ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՐԳԱՆՔ
«Ոսկորներս Քեզի համար ծածուկ չէին, երբ ես կազմուեցայ գաղտնապէս, հիւսուած երկրին ընդերքներուն մէջ». (ՍԱՂՄ. ՃԼԹ 15)։
«Դուն տակաւին չձեւաւորուած մայրենի արգանդին մէջ, Ես կը ճանչնայի քեզ։ Դուն տակաւին չելած արգանդէն Ես սրբացուցի քեզ». (ԵՐՄ. Ա 5)։
Մարդ, իրաւական «անձ» կ՚ըլլայ այն պահէն՝ երբ որպէս սաղմ մօր արգանդին մէջ է։ Քանի որ յղութենէն սկսեալ, սաղմը պէտք է իբր «անձ» նկատուի, ան պէտք է պաշտպանուի իր ամբողջականութեան մէջ, եւ կարելիութեան չափով խնամուի եւ բուժուի, հոգածութեան արժանանայ, ինչպէս ուրիշ ոեւէ մարդկային էակ։
Նախածննդական ախտաճանաչումը բարոյապէս օրինաւո՛ր է, եթէ կը յարգէ կեանքը եւ ամբողջականութիւնը մարդկային նախասաղմին եւ սաղմին, եւ եթէ կը ձգտի անոր պահպանումին կամ անոր անհատական բուժումին։ Ան բարոյական օրէնքին ծանրօրէն կը հակադրուի, երբ կը նախատեսէ, ըստ արդիւնքներուն, վիժում կատարելու հաւանականութիւնը։ Ախտաճանչում մը պէտք չէ՛ համազօր ըլլայ «մահավճիռ»ի։ Այս ուղղութեամբ, հարկ է իբրեւ օրինաւոր նկատել մարդկային նախասաղմին վրայ կատարուող միջամտութիւնները՝ պայմանաւ, որ անոնք յարգեն կեանքը եւ ամբողջականութիւնը նախասաղմին եւ անոր դէմ անհամաչափ վտանգներ չբերեն, այլ ձգտին անոր բուժումին, անոր առողջութեան պայմաններու բարւոքումին կամ անոր անհատական վերապրումին։ Անբարոյ կը նկատուի արտադրել մարդկային նախասաղմեր՝ որոնք սահմանուած են շահագործուելու իբրեւ կենսաբանական տրամադրելի նիւթ։
Նախաբջիջային կամ ծննդական տարրերու բնագաւառէն ներս միջամտելու կարգ մը նախափորձեր բուժական չե՛ն, այլ կը ձգտին արտադրելու մարդկային զտուած էակներ, ըստ սեռին կամ ըստ կանխաւ սահմանուած յատկութիւններու։ Այս խարդախումները հակառա՛կ են մարդկային էակին առանձնական արժանապատուութեան, անոր ամբողջականութեան եւ անոր ինքնութեան՝ որ միա՛կ է եւ անկրկնելի։
Մարդկային կեանքը պարտի յարգուիլ եւ բացարձակ կերպով պաշտպանուիլ յղութեան վայրկեանէն սկսեալ։ Իր գոյութեան առաջի՛ն րոպէին իսկ, պէտք է վայելէ մարդկային էակը «ա՛նձ» ըլլալու իրաւունքները, որոնց շարքին՝ ամէն անմեղ արարածի կեանքի անբռնաբարելի իրաւունքը։ Առաջին դարէն սկսեալ, Եկեղեցին հաստատեց բարոյական չարութիւնը ամէն պատճառուած վիժումի։ Այս ուսուցումը չէ փոխուած։ Ան կը մնայ անփոփոխելի։ Ուղղակի, այսինքն՝ իբր նպատակ կամ իբր միջոց ուզուած վիժումը, ըսենք՝ քմայական կամ կամայական վիժումը ծանրօրէն հակառա՛կ է բարոյական օրէնքին։ Արդարեւ, վիժումով պէտք չէ՛ սպաննել նախասաղմը եւ կորուստի պէտք չէ՛ մատնել նորածինը, քանի որ Աստուած, որ կեանքին Տէ՛րն է, վստահեցաւ մարդոց կեանքին վսեմ պաշտօնը՝ զոր մարդը պարտի կատարել Անոր արժանավայել կերպով։ Կեանքը, ուրեմն, պէտք է պահպանուի ծայրագոյն խնամքով յղութենէ իսկ. վիժումը եւ մանկասպանութիւնը գարշելի՛ ոճիրներ են։ Վիժումի մը բացայայտ մասնակցութիւնը կը գոյացնէ ծանր յանցանք մը։ Եկեղեցին «բանադրանքի կանոնական պատիժ» կը սահմանէ մարդկային կեանքին դէմ գործուող այս յանցագործութեան համար։ Ուստի, ան՝ որ վիժում մը կը փորձէ կատարել եւ արդիւնք կը ստանայ, կենթարկուի վճիռով արձակուած բանադրանքին յանցագործութեան կատարումով իսկ եւ ըստ Օրէնքին նախատեսած պայմաններուն։
Ասով՝ Եկեղեցին դիտաւորութիւն չունի գթասրտութեան դաշտը սահմանափակելու։ Ան ցոյց կու տայ գործուած ոճիրին ծանրութեան կշիռը եւ անդարմանելի վնասը, որ պատճառուեցաւ սպաննուա՛ծ անմեղին, անոր ծնողներուն եւ ամբողջ ընկերութեան։
Արդարեւ, մարդկային ամէն անմեղ անհատի կեանքին անլուծանելի իրաւունքը կը կայացնէ քաղաքացիական ընկերութեան եւ անոր օրէնսդրութեան կազմիչ մէկ տարրը. անձին անլուծանելի իրաւունքները պարտին ճանչցուիլ եւ յարգուիլ ընկերութեան կողմէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 7, 2026, Իսթանպուլ