ՊԱՏԱՍԽԱՆ՝ ՈՐ «ԱՄԷՆ» ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
Եթէ շատեր կը շարունակեն հաւատալ, որ ազգովին նահանջի մէջ չենք ու դէպի պայծառ ապագայ կ՚առաջնորդուինք, ապա թող ականջ տան կարեւոր այս հարցման, որ Աստուած գիտէ քանի՜ երրորդ անգամ ըլլալով պատասխանելու դժբախտ «բախտաւորութիւնը կ՚ունենամ. «Հայերէն կարդալ գիտե՞ս…»:
Արեւելահայը այս կենսական հարցադրումը կատարելու հարկը կը զգայ, որովհետեւ քիչ չէ թիւը այն երիտասարդ արեւմտահայերուն, որոնք իրենց մայրենիին դիմաց օտար կը մնան։ Շատերու բերնէն այս հարցադրումը կարեկցանքի, իսկ ուրիշներուն մօտ հեգնանքի շեշտ մը կ՚ունենայ։ Զարմանալի չէ, որովհետեւ քիչ չեն այն արեւելահայերը, որոնք իրենք զիրենք շատ աւելի հայ ըլլալ կը կարծեն: Անշուշտ, իւրաքանչիւր արեւմտահայ այս հարցին ունի պատասխան մը. դժբախտաբար այդ պատասխանը միաբերան «այո» մը չէ (ինչ որ կ՚ուզենք ըլլայ՝ ինչ որ շա՜տ վերացական «երազ» մըն է), սակայն, կայ «ըսուած» եւ «չըսուած» պատասխաններ եւ այսօր մեր այս գրութեամբ այդ չըսուած պատասխանն է, որ կ՚ուզենք տալ։ Ինչքա՜ն պիտի ուզէինք այդ հարցը տուող արեւելահային ըսել՝ մա՛նաւանդ իրենք զիրենք «աւելի հայ» նկատողներուն.
«Հայերէն գրե՛լ ալ գիտեմ՝ կարդալ ալ եւ գուցէ տեղ մը գիտցածէդ շա՜տ աւելին, որովհետեւ այն լեզուն, զոր կը խօսիս՝ որուն հայերէն ըլլալը կը կարծես, քիչ մը հայերէնէ զատ ամէ՛ն բան է. քու բառերովդ ըսած, այդ մէկը հասկնալու համար «էքստրասենս» ըլլալու կարիքը չկայ, բաւարար է, որ պահ մը «պաուզա» մը տաս ու լուրջ ձեւով մտածես այդ բոլորին մասին։ Այն ժամանակ է, որ «ավտոմատ» ձեւով պիտի հասկնաս այս տողերուն իմաստը: Եթէ կը կարծես այդ օտար բառերը լեզուին «էսթետիկա» մը կու տան, չարաչար կը սխալիս։ Լեզուն «կարիկատուրա» մը չէ, որպէսզի զարդարես. լեզուն գիտութիւն է՝ իր օրէնքներով ու կանոններով։ Հաւատքի պէս «աբստրակտ» հասկացողութիւն մը չէ, որպէսզի մարդ իր հաւատքին համաձայն ապրի՝ այս պարագային խօսի: Այդ զարդարանքէն հայ ժողովուրդը «դիվիդենտ» մը չունի. նման ընթացք մը պարզապէս մահավճիռի «դեկլարացիա» մըն է թէ՛ հայ ժողովուրդին, թէ՛ հայ մշակոյթին եւ թէ լեզուին: Լեզուն մեր սեփական «շտամպ»ին կարիքը չունի…
Եթէ հայերէն ըսելով նկատի ունիս նման հայերէն մը՝ այդ պարագային կրնանք ըսել, թէ տեղ մը «իրաւունք ունիս», որովհետեւ հայերէնէ հեռու այս հայերէնը անծանօթ լեզու մըն է բազմաթի՜ւ արեւմտահայերու համար: Անպայմանօրէն այս մէկը «ռադիկալ» որոշումներու եւ փոփոխութեանց կը կարօտի, որովհետեւ նման ընթացքով ապրիլը երբեք ալ «պրոդուկտիվ» չէ. այս ընթացքով չենք կրնար լեզուն պահել իր «ֆենոմենալ» վիճակին մէջ:
