ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԿԱՐԳ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ոտնլուայի արարողութեան նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Աւագ հինգշաբթիի խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խորանին վրայ մանուկներու ոտքերը լուաց՝ հետեւելով Յիսուս Քրիստոսի համեստութեան օրինակին։ Եկեղեցիէն ուղարկուած վերի լուսանկարը կը ցոլացնէ հանդիսաւոր արարողութենէն դրուագ մը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 18, 2025