ԱԿՆԱՐԿ - 113 - ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ ԵՒ ԽՐԱՏ ՍԻՐՈՅ ՄԱՍԻՆ

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք, նախ՝ թերթիս սիւնակագիրներէն՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեանի Աւագ հինգշաբթի օրուան մասին կատարած նկարագրութիւնը, ապա՝ երանելի Յովհաննէս Պլուզ Վարդապետին սիրոյ մասին գրած խրատը, որ իւրաքանչիւր տարի, Աւագ հինգշաբթի օրը, Ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ խորաններէն կ՚ընթերցուի։

Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեան կը գրէ.

* Աւագ հինգշաբթի օրը պատկերն է արարչագործութեան հինգերորդ օրուան, երբ Արարիչը ստեղծեց ձուկերը եւ թռչունները։ Այս օրը ունի նաեւ հինգերորդ ժամանակաշրջանի խորհուրդը, երբ Իսրայէլի զաւակները կերան զատկական գառը, մկրտուեցան ամպի եւ ծովի մէջ, անապատի մէջ կերան երկինքէն իջած մանանան եւ ըմպեցին վիմաբուխ աղբիւրներէն. (Ելք 12, 14, 16, 17.1-16)։

Աւագ հինգշաբթի օրը Տէրը կու գայ Վերնատուն՝ որ «Եկեղեցի»ի օրինակն է, այնտեղ կ՚ուտէ զատկական գառը, կը լուայ Իր աշակերտներուն ոտքերը, որը կը յիշատակուի եկեղեցւոյ մէջ, այս օր կատարուող Ոտնլուայի արարողութեամբ, որմէ վերջ, հաւատացեալներուն կը բաշխուի օրհնուած իւղ եւ այդ իւղը կը գործածուի հիւանդութիւններու պարագային, հիւանդներու բժշկութեանը համար։ Յիսուս, աւելի վերջ, Վերնատան մէջ Իր աշակերտները կը հաղորդէ Իր Մարմինին եւ Արեան՝ այսպիսով հաստատելով Ս. Պատարագի խորհուրդը։ Իսկ գիշերը կ՚ելլէ Ձիթենեաց լեռ, Իր աստուածային գլուխը գետին խոնարհելով՝ կ՚աղօթէ Հօրը եւ ապա կը ձերբակալուի (Մտ 26.17-46)։ Տէրը, նախ լուաց աշակերտներուն ոտքերը, ապա տուաւ Իր Մարմինը եւ Արիւնը՝ կամենալով նախ սրբել անոնց ադամական մեղքը եւ յետո՛յ տալ սուրբ Խորհուրդը, ի՛նչ որ բանական յաջորդականութիւն մըն է։

Աւագ հինգշաբթի օրը, երբ Տէրը Վերնատան մէջ նստաւ Իր աշակերտներուն հետ, ասիկա կը խորհրդանշէ Քրիստոսի՝ Իր փառքի աթոռը նստիլը Իր տասներկու աշակերտներուն հետ՝ տասներկու ցեղերու հետ։

Աւագ հինգշաբթի երեկոյեան, եկեղեցիներու մէջ կը կատարուի նաեւ «Խաւարման արարողութիւն», որ արդէն կը վերաբերի Աւագ ուրբաթի խորհուրդին՝ Տիրոջ ձերբակալութեանը, չարչարանքներուն, խաչելութեան եւ մահուան։ Եւ «Խաւարում» կը կոչուի այն պատճառով, որ Յիսուսի խաչելութեան ժամանակ արեւը կէսօրուան մէջ խաւարեցաւ մինչեւ ժամը երեքը, երբ Յիսուս հոգին աւանդեց (Մտ. 27.45-50)։

Յովհաննէս Պլուզ Վարդապետը կը գրէ.

* «Աստուած սէր է», կ՚ըսէ Որոտման որդին՝ Քրիստոսի սիրելի աշակերտը՝ Յովհաննէս. «Ով որ սիրոյ մէջ կ՚ապրի, Աստուծոյ մէջ կը բնակի, եւ Աստուած ալ՝ իր մէջ»:

Եղբայրնե՛ր, լսեցէք եւ միտք պահեցէք սիրոյ ճառը: Որովհետեւ, ով որ զԱստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ կը սիրէ, քանի որ Աստուծոյ սէրը՝ եղբայրը սիրելով կ՚երեւի: Արդարեւ, եթէ եղբայրդ, որ կը տեսնես՝ չես սիրեր, զԱստուած՝ որ չես տեսներ, ինչպէ՞ս պիտի կրնաս սիրել: Ասով կը ճանչցուինք թէ զԱստուած կը սիրենք՝ եթէ մեր եղբայրը կը սիրենք հոգեւոր սիրով եւ ո՛չ թէ մարմնաւոր սիրով: Քանի որ ուրիշ է հոգեւոր սէրը եւ ուրիշ՝ մարմինինը, որ յառաջանալով՝ իր տեղին պիտի խօսինք այդ մասին:  

Բայց արդ, իւրաքանչիւր ոք որ կը սիրէ՝ կը ճանչցուի Աստուծմէ եւ ինքն ալ զԱստուած կը ճանչնայ. իսկ իւրաքանչիւր ոք որ ցաւակցաբար իր եղբայրը չի սիրեր, անծանօթ մըն է Աստուծոյ համար եւ աստուածային շնորհները չի կրնար ընդունիլ: Իւրաքանչիւր ոք, որ սուրբ սիրտով կը սիրէ իր եղբայրը, Աստուծոյ բնակարան կ՚ըլլայ եւ Աստուած իր մէջ կը բնակի, որովհետեւ Տէրը Ինք սիրեց մեզ եւ Իր ճշմարտութեան Հոգին ղրկեց, մեր մէջ բնակելու համար, որպէսզի մեր իմանալի հոգին՝ Աստուծոյ անիմանալի Հոգիին հետ սիրով կապուի: Եւ ինչպէս որ Ինք սիրեց մեզ, կը կամենայ նոյնպէս, որ մենք ալ զիրար սիրենք:

Տե՛ս, թէ Աստուծոյ մօտ սէրը ինչքա՜ն համարձակութիւն ունի, որ մարդուն Աստուծոյ նման կ՚ընէ, քանի որ Աստուած Իր սիրով մարդոց նման եղաւ: Եւ ցոյց տուաւ, թէ մարդիկ իրենց սիրով Աստուծոյ նման պիտի ըլլան, որովհետեւ Աստուած այնքա՜ն սիրեց աշխարհը, որ նոյնիսկ Իր Միածին Որդին ղրկեց՝ աշխարհի փրկութեան համար:

Եթէ մենք զիրար սիրենք, ինչպէս Աստուած մեզ սիրեց, ոչ մէկ չարիք կրնայ խափանել մեր սէրը: Իւրաքանչիւր ոք, որ կը սիրէ, յայտնի է մարդոց առջեւ եւ համարձակ՝ Աստուծոյ առջեւ, որովհետեւ մահացու մեղքերէն չի՛ վախնար, այլ՝ Աստուծոյ սիրով զինուած է եւ անվախ՝ ամէն տեսակի երկիւղական վտանգէ: Ուր որ սէր կայ, այնտեղ երկիւղ չկայ, ինչպէս Յովհաննէսը կ՚ըսէ. «Սիրոյ մէջ երկիւղ չկայ, այլ՝ կատարեալ սէրը կը հեռացնէ մեզմէ երկիւղը, քանի որ երկիւղը տանջանքի ենթակայ է», իսկ սէրը՝ համարձակաութեան եւ երկիւղը սէրէն կը հալածուի: Իսկ ուր որ սէր չկայ, այնտեղ դատաստանի երկիւղն ու ահաւոր օրուան ահեղ ատեանին կորուստի ահը կան: Սէրը մարդուն բոլոր տանջանքներէն աներկիւղ կը դարձնէ. այն սէրը կ՚ըսեմ, որ ամբողջութեամբ հեռու է երկմտութենէ, քանի որ երկմտութիւն եւ սէր միասին չեն բնակիր:

Եւ յայտնի է, թէ սէրը ո՛չ թէ միայն յաւիտենական կեանքին մէջ կը պտղաբերէ իր խաղաղութեան պտուղը, այլ՝ այս աշխարհին մէջ ամէն տեսակի թշնամութիւն կը հալածէ մեզմէ, ինչպէս նաեւ նախանձը, ատելութիւնը, ոխակալութիւնը, ժլատութիւնը, չարախօսութիւնը, հայհոյութիւնը, տրտունջը, բամբասանքը, հպարտութիւնը, գոռոզութիւնը եւ մանաւանդ բոլոր չարիքներուն մայրը՝ արծաթսիրութիւնն ու ագահութիւնը:

Արդ, ով որ սէր ունի, այս բոլոր չարիքներէն կը հեռանայ եւ երկնային ապահով՝ խաղաղական հանգիստին եւ մշտնջենական բարիին արժանի կը դառնայ: Ի՞նչ աւելի խաղաղական է քան սէրը. ազատ ըլլալ ամէն տեսակի խռովութենէ եւ Աստուծոյ հաճելի եղածը կատարել:

Սէրը Երկինքի Արքայութեան բանալին եւ յաւիտենական կեանքին ճանապարհն է: Սէրը մարդիկը Աստուծոյ որդի կ՚ընէ եւ Երկինքի Արքայութեան ժառանգորդ: Սէրը ապականացու բնութիւնը անապական կը դարձնէ եւ մահկանացուն անմահութեան կը վերափոխէ: Սէրը երկրայինները երկնայիններ կ՚ընէ եւ հողեղէնները հրեղէնի կը վերածէ:

Եւ արդ, ո՞վ կրնայ սիրոյ անչափելի մեծութեան մասին խօսիլ, որովհետեւ անճառելի ու անպատում է. ըստ որում ինչպէս Աստուածութեան անեղ բնութիւնը անքննելի է, այդպէս ալ՝ սիրոյ բնութիւնը: Տակաւին, ինչպէս Աստուած անբաւելի է, սակայն բոլորին մօտիկ է եւ կը բնակի հեզերուն ու խոնարհներուն, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ՝ որոնք կը դողան Անոր խօսքերէն, այդպէս ալ սէրը բոլորին մօտիկ է, որոնք կը կամենան զայն, եւ կու գայ ու կը բնակի անոնց մէջ՝ որոնք կը փնտռեն զինք. որովհետեւ սէրը կը սիրէ իր սիրելիները եւ կ՚ատէ՝ ատելիները: Անոնք որոնք կը փնտռեն զայն, մօտ է անոնց աստուածապէս. քանի որ Աստուած սէր է եւ կամեցող է սուրբ սիրտէ եւ անկեղծ հաւատքէ բխող սիրոյ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 17, 2025