Շաբաթ 26, Ապրիլ 2025
ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութպոլի մրցաշարքը վերջին օրերուն մեծ խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Համայնքային 12 վարժարան մասնակցեցաւ այս ծրագրին։ Միջվարժարանային մրցոյթը, որ իններորդն էր իր նմաններու շարքին, ձօնուած էր հանգուցեալ Ալեքսան Տատեանի յիշատակին։
Մրցումներու աւարտին ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանը, որմէ վերջ դափնեկիրներու շարքին տեղ գրաւեցին Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանը, Եշիլգիւղի վարժարանը եւ հիւրընկալ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը։ Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին Ֆէրիգիւղի ընտանիքի վարիչները բոլորը շնորհաւորեցին՝ բարձր գնահատելով երիտասարդներու կողմէ դրսեւորուած մարզական ոգին:
Հինգշաբթի, Ապրիլ 17, 2025