Արխիւ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2026

Երէկ, սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական փրոֆ. Յակոբ Այնթապլեան այցելեց Էսաեան վարժարան։ Դպրոցէն ներս մեծ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ՝ նուիրեալ գործիչի այցելութեան առթիւ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2026

Նիկոլ Փաշինեան կը մասնակցի Փարիզի Խաղաղութեան 9-րդ համաժողովին եւ «COP-31»ի համար կու գայ Անթալիա:
Հայաստանի վարչապետը Իրանի փոխ-նախագահին հետ քննարկեց՝ տարածաշրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման գործընթացները:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2026

Այսօր բովանդակ Թուրքիան հերթական անգամ կ՚ոգեկոչէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը։ Իր մահուան 88-րդ տարելիցին առթիւ ամբողջ երկիրը կը խոնարհի անոր անանց յիշատակին առջեւ ու կը վերանորոգէ անսահման երախտագիտական զգացումները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2026

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Ակումբի բեմը ողողուած էր օտար կեանքի մը մնացորդներով։ Պարի փորձը սկսելէ առաջ մեր պարուսոյցը՝ Ճօճիկը, զոր Սասուն կը կոչէինք՝ սասունցի արմատներ ունենալուն համար, եւ որ կարծես աշխարհ եկած էր միայն «Սասունցիներու պարը» պարելու համար, հրահանգեց պարպել անկիւնէ անկիւն կուտակուած իրերը՝ հին աթոռներ, դեղնած տուփեր, անտէրութեան մատնուած տան մը վերջին փշրանքները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արեւմտահայ գրող, հրապարակագիր եւ թարգմանիչ Լեւոն Լարենց (Քիրիշճեան) 1907-ին հրապարակած իր մէկ գրութեան մէջ կը պատմէ Կիլիկիոյ վերջին հայ թագաւոր Լեւոն Զ. Լուսինեանի տապանաքարին կատարած այցելութեան մասին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2026

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կեանքի բոլոր յատկանշական օրերը կարծես կիրակի օր եղած են:
Ու պատանի տարիներէս մէկուն, դարձեալ կիրակի օր մըն էր, երբ ծննդավայրիս ֆութպոլի մեր խումբը պարտուեցաւ տեղական խումբէն, որմէ ետք դաշտէն, քալելով մեր ակումբը վերադարձանք գլխիկոր:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հայերէնի պահն էր:
Բոլորը պատրաստ էին իրենց շարադրութիւնները կարդալու:
Ուսուցչուհին դասարան մտնելէ ու բարեւելէ ետք, ժպտադէմ հարցուց աշակերտներուն, թէ արդեօք պատրա՞ստ են:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մտիկ ընողներ կարենալ համոզելու համար՝ անոնց առջեւ պէտք է դնել անուրանալի եւ հաստատ աստուածային ճշմարտութիւններ՝ որոնք պէտք է ընդունիլ իբրեւ անխուսափելի իրականութիւններ, եւ ո՛չ թէ վարկածներ՝ որոնք քննութեան կը կարօտին եւ պէտք է քննուին, քննադատուին, եւ որոշուին մտիկ ընողներու կողմէ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթավերջին յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցայ Հայաստանի բողոքական եկեղեցիներէն մէկուն պաշտամունքին։ Իրականութեան մէջ, աղօթքը կը շարունակէ մնալ աղօթք՝ թէ՛ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, թէ՛ Կաթողիկէ եւ թէ բողոքական եկեղեցիներէն ներս։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Ներելու համար երկու հոգիի առաքինութիւն պէտք է։ Մէկը՝ զինք ներելու, իսկ միւսը՝ ինքզինք ներելու, քանի որ ներեցիր զինք»։
Ներելը մարդու ամենէն բարդ ներքին փորձառութիւններէն մէկն է։ Ան պարզ որոշում մը չէ, ո՛չ ալ ժամանակի ընթացքին ինքնաբերաբար տեղի ունեցող բան մը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ». (ՂՈՒԿ. Ը 17)։
Անշո՛ւշտ, մարդիկ միշտ կ՚ունենան ծածուկ, գաղտնի բաներ՝ որոնք չեն ուզեր ուրիշներու յայտնել։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթավերջին մասնակցեցանք երիտասարդական հաւաքի մը, որուն նպատակն էր ծանօթութիւններ ձեռք ձգել։ Որպէսզի հաւաքը աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ ընտրուած էր նիւթ մը՝ որուն շուրջ ներկաները պէտք է իրենց կարծիքը յայտնէին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026

Երեւան, Ուաշինկթըն եւ Պաքու թեքնիք աշխատանքային խումբ ստեղծած են TRIPP նախագիծը կեանքի կոչելու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով օգնական Պրենտըն Հանրահան, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Էլնուր Մամետով յայտարարեցին TRIPP-ի բազմամոտէլ տարանցիկ ուղիի յառաջ մղման նպատակով եռակողմանի թեքնիք ծրագրաւորման խումբի մը աշխատանքներուն սկիզբի մասին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, թէ յառաջիկային Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատուին։
Երեւանի մէջ կազմակերպուած Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այցելեց Ատրպէյճան։ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի՝ Ատրպէյճանի յաղթանակով աւարտի տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին նախագահ Էրտողան հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

9 նոյեմբեր 2026-ին կը լրանայ ներհուն պատմաբան եւ աշխարհագրագէտ, պատմագրական մեծարժէք երկերու հեղինակ, երկարամեայ երախտաշատ ուսուցիչ յատկապէս ՀԲԸՄ-ի վարժարաններէ ներս, հայ մամուլի բազմավաստակ սպասարկու եւ «Զարթօնք» օրաթերթը անխափանօրէն 33 տարի խմբագրած եւ մեծ նուաճումներու հասցուցած Գերսամ Ահարոնեանի (Մարաշ, 9 նոյեմբեր 1916 - Պէյրութ, 20 յունուար 1981) ծննդեան 110-ամեակը:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026

Երէկ, Պաքըրգիւղի ընտանիքը բացառիկ օր մը ապրեցաւ՝ թաղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին լեցուած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական փրոֆ. Յակոբ Այնթապլեան վերջին օրերուն այցելեց Սուրբ Խաչ դպրեվանք։ Ան ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ վարժարանէն ներս, ուր բացատրութիւններ տուաւ իր գործունէութեան մասին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան նախաձեռնութեամբ այս շաբաթավերջին պիտի նշուի Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամին ոսկէ յոբելեանը:
Քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակ:
Վեհափառ Հայրապետը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին շնորհած է սրբատառ կոնդակ մը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Ղեւոնդ Երէց» առաջին կարգի շքանշանը:
Նորին Սրբազնութեան համար մշակուած յոբելենական ծրագրի ծիրէն ներս պատրաստուած է յուշամատեան-գիրք մը եւ արտադրուած՝ փաստավաւերագրական կարճաժամկէտ ժապաւէն մը:
Յոբելեար սրբազանը այս կիրակի հանդիսաւոր գոհաբանական Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր պիտի քարոզէ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026

Սրբոց Հրեշտակապետաց տօնը շաբաթավերջին աւանդական շուքով նշուեցաւ Պալաթու համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց տօնակատարութիւններուն, որոնց ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։

Էջեր