ԱՅՐ ՄԱՐԴՈՒ ԳԵՐԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆԸ
Քաղաքակրթութիւնը, աւելի քրիստոնէութիւնը բաւական սրբագրած են այր մարդուն՝ կնոջ վրայ ունեցած իրական գերազանցութեան մը սխալ ըմբռնումը, նաեւ այր-մարդու եւ կին-մարդու միջեւ յարգի եւ արժէքի սխալ չափանիշը ուղղուելու վրայ է, ինչպէս նաեւ երկու սեռի հաւասարութեան գաղափարը հետզհետէ ամէն կողմ գետին կը գտնէ. «Ալ ո՛չ հրեայի եւ հեթանոսի խտրութիւն կայ, ո՛չ ստրուկի եւ ազատ մարդու, ո՛չ ալ արուի եւ էգի…». (ԳԱՂ. Գ 28)։ Ուստի, մարդ որքան քաղաքակրթուի, դաստիարակութիւնը որքան զտուի եւ կրթութիւնը տարածուի, մարդոց խորհելու եղանակը որքան լայննայ եւ խորանայ՝ կիներու արժէքը եւ դիրքը իրենց արժանի տեղը կը գտնեն, եւ այսպէս մանչ եւ աղջիկ զաւակներու տարբերութիւնը կը վերնայ, այնպէս որ ճշմարտապէս զարգացած եւ լուսամիտ ծնողք մը իր աղջիկ զաւակին ծնունդին համար այնքան կ՚ուրախանայ՝ որքան պիտի ուրախանար մանչ զաւակի մը համար։
Դժբախտաբար այր-մարդու գերազանցութեան սխալ ըմբռնումէն բոլորովին զերզ չեն շատ այրեր նոյնիսկ շատ աւելի լուսաւորեալ միտքեր եւ կին-մարդը յայտնապէս կամ լռելեայն համակերպած ըլլալ կը թուի իր այս ստորադաս դիրքին։ Թերեւս գերադասութեան այս գաղափարն է նաեւ մէկ պատճառը, որուն համեմատ ամուսնութեան ատեն ընտրութեան եւ առաջարկութեան իրաւունքը այր-մարդուն կը պատկանի եւ կին-մարդուն բաժինը կ՚ըլլայ լոկ այդ առաջարկը ընդունիլ կամ մերժել, եթէ տգէտ եւ յաւակնոտ այրեր կնոջ մերժելու իրաւունքն իսկ չեն զլանար անոնց։
Այր-մարդուն գերազանց համարուելու պատճառը, պատմականօրէն պատճառը թերեւս սա է, թէ այր-մարդը իր ուժով, իր ֆիզիքական կարողութիւններով, նիւթական արդի արդիւնաբերութեամբ աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնէ եւ կին-մարդը տգէտներու եւ անգիտակիցներու ըմբռնումով կարասիէ մը կամ առարկայէ մը աւելի արժէք չունէր։ Պարզապէս նիւթապաշտական գաղափար մը եւ կեանքի երեւութական առաւելութիւն մը՝ իմացական եւ զգացական առաւելութիւն մը՝ իմացական եւ զգացական առաւելութիւններու վրայ։ Այս տիրող գաղափարին համար է, անշուշտ, որ ամէն իշխանութիւն, գերազանցութիւն եւ հեղինակութիւն այրերուն մենաշնորհը դարձած էր պատմութեան մէջ՝ շատ տեղեր։
Արդարեւ, այր-մարդը եւ կին-մարդը ստեղծուած են, այսինքն ուզուած են Աստուծմէ, մէկը կողմէն՝ մարդկային անձերու կատարեալ հաւատարմութեամբ, իսկ միւս կողմէն այր-մարդու եւ կին-մարդու իւրայատուկ լինելութեամբ։
Այրը եւ կինը համազօր արժանաւորութեամբ ստեղծուած են «ըստ Աստուծոյ պատկերին»։ Իրենց «այր-մարդ»ու եւ «կին-մարդ»ու լինելութեամբ անոնք Արարչին իմաստութիւնը եւ բարութիւնը կ՚արտացոլացնեն։ Ստեղծուած միատեղ, այր-մարդը եւ կին-մարդը մին միւսին համար ուզուած են Աստուծմէ։ Այր-մարդը եւ կին-մարդը եղած են «մին միւսին համար». սակայն ո՛չ թէ Աստուած զանոնք «կիսատ» եւ «անկատար» ստեղծեց. Աստուած ստեղծեց զանոնք անձերու հաղորդակցութեան համար, որ մէկը միւսին «օգնական» ըլլայ եւ զիրար ամբողջացնեն, որովհետեւ անոնք թէ՛ իրարու հաւասար են իբրեւ անձ. «ոսկո՛ր՝ իմ ոսկորներէս…» եւ թէ զիրար լրացնող են իբրեւ արու եւ էգ։ Ամուսնութեան մէջ Աստուած զանոնք իրարու կը միացնէ այնպիսի ձեւով մը՝ որ կազմեն «միայն մէկ մարմին». (ԾՆՆԴ. Բ 24) եւ կարենան փոխանցել մարդկային կեանքը. «Աճեցէ՛ք, բազմացէ՛ք եւ լեցուցէ՛ք երկիրը». (ԾՆՆԴ. Ա 28)։
Այր-մարդը եւ կին-մարդը իբրեւ ամոլներ եւ ծնողներ, միայատուկ ձեւով կը գործակցին Արարչին գործին մարդկային կեանքը իրենց սերունդներուն փոխանցելով։ Թէ՛ այր-մարդը եւ թէ կին-մարդը մին միւսին համար ստեղծուած են, ինչ որ կը հաստատէ Սուրբ Գիրքը. «Լաւ չէ՛ որ մարդը առանձին ըլլայ». (ԾՆՆԴ. Բ 18)։ Կին-մարդը՝ ըլլալով «մարմին անոր մարմինէն». (ԾՆՆԴ. Բ 23), անոր ՀԱՒԱՍԱՐ եւ անոր մօտիկ, Աստուծմէ տրուեցաւ «մարդ»ուն իբր «օգնական». (ԾՆՆԴ. Բ 18), այսպէս ներկայացնելով այն Աստուածը՝ որ մեր օգնականն է. (ՍԱՂՄ. ՃԻԱ 2)։ «Ասոր համար մարդը պիտի թողու իր հայրը եւ մայրը եւ պիտի կապուի իր կնոջ եւ երկուքը պիտի ըլլան մէկ մարմին». (ԾՆՆԴ. Բ 24)։
Նոյն Ի՛նքն Տէրը ցոյց կու տայ, թէ ասիկա իրենց երկու կեանքի անբաժանելի միութիւնը կը նշանակէ, երբ կը վերյիշեցնէ թէ «սկիզբէն» իսկ ի՛նչ եղած էր Արարչին «ծրագիր»ը. (ՄԱՏԹ. ԺԹ 4), եւ «Ուրեմն անոնք այլեւս երկու մարմին չեն, այլ՝ մէկ մարմին». (ՄԱՏԹ. ԺԹ 6)։
Ըստ մեր հաւատքին, մեր ցաւալիօրէն նկատած ընտանեկան անկարգութիւններ չեն ծագիր մարդուն՝ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն բնութենէն, ո՛չ ալ անոնց յարաբերութիւններու բնութենէն, այլ՝ մե՛ղքէն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 4, 2026, Իսթանպուլ