Հոգե-մտաւոր

ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌԵԱԼ ՀԱՒԱՏՔ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հաւասարակշռեալ եւ ներդաշնակ հաւատացեալը այն է՝ որ հոգեւոր գիտութեան առընթեր՝ կ՚աշխատի նաեւ աշխարհային գիտութեան տիրանալ, քանի որ մարդ հոգի է ե՛ւ մարմին։ Այսօր, պէտք է խոստովանիլ եւ ընդունիլ, որ «Ես միայն Սուրբ Գիրք կը կարդամ»ի դարը անցած է։ 

ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿԸ (Ե.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի ամենէն իմաստուն ու յաջողակ մարդոցմէ մին իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Յաջողութիւնը շատ անգամ աւելի վտանգաւոր է՝ քան ձախողութիւնը: Յաջողութիւնը մարդուն կրնայ համոզել, որ ինք չի՛ կրնար սխալիլ»։ 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Թէեւ թզենին ընձիւղ (=ծիլ, բողբոջ) չտայ, որթատունկերուն վրայ պտուղ չըլլայ, ձիթենիին բերքը ստէ, արտերը կերակուր չտան, փարախէն ոչխարը պակսի, գոմերուն մէջ արջառ չըլլայ, սակայն ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ, իմ փրկութեանս Աստուծմովը պիտի ուրախանամ։ 

ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿԸ (Դ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի վրայ կան մարդիկ, որոնք կ՚ուզեն յաջողիլ՝ առանց սկսելու. կ՚ուզեն յաջողիլ՝ առանց բան մը «վտանգելու» եւ գուցէ այդ սպասումն է պատճառը, որ կը շարունակեն մնալ հոն՝ ուր էին նախապէս։ Եթէ մարդ կ՚ուզէ վազքի մէջ ախոյենութեան հասնիլ, չի՛ կրնար արդիւնքը գիտնալ ու հասկնալ՝ մինչեւ վազքի դուրս չգայ։ 

ԱՒԱՆԴԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աւանդապահութիւնը որքան օգտակար է, այնքան վնասակար է աւանդապաշտութիւնը եւ մանաւանդ անպէտ եւ անիմաստ աւանդութիւններուն կառչած մնալու ջանքերը՝ որոնք մարդիկը կը տանին նախապաշարումի։

ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿԸ (Գ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի երեսին երբեւէ մէկը պիտի չյաջողի վերջնական հաստատում կատարել, թէ ի՛նչ է հարստութիւնը, որովհետեւ մեզի համար սխալ թուացածը ուրիշին համար ճիշդ, մեզի համար ծայրայեղ ու անհեթեթ եղածը ուրիշի մը համար տրամաբանական կրնայ ըլլալ: 

ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բնական օրէնքը, որ ներկայ է իւրաքանչիւր մարդու սրտին մէջ եւ վերահաստատուած անոր բանականութեան կողմէ, ընդհանրական է իր պատուէրներուն մէջ, իսկ իր իշխանութիւնն ալ կը տարածուի բոլոր մարդերուն վրայ։ 

ԿԻՆ, ՈՐ ԻՐ ԿԵԱՆՔԸ ՏՈՒԱՒ ԺԱՄԱՆԱԿ-ԻՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն հինգ տարիներ առաջ՝ 31 Օգոստոս 2021 թուականին ստացայ նամակ մը, որ կը կրէր անոր ստորագրութիւնը: Պարզ ու համեստ բառերու մէջ ամփոփուած էր ամբողջ կեանք մը. «Քառասուն տարիէ աւելի կը ծառայեմ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին»: 

ՊԱՐՏԱՃԱՆԱՉՈՒԹԵԱՆ ՏԻՊԱՐ ՄԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մամլոյ մշակներու ծառայութիւնը՝ որքան գիտութիւն, լուրջ աշխատութիւն, կարգապահութիւն կը պահանջէ, նո՛յնքան պարտաճանաչութիւն, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ մանաւանդ՝ անձնուիրութիւն։

Էջեր