Հարթակ

ԱԿՆԱՐԿ - 177 - ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՐՈՒԻԼ ԱՆՀԱՆԴԱՐՏ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՀԵՏ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Գաղտնիք չէ, որ հիմակուան մանուկներու անհանդարտութիւնն ու եռադը կը տարբերին տասնամեակներ առաջ մանուկներու անհանդարտութենէն ու եռանդէն: Տարբեր ծնողներ՝ տարբեր մեթոտներ կը գործածեն, կարենալ դիմագրաւելու համար իրենց մանուկներուն անհանդարտութիւնը:

ԳՐԱԳԷՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԱՊՊԱՍ ՄԱՀՄՈՒՏ ԱԼ-ԱՔԱՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Պարոն Թաուֆիք ալ-Հաքիմ իր փղոսկրեայ աշտարակէն գրած է յօդուած մը, ուր կ՚ըսէ. «Պետութիւնը գրականութեան լուրջ աչքով չի նայիր. անոր համար գրականութիւնը երեւակայական բան մըն է՝ գոյութիւն չունեցող եւ հաշուի չառնուող»։ 

ԱՄԵՆԱՓՈՔՐԻԿԸ՝ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ՍԻՐՏՈՎ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Գրիգորն ու Արմէնը ընտանիքի մը երկու զաւակներն էին: Գրիգորը՝ եօթ տարեկան, իսկ Արմէնը՝ տասներկու: Գրիգորը միշտ կը փափաքէր մեծ եղբօր հետ ժամանակ անցընել, խաղալ անոր հետ, բայց Արմէնը յաճախ կը խուսափէր, միշտ պատճառաբանելով, թէ Գրիգորը տակաւին փոքր է:

ԼԱՒ ԲԱՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Միայն գէշ բաներուն մասին կը գրե՞ս.
Լսած ու շատ յաճախ կը լսեմ այս հարցումը, բարեկամնե՛ր:
Պատասխան ունիմ, անշուշտ.
Ո՛չ: Միայն գէշ բաներուն մասին չէ՛, որ կը գրեմ, քանի որ որպէս սկզբունք, իմ աչքիս «գէշ» թուացող այդ իրողութիւնները, շատերուն աչքին լուսաւոր կէտեր են ու ինչ խօսք՝ գովելի: 

ՀԱՄԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՏԱԳՆԱՊ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Փարիզի եւ երկրի միւս մեծ քաղաքներու ծանրակշիռ հետեւանքները կը մագնիսացնեն համայն աշխարհի ուշադրութիւնը: Ֆրանսայի վերջին դէպքերը կը մեկնաբանուին՝ շուրջ վեց ամիս յետոյ նախատեսուած նախագահական ընտրութեան համայնապատկերին վրայ:

ՄԱՏՈՒՑՈՂՈՒՀԻՆ ԵՒ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԲԱՐԻՔՆ ՈՒ ԲԱՐԵԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւանի մէջ կայ մի քանի սրճարան, ուր կը նստիմ ու կը սիրեմ գրել յօդուածներս, նոթերս եւ այլն… Քանի ընդհանուր խոկումներն ու հայեցողութինները միշտ ներշնչանքներ փնտռելու մէջ են ու այդ ներշնչանքները կ՚ուզենք տեղերու կապել ու արարողակարգային ընել, տեղ մըն ալ այսպէս ըսած՝ ապրում մը տալու մենք մեզի ու մենք մեզ գտնելու:

61 ՏԵՂԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Նեթանյահու, Այզենքոթ եւ արաբներու բարձրացող ձայնը. խորհրդարանէ ներս ինչպէ՞ս հասնիլ մեծամասնութեան:
Իսրայէլի ընտրութեան արդիւնքը հարթկացութեան մը ծնունդ չէ տուած երկրի ներքին քաղաքական կեանքի բարդ հաւասարակշռութիւններուն առումով:

ՅՕԴՈՒԱԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

ԱՊՊԱՍ ՄԱՀՄՈՒՏ ԷԼ-ԱՔԱՏ(*)
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յօդուածագրութեան արուեստը արաբերէն լեզուին մէջ հին պատմութիւն մը ունի՝ իսլամական պետութեան կազմութենէն ետք։ Անիկա ծնունդ առաւ «ֆասլերու» գրականութեան հետ, ապա միախառնուեցաւ պատմուածքին եւ կապուեցաւ «մաքամէ»ին հետ, որուն ամենէն համառօտ սահմանումը պատմողական յօդուած մըն է, ուր կարեւորութիւն կը տրուի արտայայտութեան կատարելագործման։

ՍԷՐԸ ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ Է… ՔՍԱՆ ՏԱՐՈՒԱՅ ՎԱՅՐԿԵԱՆԸ

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

1973-ի սեպտեմբերին ծնողքս ուսուցիչներու յատուկ հրաւէրով մեկնեցան հայրենիք։ Երեւանը սեպտեմբերին շատ գեղեցիկ է, ամրան խեղդող շոգը չկայ, աշնանամուտ է, բայց մօրս յիշողութեան մէջ այդ հանդիպումը մնացած էր որպէս ցուրտէն դողացող յուշ մը։

ՏՊԱԳԻՐ ԽՕՍՔԻ ՏՈԿՈՒՆ ՎԿԱՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

28 հոկտեմբերին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կը թեւակոխէ իր 119-րդ տարեդարձը։ 1908-ին Պոլսոյ մէջ սկսած այս երթը, անցնելով սերունդներու, ժամանակներու եւ պատմութեան բազում խորշերէն, այսօր ալ կը շարունակուի՝ հայ մամուլի երկնակամարին տակ վառ պահելով իր գոյութեան լոյսը։

Էջեր