Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք հիւանդի մը բժշկութեան հիանալի եւ հրաշալի՜ պատմութիւնը՝ իրական կեանքէ առնուած, հիւանդին խօսքերովը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկուան մեր գրութեան մէջ փորձեցինք խօսիլ մարդկային զգացումներու մասին, յստակ տարբերութիւն մը դնելով սիրտին եւ ուղեղին, ցանկութեան ու տրամաբանութեան միջեւ, սակայն, այդ բոլորը ծնունդ տուին այլ հարցի մը. ուրկէ՞ կու գայ յիշողութիւնը. ինչո՞ւ համար կը յիշենք դէպքեր՝ որոնք անկարեւոր են եւ կամ դրուագներ, որոնց յիշողութիւնը ցաւ կրնայ պատճառել մարդուն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Ազատ Էօզկիւր Տեմիրճին, որու ընկերակիցներու շարքին էր վարժարանի տնօրէն Սերքան Քըյըճը։
Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարութեան եւ կրօնից նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ, Երուսաղէմի «Ռամատա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հաւաքոյթ մը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մաէսթրօ Կոնստանտին Օրբելեանի հետ զրոյց Նիւ Եորքի մէջ՝ ներկայութեամբ ամերիկահայ ազգային գործիչ Շողակ Յովհաննէսեանի (5)
Այս կէտէն սկսեալ մաէսթրոն դարձեալ հայեացքը կ՚ուղղէ դէպի միջազգային թէժ օրակարգը։
Երէկ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքը մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսին առթիւ։ Ամանորի ընդառաջ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որ առիթ դարձաւ ոգեւորութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երկուշաբթի երեկոյեան մասնակցեցաւ Շիշլիի քաղաքապետութեան կողմէ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը, որ տեղի ունեցաւ Հարպիէի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։
Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ մասնակցեցաւ հաւաքոյթի մը, որ ձօնուած էր Մարդու իրաւանց համաշխարհային օրուան։ ԱՔ կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը՝ հովանաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն Տ. Արտակ Աբեղայ Տիւշէնեանը, որ պոլսահայ մըն է։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց, որպէսզի Սուրիոյ մէջ կրօններու միջեւ փոխադարձ յարգանք հաստատուի։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին։
Մոսկուա-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ ուշագրաւ խմորումներ՝ միջազգային իրադրութեան պայմաններով:
Ռուսաստանի նախագահ Փութին Քրեմլինի պալատէն ներս հիւրընկալեց Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարար Սինկհը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Երկօրեայ շփումներու ծրագրին կապակցութեամբ առ այժմ ոչինչ հաղորդած են Անգարայի աղբիւրները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մաէսթրօ Կոնստանտին Օրբելեանի հետ զրոյց Նիւ Եորքի մէջ՝ ներկայութեամբ ամերիկահայ ազգային գործիչ Շողակ Յովհաննէսեանի (4)
Կոնստանտին Օրբելեան պատմական հէնքի վրայ կ՚արտայայտուի. «Ռուսաստանի մէջ հրաշալի եւ շատ հարուստ մշակոյթ մը կար, շատ աշխոյժ երաժշտական կեանք մը կար տակաւին ցարական շրջանին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օրերս կեանքէն հեռացաւ լոնտոնաբնակ հայ մտաւորական, գրող, խմբագիր, հայագէտ Ասատուր Կիւզէլեան:
Անոր անունը եւ գործերը յայտնի էին ինչպէս սփիւռքի, այնպէս ալ՝ Հայաստանի մէջ:
Պատրաստեց եւ հաւաքեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ստորեւ տպագրուած տողերը գրած է Կոմիտաս Վարդապետ, 1911 թուականի հոկտեմբերին, Աղեքսանդրիոյ մէջ, Վահագն Չիթճեան անունով պատանիի մը ալպոմին մէջ:
Սիրուն մանկիկ, կայտառ մանկիկ, օր մը դուն ալ պիտի մեծնաս ու մարդ դառնաս: Քեզի պզտիկ խրատիկ մը տամ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թէեւ շատերու հաճելի պիտի չըլլայ, բայց այսօր կ՚ուզենք մեր սիրելի ընթերցող բարեկամներու ներկայացնել հիւանդի մը իրական կեանքէ առնուած ապրումները՝ քաղուած օտար մամուլէ մը։ Հիւանդի հոգեվիճակը կը տեսնենք այս գրութեան մէջ եւ թէ աղօթքի զօրութիւնը՝ որ կարելի է բժշկել ամէն հիւանդութիւն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային կեանքը տատանում մըն է զգացումներու՝ ուրախութեան ու տխրութեան, յաղթանակի ու պարտութեան, յոյսի եւ հիասթափութեան միջեւ եւ այդ զգացումներու վրայ կը ձեւաւորուին մեր օրերը, մեր ընտրութիւններն ու կեանքի ուղին.
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու յարակից «Մարալ» երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանն ու գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքանը։
Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու երէկ Նոպելի տնտեսական մրցանակը ստացաւ՝ ձեռամբ Շուէտի Քարլ Կիւստաւ ԺԶ. թագաւորին։
Սթոքհոլմի Համերգատան մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Նոպելի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որ ինչպէս ամէն տարի՝ այս տարի եւս ամբողջ միջազգային հանրութեան անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ։