ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱԼԱԾԵԼՈՒ ՀՈՒՆԳԱՐԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ

Ամիս մը ետք՝ յունիսին դարձեալ պիտի շարունակէ եկեղեցի-պետութիւն հակամարտութիւնը։ Ինչպէս նախապէս ըսինք, այս բոլորը պարզապէս խաբուսիկ զինադադարի շրջան մըն է. այնպէս ինչպէս օձը իր մորթը փոխելով նկարագիրը չի փոխեր, նոյնպէս ալ մարդիկ իրենց դիտաւորութիւնները դիւրութեամբ չեն փոխեր: Անշուշտ, դժբախտաբար, հայ ժողովուրդին մէջ տակաւին կան անխելք ու թանձրամիտ մարդիկ, որոնք կը շարունակեն հաւատալ, որ այս մէկը ո՛չ թէ եկեղեցւոյ, այլ կաթողիկոսին դէմ ուղղուած պայքար մըն է. նման անխելքներու համար այս յօդուածը թող որպէս դասագիրք ծառայէ։

Պետութիւն-եկեղեցի հակամարտութիւնը լոկ հայ ժողովուրդին յատուկ երեւոյթ մը չէ. ինչպէս ըսուած եւ նոյնիսկ փաստուած է «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ»։ Այսօրուան հակամարտութիւնը շատ աւելի լաւ հասկնալու համար կրնանք այլ պետութիւններու պատմութիւնը սերտել եւ փորձել մտածել ու հասկնալ. անցնինք դասի. 

Մեր թուականէն 77 տարիներ առաջ՝ 1949 թուականին Հունգարիոյ պետութիւնը տեղի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ դէմ պայքար յայտարարեց։ Օրուան վարչապետը եկեղեցին որակեց որպէս «քաղաքական սպառնալիք», որովհետեւ ժողովուրդին վրայ ազդելու մեծ կարողութիւնը ունէր: Հունգարիոյ այդ պայքարը նմանակն է մերօրեայ պայքարին։ Եկեղեցւոյ ազդեցութիւնը տկարացնելու համար պետութիւնը առաջին հերթին պետականացուց եկեղեցւոյ պատկանող դպրոցները։ Այս մէկը պատճառ եղաւ, որ եկեղեցին իր ձեռքէն կորսնցնէ կրթութեան վրայ ունեցած իր հեղինակութիւնն ու հսկողութիւնը։ Պետութեան երկրորդ գործը եղաւ այն՝ ինչ Հայաստանի մերօրեայ իշխանութիւնը ի սկզբանէ կատարած է. դպրոցներէն ու կրթական համակարգէն դուրս դրուեցաւ եկեղեցագիտութիւնը։ Անշուշտ, այս հակառակութիւնը պատճառ եղաւ, որ եկեղեցին ի՛նք եւս քաղաքական կոչերով հրապարակ դուրս գայ եւ պայքար սկսի կառավարութեան այս որոշումներուն ու մօտեցումներուն դէմ։ Հունգարիոյ կառավարութիւնը ամէ՛ն ջանք ի գործ դրաւ, որպէսզի յաջողի ձերբակալել ու բանտարկել օրուան եկեղեցւոյ պետ Ժոզէֆ Մինծեթին: Այնպէս ինչպէս Հայաստանի մէջ այսօր, 1949 թուականին ընդդիմադիր կուսակցութիւններ ապաստան գտան եկեղեցւոյ հովանիին տակ։ Այս երեւոյթին դիմաց օրուան վարչապետ եւ եկեղեցւոյ դէմ պայքարի հիմնական «հերոս» Մաթիաս Ռաքոցի հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ. «Պիտի ճզմենք որեւէ ընդդիմութիւն, մինչեւ իսկ եթէ փորձուի Եկեղեցիի տարազին տակ ապաստանիլ»: 

Այնպէս ինչպէս Փաշինեանի իշխանութիւնը փորձեց իր անօրէն միջոցներով արգելք հանդիսանալ կրօնական ժողովներու գումարման, նմանօրինակ ընթացք ունեցան նաեւ Հունգարիոյ իշխանութիւնները. եկեղեցական տօներու ժամանակ արգիլեցին շոգեկառք կամ այլ փոխադրամիջոցներու օգտագործումը՝ որպէսզի մարդիկ եկեղեցի չյաճախեն։ Սակայն, օրուան մամուլը կը յայտնէ, որ հակառակ այդ արգելքներուն, եկեղեցական տօներուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան հարիւր հազար հաւատացեալներ՝ որոնք հեռուներէն քալելով հասած էին իրենց հաւատքին ետեւէն: 

Հունգարիոյ կառավարութիւնը այսքանով չբաւարարուեցաւ. յաջողեցաւ ընել այն՝ ինչ մտադիր է Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը ընել. զանազան մեղադրանքներով ամբաստանուեցաւ եկեղեցւոյ պետ Ժոզէֆ Մինծեթին։ Տեղի ունեցաւ ցուցադրական մեծ դատավարութիւն մը, ուր եկեղեցականը ամբաստանուեցաւ դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան մեղադրանքներով եւ դատապարտուեցաւ ցմահ ազատազրկման։ Նոյն ընթացքին նոյնիսկ առանց մեղադրանքի ձերբակալւեցան բազմաթիւ եկեղեցականներ եւ վերջաւորութեան Հունգարիոյ մէջ իրականացաւ այն՝ ինչ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կ՚երազէ… եկեղեցին սկսաւ գործել պետութեան հսկողութեան տակ: 

Այս բոլորը տեղի ունեցաւ պարզ այն պատճառով, որ եկեղեցւոյ պետը իր քննադատութիւնը բարձրացուց իշխող ղեկավարութեանց հանդէպ՝ այնպէս ինչպէս ըրաւ Էջմիածինը։ Եկեղեցւոյ կողմէ կատարուած նման քաղաքական ընդդիմադիր յայտարարութիւններ ժողովուրդին վրայ մեծ ազդեցութիւն կրնար ունենալ. պետութեան վախը մէկ էր. եկեղեցին կրնար համախմբել ժողովուրդը եւ դուրս գալ իշխանութեան դէմ։ Յիշեցէ՛ք 2018 թուականը. Սերժ Սարգիսեանի իշխանութիւնը տապալելու ժամանակ ինչ ազդեցութիւն ունեցաւ եկեղեցւոյ այդ պայքարին միանալը: 

Դասը պարզ ու յստակ է. այժմ աշակերտը պէտք է պատասխանէ. տակաւին կը հաւատա՞ք, որ այս մէկը կաթողիկոսի անձին դէմ մղուած պայքար մըն է. կը հաւատա՞ք, որ անոր սրբակենցաղ ըլլալ-չըլլալուն հետ կապ ունեցող խնդիր մը չէ այս բոլորը. նոյն կաթողիկոսը բարձրաձայնուած բարոյական խնդիրները ունէր տասը տարի առաջ՝ այն ժամանակ, երբ Փաշինեան սիրալիր ձեւով կը սեղմէր անոր ձեռքը: Եթէ քիչ մը խելք գործածէք, ապա պիտի հասկնաք, որ այս բոլորը ունի մէկ հիմնական նպատակ. պետութեան հսկողութեան տակ առնել եկեղեցին. նշանակել կաթողիկոս մը՝ որ իշխանութեան կամակատարը պիտի ըլլայ։ Անշուշտ, այս մէկը հասկնալու համար այնքան ալ շատ իմաստութեան կարիքը չկայ. պահ մը մտածեցէք. եթէ Հայաստանի իշխանութեան հիմնական հարցը կաթողիկոսին սրբակենցաղ ըլլալ-չըլլալն է, ապա ինչո՞ւ կը փորձեն եկեղեցւոյ իրաւունքները սահմանափակել. ինչո՞ւ կը բողոքեն, որ եկեղեցին հարկ չի վճարեր, ինչո՞ւ կը փորձեն եկեղեցւոյ պատկանող շատ մը կալուածներ պետականացնել՝ ներառեալ եկեղեցիները. չէ՞ որ հարցը անձի մը բարոյականութեան հետ է… 

Հունգարիոյ պարագան եղած է անցեալ. ո՛չ վարչապետը ողջ է եւ ո՛չ եկեղեցւոյ պետը, սակայն, պետութիւնն ու եկեղեցին կը շարունակեն գոյատեւել։ Այս մերօրեայ պայքարը եւս նոյն վիճակն ու ճակատագիրը պիտի ունենայ։ Այս բոլորը յիշեցէ՛ք՝ երբ մի քանի ամիսներ ետք լսէք ու կարդաք Վեհափառ Հայրապետի ձերբակալութեան հաղորդագրութիւնը:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Հայ մարդը ամէն բանի համար դրամ չի խնայեր, բայց երբ հերթը գայ հայ գիրքին ու թերթին, հազար տեսակ հնարամտութեան կը դիմէ, պարտականութենէ խուսափելու համար:

ԱՆՅԱՅՏ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026