ՅՍՏԱԿ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ դաշնակցութիւն մը պիտի չստեղծուի։

ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնատեղիէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին Հաքան Ֆիտան անդրադարձաւ Սուրիոյ պարագային Թուրքիոյ հետապնդած նպատակներուն։ Նախարարին յայտարարութիւնները զուգադիպեցան այն ժամանակաշրջանին, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիայէն զօրքերու որոշ չափով դուրս բերուելու հեռանկարին մասին կը բարձրաձայնուի։

Հաքան Ֆիտանի խօսքով, Իսրայէլի վերջին յարձակումները կ՚ապակայունացնեն տուեալ շրջանները եւ այս դիրքորոշումը Թուրքիոյ տեսակէտէ քննադատելի է։ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) վերաբերեալ այդ տեղի գործընթացը պիտի համակարգուի Յորդանանի եւ տարածաշրջանի միւս երկիրներու հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, ըստ Հաքան Ֆիտանի՝ Անգարա զգայնութեամբ կը հետեւի նաեւ ԵՓԿ-ի վերաբերեալ գործընթացին։ «Պիտի զինաթափուին եւ ազգային բանակին պիտի մասնակցին։ Սուրիոյ մէջ երբեք խնդրոյ առարկայ պիտի չըլլայ որեւէ դաշնակցութիւն եւ բացարձակապէս հանդուրժողութիւն պիտի չցուցաբերուի՝ բացի բանակէն որեւէ զինեալ կառոյցի։ Մենք կը կարեւորենք, որ քիւրտերը ըլլան Սուրիոյ սահմանադրութեան հիմնադիր տարրերէն մին», ընդգծեց նախարարը։

Ֆիտան առանձնապէս մեկնաբանեց, նաեւ Ուաշինկթընէն հնչած յայտարարութիւնները՝ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի մօտեցումը։ «Ընտրուած ԱՄՆ-ի նախագահ մըն է, հետեւաբար անկարելի է, որ հաստատութենական մօտեցումէ տարանջատուած ձեւով արժեւորենք։ Թրամփի տեսակէտէ կարեւոր է այստեղ ԻՇԻՊ-ի անգամ մըն ալ պարարտ հող չգտնելը, Թուրքիոյ դիրքորոշումն ալ յստակ է այս նիւթին շուրջ», շեշտեց նախարարը։

Այս բոլորէն վերջ, Ֆիտան անդրադարձաւ նաեւ Կազզէի վերաբերեալ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան, որով նախատեսուած ծրագրին դէմ է Թուրքիան։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ վերջին օրերուն յայտնած էր, որ Թուրքիոյ տեսակէտէ անընդունելի է Սուրիոյ մասնատումը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԵԷՐԼԻՔԱՅԱ

Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Ալի Եէրլիքայան ալ երէկ յայտնեց, որ վերջին չորս ամսուան ընթացքին աւելի քան 175 հազար հոգի Թուրքիայէն վերադարձած է Սուրիա։ «9 դեկտեմբեր 2024 թուականէն ի վեր 175 հազար 512 սուրիացի կամաւոր, անվտանգ, արժանապատիւ ու կանոնաւոր ձեւով վերադարձած է իր երկիրը», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ գաղթի կառավարման տեսակէտէ Թուրքիա օրինակելի երկիր մը դարձած է աշխարհի վրայ։

Ըստ Եէրլիքայայի ներկայացուցած տուեալներուն՝ ցարդ Սուրիա վերադարձածներուն թիւը կը համապատասխանէ 33 հազար 730 ընտանիքի։ Տարեսկիզբէն ի վեր 27 հազար 673 անկանոն գաղթական արտաքսուած է սահմանէն։ Ձերբակալուած անկանոն գաղթականի եւ արտաքսուած օտարներու թիւերու բաղդատութիւնը ցոյց կու տայ, որ 2025-ին համեմատութիւնը կազմած է 71 տոկոս, ինչ որ բոլոր ժամանակներու ամենաբարձր ցուցանիշն է։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 17, 2025