ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ վերջին օրերուն Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որու ընթացքին շօշափուեցաւ հարեւան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու բարելաւման վերջին նորութիւնները։
Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներու, նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն առընթեր այս նիստին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական վարչամեքենային բարձրաստիճան պաշտօնատարները։ Դիւանագէտները ժողովի ընթացքին խոշորացոյցի տակ առին միջազգային օրակարգի իրադարձութիւնները՝ փոխանակելով իրենց կարծիքները։
Քննարկումները ընդգծեցին նաեւ զանազան ուղղութիւններով գործընկերութիւններու զարգացման հետեւողական ջանքերը՝ ներառեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան հետ։
Վիեննայի հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։