Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ՝ ՏԻՐՈՋ ԹԱՂՄԱՆ ՄԱՍԻՆ
Սուրբ վարդապետները կ՚ըսեն. «Քրիստոս եկաւ եւ Խաչի վրայ մեր մեղքերը վերցուց՝ որպէսզի մենք Անոր արդարութեամբ ապրինք. Ան որ կը մեռնէր, փոքր չէր, այլ մարմին առած Աստուած էր»։ Ո՛չ թէ մեղաւորներու մեղքը այնչափ էր, որչափ Անոր արդարութիւնը՝ որ մեզ արդարացուց եւ եկաւ Իր Հոգին դնելու մեզի համար եւ երբ կամեցաւ դարձեալ վերցուց այնտեղէն, այլ Տիրոջ թաղման մասին մարգարէները նախապէս գուշակեցին, նախ այն՝ որ կ՚ըսէ. «Եւ Աստուած իր բոլոր գործերը եօթներորդ օրը լմնցուց եւ եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն». (ԾՆՆԴ. Բ 2)։ Այն է՝ որ ուրբաթի չարչարանքէն յետոյ շաբաթամուտին հանգստացաւ գերեզմանի մէջ։
Նաեւ Յակոբի մարգարէութիւնը կ՚ըսէ ի դէմս Քրիստոսի. «Յուդա առիւծի ձագ է. Որդեա՛կ իմ, կողոպուտէն ելար։ Առիւծի պէս ծունկ կրկնեց, մատակ առիւծի պէս պառկեցաւ. զանիկա ո՞վ պիտի արթնցնէ». (ԾՆՆԴ. ԽԹ 9)։
Թուոց Գիրքին մէջ Մովսէս կ՚ըսէ. «Առիւծի պէս երկարեցաւ եւ պառկեցաւ, մատակ առիւծի պէս. զանիկա ո՞վ պիտի արթնցնէ։ Քեզ օրհնողները օրհնեալ ըլլան եւ քեզ անիծողները՝ անիծեա՛լ». (ԹՈՒՈՑ ԻԴ 9)։
Դարձեալ Եսայի կ՚ըսէ. «Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք։ Ամէնքս ոչխարներու պէս մոլորեցանք։ Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ։ Տէրը մեր բոլորին անօրէնութիւնը անոր վրայ դրաւ։ Անիկա անիրաւութիւն կրեց եւ չարչարուեցաւ, բայց իր բերանը չբացաւ։ Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս, իր խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս՝ այնպէս իր բերանը չբացաւ։ Նեղութեամբ եւ դատապարտութեամբ վերցուեցաւ եւ անոր ազգատոհմը ո՞վ պիտի յայտնէ, քանի որ անիկա կենդանիներու երկրէն կտրուեցաւ, անիկա իմ ժողովուրդիս յանցանքին համար զարնուեցաւ։ Անոր գերեզմանը ամբարիշտներու հետ դրուեցաւ, բայց երբ մեռաւ հարուստին հետ եղաւ։ Թէեւ անիկա անօրէնութիւն մը չգործեց եւ անոր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ». (ԵՍ. ԾԳ 5-9)
Մարգարէն դարձեալ կ՚ըսէ. «Իմ կեանքս գուբի մէջ ձգեցին, վրաս քար նետեցին». (ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ Գ 53)։
Եւ Դաւիթ կ՚ըսէ. «Մեռելներու պէս ինկած եմ. գերեզմանի մէջ պառկող սպաննուածներու պէս, որոնք ա՛լ չես յիշեր եւ քու ձեռքէդ մերժուած են։ Դուն զիս ամենէն խորունկ գուբին մէջ դրիր, խաւար եւ խոր անդունդներու մէջ». (ՍԱՂՄ. ՁԸ 5-6), այսինքն՝ միայնակ յաղթեց թշնամիին, եւ «մեռելներէն ազատ», այսինքն՝ ապականութիւններէն եւ մեռելներու տանջանքներէն զերծ մնաց։
Ինչպէս եւ դարձեալ կ՚ըսէ. «Որովհետեւ իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս եւ քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս». (ՍԱՂՄ. ԺԶ 10), եւ դարձեալ կ՚ըսէ. «Դուն զիս ամենէն խորունկ գուբին մէջ դրիր…». (ՍԱՂՄ. ՁԸ 6)։
Թէ ինչո՞ւ թաղուեցաւ Քրիստոս։
Նախ՝ որովհետեւ Ադամին ըսաւ. «Քանզի հող էիր եւ հող դառնաս». (ԾՆՆԴ. Գ 19)։ Ինք հող մտաւ, որպէսզի վերցնէ դատապարտութիւնը, ինչպէս փուշով փուշը հանեց եւ քրտինքով քրտինքը, այնպէս ալ՝ թաղմամբ՝ մահուան հողը։
Երկրորդ՝ Ադամի գործով անիծուեցաւ երկիրը եւ անոր բոլոր տարրերը, այդ պատճառով, երբ Քրիստոս իջաւ ջուրի մէջ, մաքրեց զայն եւ երբ գերեզման դրուեցաւ, օրհնեց հողը, յարութենէն յետոյ քառասուն օր մաքրեց օդը, եւ երբ Սուրբ Հոգին իջաւ հրեղէն լեզուներով, սրբեց հուրը։ Այս պատճառով հողը օրհնուած է, ուր եւ՝ հաւարապէս օրհնուած գերեզմանի մէջ կը թաղուին հաւատացեալները ի Քրիստոս։
Երրորդ՝ մարմնով դրուեցաւ գերեզմանի մէջ, որպէսզի մեր մարմնի պակասութիւնը բժշկէ, եւ հոգիով դժոխք իջաւ, որպէսզի մեր հոգիները տանջանքէն ազատէ։
Չորրորդ՝ գերեզմանէն եւ դժոխքէն յարութիւն առաւ, որպէսզի մեզ յարութիւն պարգեւէ, ըստ որուն. «Գերեզմանները բացուեցան եւ շատ մը սուրբ ննջեցեալներու մարմիններ յարութիւն առին». (ՄԱՏԹ. ԻԷ 52)։
Եւ անոնք վկայեցին Քրիստոսի յարութեան մասին, թէ դժոխքը աւերեց, հոգիները երկինք հանեց եւ սատանան կապեց, քանզի Քրիստոսի Խաչէն յետոյ սատանան այլեւս կարող չէ՛ մարդոց հոգիները բռնութեամբ դժոխք տանիլ։ Արդ՝ այս բոլոր եւ առաւել քան այս բոլոր օգուտը Քրիստոսի թաղումէն եղաւ։ Այս պատճառով պատշաճ չէ ըսել. «Քրիստոսի թաղում եւ գերեզման», այլ՝ Սուրբ Յարութիւն եւ անմահ կենդանութիւն՝ որ մեզ սուրբ գերեզմանէն ընծայուեցաւ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 17, 2025, Իսթանպուլ