն, չգնահատելով ու չգիտակցելով Աստուածրոդիին կատարած զոհաբերումին, անտարբեր կը գնտուի այդ բոլորին դիմաց եւ իր արարքներուն պատճառով ինքզինք կը զրկէ Աստուծոյ հոգատարութենէն:
Գաղտնիք չէ, որ ներկայիս սովը՝ ֆիզիքական մեծ թիւով մարդոց վրայ իր ձեռքերը տարածած է: Միւս կողմէ, առաւել եւս գաղտնիք չէ, որ ներկայ մարդկութիւնը հոգեւոր խոր ճգնաժամի եւ սովի մէջ է, կտրուած ըլլալով իր ակունքէն՝ ինչպէս վերը յիշեցի: Այսօր մեզմէ քանի՞ հոգի օրուան սկիզբը, կամ ընդհանրապէս օրուան որեւէ մէկ ակնթարթի կ՚աղօթէ: Մեզմէ քանի՞ հոգի ամէն օր գոնէ մէ՛կ անգամ Հայր մերը կ՚ըսէ. թերեւս շատ քիչեր միայն: Եթէ կ՚աղօթենք, ապա մեզմէ շատերս առանց հասկնալու կ՚աղօթենք, որովհետեւ եթէ հասկնալով աղօթէինք, ապա հոգեւոր սովի չէինք մատնուեր, որովհետեւ Հայր մեր աղօթքին մէջ, Տէր Յիսուս սորվեցուց մեզի մեր ամէնօրեայ հացը խնդրել:
Շատեր ամէնօրեայ հացը նիւթական առումով կ՚ըմբռնեն, ինչ սխալ չէ, բայց աւելի՝ ամէնօրեայ հացը խնդրելով, մեր Տէրը կը սորվեցնէ մեզի որ զԻնք խնդրենք, որ Միակն է, ով կրնայ մեզ կշտացնել, զօրութիւն կու տայ մեզի մեր դժուարութիւններուն յաղթահերու, փորձութիւններուն դիմադրելու եւ անմահանալու, ինչպէս կը գրէ Սուրբ Եղիշտ Վարդապետը. «“Ես եմ կենդանի հացը, որ երկինքէն իջած է. ով որ այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի” (Յհ 6.51)։ Աղօթքին մէջ կը սորվեցնէ այս հացը միշտ խնդրել Աստուծմէ։ Եթէ ուշադիր ըլլաս, ով որ այս հացը սրբութեամբ կ՚ուտէ եւ ինքզինք արժանի կերպով կը պատրաստէ ատոր համար, այդպիսին պարտք չ՚ունենար երկրաւոր արքայութեան. անմահ հացը կը դրուի մահկանացու ձեռքի մէջ, ձեռքը անմիաջապէս կ՚անմահանայ, եւ զայն ուտելով՝ մարդը ամբողջութեամբ՝ շունչով, մարմինով ու հոգիով կը հոգիանայ եւ Քրիստոսին բաժնեկից կը դառնայ. պարզապէս սկիզբի զօրութիւնը մինչեւ վերջ անարատ պահէ։ Երկրաւոր չարչարանք չկայ, որ կարենայ յաղթէ անոր, անոր առջեւ արհամարհելի է արծաթը եւ ոսկին անոր աչքին ատելի է, աշխարհի մեծութիւնը ցաւ կը համարէ, որովհետեւ անոր խորհուրդները սրբուած են երկնաւոր ազատութեան մէջ՝ ամբողջութեամբ լեցուելով անմահ հացով»։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