Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն եկեղեցականներ, որոնք երկշաբաթեայ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակցեցան մայրավանքի համալիրէն ներս։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
1938 թուականին լոյս տեսաւ Պոլշեւիկներու համամիութենական համայնավար կուսակցութեան պատմութեան «Համառօտ դասընթացք» անունով «դարակազմիկ» գիրքը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը շարունակեն զգալի յառաջընթաց արձանագրել խաղաղութեան պայմանագրի ձեռքբերման ուղղութեամբ:
Երեւան-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ արձանագրուած զարգացումը միշտ կ՚անհանգստացնէ Պաքուն:
Եւրոմիութիւնը որոշեց բանակցութիւններու սկսիլ՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն ազատ մուտք ապահովելու հեռանկարով:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ներկայ մեր ժամանակներուն մէջ ծաւալեցան հաւաքականութիւններու մտային, իմացական, գիտակցական եւ մշակութային տարողութիւնները եւ անոնց հետ առընչուած կիրառական աշխարհը: Կը նկատենք, որ ներկայիս մարդիկ հաւաքականօրէն աւելի խելացի են, ուշիմ ու բաց։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը իր ներկայացուցած դասերով եւ փորձառութիւններով կրթութիւն է, որմէ կ՚օգտուին բոլոր անոնք, որոնք կեանքը կ՚ապրին գիտակցութեամբ եւ կ՚անդրադառնան իրենց շուրջ պատահած բնական երեւոյթներուն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դո՞ւք ալ ձեր սիրտը գերող աղջկան սիրտը կալանաւորելու համար ամէն տեսակ զոհողութիւն յանձն առած, սակայն նպատակակէտին չէ՞ք հասած. ձեր կատարած անձնուիրութիւնը անպտո՞ւղ մնացած ու ձեր սիրած օրիորդը անհաս երա՞զ մնացած է. ձեր մղած անխոնջ պայքարէն որպէս արդիւնք լոկ երեւակայութի՞ւն մնացած է. ապա այս յօդուածը ձեզի համար է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Առակաց 21.31-ին մէջ կը կարդանք. «Ձին պատերազմի համար կը պատրաստուի, բայց փրկութիւնը Տիրոջմէ է»: Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ այս համարը:
Պատասխան. Այս համարով իմաստուն առակագիրը կու գայ պատգամելու մեզի, որ ճի՛շդ է, թէ փրկութիւնը Տիրոջմէ է, բայց միաժամանակ, մարդ այդ փրկութեան մէջ իր մասնակցութիւնը պէտք է ունենայ, այսինքն՝ մարդ պէտք է աշխատի, ջանք թափէ, որպէսզի արժանանայ փրկութեան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի կը լրանայ հայոց ձեռագիրներու ամենամեծ պահոցը՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանը գիտական եւ հետազօտական հիմնարկ հռչակելու 65-ամեակը:
Նշանաւոր այս յոբելեանի մեկնարկը տրուեցաւ ամիսներ առաջ, երբ հանդիսաւոր կերպով Մատենադարանին ընծայւեցաւ Յովհաննէս Երէցի ընդօրինակած Աւետարանը, եւ այդ առթիւ ցուցադրութեան հանուեցան մեծ նուիրատուներու կողմէ Մատենադարանին ընծայաբերուած ձեռագիրներու, արխիւային նիւթերու եւ հնատիպ գիրքերու բացառիկ հաւաքածոներ։
Ազգային անմոռանալի բարերար Գուլուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Լիզպոնի մէջ։ Ամէն տարի երախտաշատ բարերարի ծննդեան օրը առիթ կը հանդիսանայ, որպէսզի անոր յիշատակին նկատմամբ յարգանքը թարմացուի ու բոլորը վերյիշեն իր թողած աւանդին անգնահատելի նշանակութիւնը։
Ատրպէյճանը Հայաստանը հրաւիրեց՝ յառաջիկայ նոյեմբերին Պաքուի մէջ նախատեսուած COP29 գագաթաժողովին։ Երեւան պաշտօնապէս չէ արձագանգած Պաքուի այս հրաւէրին։
Իրան-Հայաստան առանձնայատուկ յարաբերութիւնները տարածաշրջանային գործօն:
Դեսպան Սոպհանիի խօսքով՝ իր երկիրը պիտի կրկնապատկէ ելեկտրական ուժանիւթի ներածումը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ՝ աշնան նախատեսուած ընտրութեան ընդառաջ արտասովոր իրադարձութիւն:
Ճօ Պայտըն հարցախոյզներու կանխատեսումներուն բերումով որոշեց դուրս գալ ընտրապայքարէն, Տանըլտ Թրամփ յուսադրուած վերընտրուելու համար:
Զուիցերիոյ յառաջատար դրամատուներէն UBS-ի կողմէ վերջերս հրապարակուեցաւ 2024 թուականի Համաշխարհային հարստութեան տեղեկագիրը։ Զուիցերակեդրոն այս հսկայ դրամատան տուեալներով՝ անհատական հարստութեան բարձրացման տեսակէտէ Թուրքիա առաջին հորիզոնականը կը զբաղեցնէ աշխարհի վրայ։
Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամին կողմէ 10 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրուի Հայաստանին։ Այս որոշումը արդէն հաստատուած է։ Եւրոպական Միութիւնը առաջին անգամ սոյն հիմնադրամէն յատկացում կը կատարէ Հայաստանին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին կողմէ կազմակերպուած շաբաթօրեայ դպրոցները ստացած են՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատկան իշխանութիւններուն կողմէ պետական արտօնագիր։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիրները ուշադրութեամբ կը հետեւին Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու կացութեան։ Այսպէս, շաբաթավերջին, ԱՄՆ-ի ծերակոյտէն Քրիս վան Հոլըն տեսակցեցաւ Երուսաղէմի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Երեւանի մէջ արդէն եզրափակուած է Հայագիտական միջազգային քոնկրէսը։ Շաբաթավերջին, Մատենադարանի երդիքին տակ հայ եւ օտար գիտնականներուն զեկուցումներով աշխատանքը ընթացաւ շատ հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ժամանակին, երբ հայաբնակ գիւղերը, քաղաքները շէն էին եւ զուարթ, ամէն մէկը իր բարիքներու կամ բարգաւաճման համար բնորոշումներ կը ստանար: Հայկական բնակավայրերը այսօր ծաղկուն չեն այլեւս, նաեւ դժուար է արդէն գտնել ուրախ կեանքով ապրող հայ աւան մը: