ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՎԱՐԴԱՆ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ ԿԻՒՄՐԻԻ ՆՈՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ

Հայաստանի երկրորդ մեծ քաղաքի՝ Կիւմրիի քաղաքապետ ընտրուեցաւ ընդդիմադիր Վարդան Ղուկասեան։ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու վերջին օրերու ընտրութեան արդիւնքին հիման վրայ՝ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը թէեւ զբաղեցուց առաջին հորիզոնականը, սակայն, քաղաքապետութեան խորհուրդէն ներս չյաջողեցաւ մեծամասնութիւն ապահովել։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ընդդիմադիր ուժերը միացուցին իրենց ձայները եւ նորընտիր խորհուրդի այս առաւօտուայ առաջին նիստին քաղաքապետ ընտրուեցաւ Վարդան Ղուկասեան, որ միակ թեկնածուն էր։

Կը հաղորդուի, որ խորհուրդի ՔՊ-ական անդամները չեն մասնակցած առաջին նիստին ու քուէարկութեան՝ մինչ իշխանական ուժը կը պահանջէ ընտրութիւններու կրկնութիւնը։

Մօտաւոր անցեալին Երեւանի քաղաքապետական խորհուրդէն ներս ալ ստեղծուած էր նման իրավիճակ մը, սակայն, ընդդիմութիւնը չէր կրցած միաւորուիլ՝ ընդդիմադիր դէմքի մը քաղաքապետ դառնալը ապահովելու համար՝ թէեւ այնտեղ ՔՊ-ն առաջին դիրքի վրայ էր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2025