ԹԻՐԱԽԱՅԻՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի հետ։ Բացի երկկողմանի գործընկերութեան օրակարգային հարցերու քննարկումէն, Արարատ Միրզոյեան տարածաշրջանի անվտանգային իրավիճակը ներկայացուց իր ֆրանսացի պաշտօնակցին։ Ան կանգ առաւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ Երեւանի շարունակական ջանքերուն վրայ, որոնք կը խրախուսուին Փարիզի կողմէ։ Միրզոյեան առանձնապէս ընդգծեց Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ, նախագծի բովանդակութիւնը արդէն համաձայնեցուած խաղաղութեան պայմանագրի կնքման կարեւորութիւնը՝ բարձր գնահատելով այս ուղղութեամբ Ֆրանսայի կողմէ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը։
Միւս կողմէ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանի մտահոգութիւնը փարատելու ամենաարդիւնաւէտ միջոցը խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումն է։ Ազգային ժողովին մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին առաջարկեց՝ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարումը կազմակերպել նոյնաժամանակ։ «Պատերազմ պիտի չըլլայ, խաղաղութիւն պիտի ըլլայ», ըսաւ վարչապետը։