ԱՊԱԿԱՅՈՒՆԱՑՆԵԼ

Թուրքիոյ կազմակերպած Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով դարձեալ պնդեց երկու նախապայմաններու վրայ՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման համար։ Սահմանադրութեան փոփոխութիւն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծում։ «Այս երկու պայմաններու կատարուելէն ետք, խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար արգելք պիտի չմնայ», յայտարարած էր Ալիեւ, ապրիլի 2-ին, Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պատասխանելով՝ յայտնեց, որ Հայաստան եւս Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան մէջ իր հանդէպ հողային պահանջներ կը տեսնէ, սակայն, անոնց ջնջումը որպէս նախապայման չ՚առաջադրեր խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար։ Ատրպէյճան անդրդուելի կը մնայ. նպատակը Հայաստանի Սահմանադրութիւնը չէ, այլ Արցախի գոյութեան մասին որեւէ նշումի չքացում։

Հռոմի Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանի մէջ «Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» գիտաժողովի գլխաւոր նպատակը եւս Արցախի մէջ հայութեան գոյութեան ժխտումն է՝ պատմութեան խեղաթիւրումով, մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան ձեւազեղծումով, ոչնչացումով, բնիկ ժողովուրդին տեղահանութեան անտեսումով, զանցառումով։

Այս երեւոյթներու զուգահեռականութիւնը ցոյց կու տայ Ատրպէյճանի հետեւողական կանխամտածուած քաղաքականութիւնը՝ հայկական ներկայութեան ու պատմական հետքերու ջնջումին, հայ ժողովուրդին՝ իրաց նոր դրութեան մը պարտադրման, ուր անդառնալիօրէն օրէնսդրութեամբ ամրագրուած ըլլայ անկարելիութիւնը անոր վերադարձի որեւէ նախաձեռնութեան կամ քայլի։

Այս ռազմավարութիւնը նոր չէ, Թուրքիա եւս որդեգրած է զայն։ Վերջերս, ԱՄՆ-ի մէջ, NAASR Հայկական ուսումնասիրութեան կեդրոնի կողմէ «Monuments and Identities in the Caucasus, Karabakh, Nakhichevan and Azerbaijan in Contemporary Geopolitical Conflict» հատորի քննարկման ընթացքին, փրոֆ. Սեպուհ Ասլանեան անդրադարձաւ թրքական պատմագրութեան մէջ տեղ գտած խեղաթիւրումներու. երեւոյթ մը, որ 1918-ին արդէն իր ծիլերը արձակած էր թուրք պատմաբան Ռըզա Նուրի «Հայոց պատմութիւն» գործով, ուր հայկական բարձրաւանդակին մէջ թրքական ներկայութեան կը վերագրուէր 4000-ամեայ անցեալ, մինչ հայերը կը ներկայանան իբրեւ եկուորներ… տեսութիւն մը, որ յետագային ազէրիները շարունակած են. ինչպէս՝ Ֆարիտա Մամետովա, Զիա Պունեաթով…

Ուրեմն, բնաւ զարմանալի չէ, որ Ալիեւ որդեգրէ պատմութեան խեղաթիւրման ռազմավարութիւնը՝ զայն քաղաքական գործիքի վերածելով, ամրապնդելու համար իր իշխանութիւնը, պարտադրելու պատմութեան վերընթերցումը, ուժի, սպառնալիքի, կաշառքի, բռնութեան միջոցներ գործածելով՝ մինչեւ Վատիկանի վաստակաւոր կաթողիկէ Գրիգորեան համալսարանը։ Մէկ խօսքով, որքան սուտը մեծ ըլլայ՝ այնքան աւելի հեշտ է զայն հաւատացնելը ուժի գործադրութեամբ։

Նոյն տրամաբանութեան մէջ պէտք է դիտել Արցախի իշխանաւորներու դատումը, ապրիլի 13-ին Ատրպէյճանի կողմէ գնդակոծումը Սիւնիքի Խնածախ գիւղի Մշակոյթի տան, հայկական բանակին վերագրուող հրաձգութեան կեղծ ամբաստանութիւնները, եւրոպացի դէտերու միջնորդական առաքելութեան հետ գործակցութեան մերժումը… տնտեսական հաղորդակցութեան ուղիներու բացման մերժումը։ Մէկ կողմէ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու բանակցութիւններ վարել, միւս կողմէ սահմանային լարում ստեղծել… սա ցոյց կու տայ Ատրպէյճանի մարտավարութեան հետապնդած գլխաւոր նպատակը՝ ապակայունացնել Հայաստանի ներքին քաղաքական վիճակը՝ յուսալով, թէ պատեհ առիթը կը ստեղծուի նոր յարձակում մը գործելու եւ Սիւնիքի միջանցքը ուժի գործադրութեամբ բանալու։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Հինգշաբթի, Ապրիլ 17, 2025