Անշուշտ, այս բոլորը ըսելով լոկ արեւելահայը չէ՛, որ կը մեղադրենք. նոյնքան մեղաւոր է նաեւ արեւմտահայը, որ շատ անգամ օտարին լեզուով կը մտածէ եւ կը փորձէ միտքը հայերէնի թարգմանել։ Մեր նահանջի մեծագոյն փաստը այն է, որ մեր լեզուին կողքին օտարացած է նաեւ մեր մտածելակերպը՝ ինչ որ աւելի վտանգաւոր է, քան լեզուի մոռացութիւնը: Հայաստանի մէջ ապրող արեւելահայը Խորհրդային Միութեան շունչին տակ ապրելով լեզուն «զարդարեց» ռուսերէն բառերով. Լիբանան կամ Սուրիա ապրող հայը՝ արաբերէնով, Ամերիկա ապրողը՝ անգլերէնով եւ այսպիսով արդէն իսկ երկուքի բաժնուած մայրենի լեզուն ինքն իր մէջ բաժնուեցաւ քսանի, յիսունի եւ երբեք մէկ չկրցաւ դառնալ:
Հին աշխարհը ունէր յայտնի մտածում մը. բաժնէ՛ որ տիրես։ Այդ կողմէ հայ ժողովուրդը օտարը յոգնեցնել չ՚ուզեր. անոնց փոխարէն ի՛նք ինքզինք ինքն իր մէջ կը բաժնէ։ Հայ ազգը այս կապակցութեամբ կրնայ աշխարհը կրթել, որովհետեւ դժուար է գտնել միութեան կարեւորութեան մասին խօսող, սակայն, երբեք միանալու մասին չմտածող այլ ազգ մը գտնել։ Լաւ որ որպէս քրիստոնեայ ազգ քիչ մըն ալ հեռու ենք մեր հաւատքէն… այլապէս եթէ ի գործ դնէինք «Ինչ որ երկու հատ ունիս, ուրիշին տուր» սկզբունքը, ապա չէինք կրնար ունենալ մի քանի տասնեակ հայերէններ, կուսակցութիւններ ու բոլոր այն բաները՝ որոնցմէ կարելի է երկու հատ ունենալ:
Մարդկային մօտեցումով «երկրորդ» մը ունենալը մի՛շտ շահեկան է. նոյնիսկ մեքենայի մէջ աւելորդ երկրորդ անիւի մը գոյութիւնը նոյնիսկ նպաստաւոր է. բայց եթէ նայինք մեր ազգին, մենք երկու հատ ունինք բոլո՛ր այն բաներէն՝ որոնցմէ իրականութեան մէջ մէկ հատ պէտք է ունենանք: Երկուքը կարծես չբաւէ, կամաց կամաց ծնունդ կու տանք երրորդին. օրինակի համար, արեւմտահայերէն-արեւելահայերէնը կարծես չէր բաւեր, մէյ մըն ալ ուղղագրութիւնը բաժնեցինք։ Այս ապշեցուցիչ իրողութեան դիմաց ամենէն «խելացի»ները պարսկահայերը եղան. չուզեցին նեղացնել. արեւելահայերէն առին խօսակցական լեզուն եւ պահեցին արեւմտահայերէն ուղղագրութիւնը՝ այսպիսով ծնունդ տալով հայերէնի մը, որ ո՛չ արեւմուտքին եւ ո՛չ ալ արեւելքին կը պատկանի:
Այս այլանդակ քաոսին մէջ «աւելի հայ» փնտռելը խեղկատակութիւն է. այս բոլորը նկատի ունենալով «հայերէն գիտե՞ս» հարցին պէտք է տալ «հոգեւոր» պատասխան մը՝ յոյսով ու հաւատքով լեցուն. «Ե՛ս գիտեմ… հիմնականը ինծի յաջորդող սերունդները գիտնա՛ն», անշուշտ, կարելի է աւելցնել «Ամէն» մըն ալ եւ վերածել աղօթքի, որովհետեւ այս անտարբերութենէն դուրս գալու համար որպէս վերջնական լուծում մնացած է միայն հրաշքը:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Գաղափարը միշտ մեծ է, ու կը մնայ մեծ, ինչ որ ալ ըլլան անոր սպասարկուները, եւ հայութիւնը, արմենականութիւնը, գաղափար մըն է, լուսաւոր մտածում մը, դարերէն եկող եւ դարերուն սահմանուած լոյսի ճամբայ մը:
ԿԱՐՕ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան