Հոգե-մտաւոր

ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՄԵՔԵՆԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի երեսին եղած են մտաւորականներ, որոնք փորձած են մարդոց համոզել, որ այլասերումն ու յառաջընթացը իրարու հակառակ ու տարբեր երեւոյթներ չեն. անոնք նոյն գործընթացին երկու տարբեր կողմերն են, որովհետեւ մարդկութիւնը ինչքան ալ ուզէ աւելիով նուաճել, ստեղծել ու ապահովել, այնքան աւելի կը վտանգուի իր գոյութիւնը՝ որուն համար յաւելեալ մտածումի ու պայքարի կը մղուի:

ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԸ ԵՒ ԱՆՀԱՒԱՏԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կը պատմուի, թէ երկու հոգի՝ մէկը հաւատացեալ իսկ միւսը անհաւատ, միասին ինքնաշարժով կը ճամբորդէին։ Երբ քաղաքի մը աղքատիկ մէկ թաղէն կ՚անցնէին. Աստուծոյ գոյութեան չհաւատացողը՝ որ սափրիչ մըն էր, կ՚ըսէ. «Եթէ ձեր ըսածին պէս սիրող Աստուած մը գոյութիւն ունի, ուրեմն ինչպէ՞ս կը թոյլատրէ Ան այսքան թշուառութիւն, անբարոյականութիւն, աղտոտութիւն, ցաւ, վիշտ, տառապանք, բռնութիւն… մարդոց մէջ։ Ինչո՛ւ մեզ չ՚ազատեր այս ամենէն»։

ՅԱՆՑԱՊԱՐՏ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շահան Նաթալի, որպէսզի աւելիով փաստէ հայ եկեղեցականներուն մեղապարտ կեանքը, կ՚որոշէ առանց անուն տալու խօսիլ հայ եկեղեցականի մը մասին, որ եղած է Արմաշական վարդապետ մը, յետոյ Արաբկիրի առաջնորդ, ապա Ատանայի առաջնորդ եպիսկոպոս եւ ետքը դարձած է թափառաշրջիկ մը՝ Եգիպտոսէն Կովկաս, Փարիզ, Լիվըրփուլ եւ ապա Պոսթոն:

ՍԻՄՈՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աստուծոյ առաջին պատուիրանը կը դատապարտէ անկրօնութեան գլխաւոր մեղքերը. խօսքով կամ գործով Աստուած փորձելու արարքը, սրբապղծութիւնը եւ սիմոնականութիւնը։ Սիմոնականութիւնը (ԳՈՐԾՔ. Ը 9-24) կը սահմանուի իբրեւ գնումը կամ վաճառքը հոգեւոր իրականութիւններու։

ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌԵԱԼ ՀԱՒԱՏՔ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հաւասարակշռեալ եւ ներդաշնակ հաւատացեալը այն է՝ որ հոգեւոր գիտութեան առընթեր՝ կ՚աշխատի նաեւ աշխարհային գիտութեան տիրանալ, քանի որ մարդ հոգի է ե՛ւ մարմին։ Այսօր, պէտք է խոստովանիլ եւ ընդունիլ, որ «Ես միայն Սուրբ Գիրք կը կարդամ»ի դարը անցած է։ 

ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿԸ (Ե.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի ամենէն իմաստուն ու յաջողակ մարդոցմէ մին իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Յաջողութիւնը շատ անգամ աւելի վտանգաւոր է՝ քան ձախողութիւնը: Յաջողութիւնը մարդուն կրնայ համոզել, որ ինք չի՛ կրնար սխալիլ»։ 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Թէեւ թզենին ընձիւղ (=ծիլ, բողբոջ) չտայ, որթատունկերուն վրայ պտուղ չըլլայ, ձիթենիին բերքը ստէ, արտերը կերակուր չտան, փարախէն ոչխարը պակսի, գոմերուն մէջ արջառ չըլլայ, սակայն ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ, իմ փրկութեանս Աստուծմովը պիտի ուրախանամ։ 

ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿԸ (Դ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհի վրայ կան մարդիկ, որոնք կ՚ուզեն յաջողիլ՝ առանց սկսելու. կ՚ուզեն յաջողիլ՝ առանց բան մը «վտանգելու» եւ գուցէ այդ սպասումն է պատճառը, որ կը շարունակեն մնալ հոն՝ ուր էին նախապէս։ Եթէ մարդ կ՚ուզէ վազքի մէջ ախոյենութեան հասնիլ, չի՛ կրնար արդիւնքը գիտնալ ու հասկնալ՝ մինչեւ վազքի դուրս չգայ։ 

ԱՒԱՆԴԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աւանդապահութիւնը որքան օգտակար է, այնքան վնասակար է աւանդապաշտութիւնը եւ մանաւանդ անպէտ եւ անիմաստ աւանդութիւններուն կառչած մնալու ջանքերը՝ որոնք մարդիկը կը տանին նախապաշարումի։

Էջեր