Ալէն Սիմոնեանի Գումգաբու այցելութեան լոյսին տակ… (2)
Հայաստանի ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի Գումգաբու տուած այցելութիւնը նշանակալի կը համարուի զանազան առումներով։ Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի տագնապը անխուսափելիօրէն անդրադարձ կ՚ունենայ արտասահմանի մէջ՝ քանի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աշխարհով մէկ սփռուած ցանց մըն է եւ համակարգին գլուխը կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը՝ որպէս ընդհանրական կեդրոն։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան շուրջ տագնապը, զարմանալիօրէն, ցարդ առաւելագոյն չափով առընչուած է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին հետ։ Սա, անշուշտ, արտասահմանի կտրուածքով։ Արդարեւ, վերջին շուրջ մէկ տարուան ընթացքին Ամեն. Մաշալեան Պատրիարքի դիրքորոշումը միանշանակ վերաբերմունքի չէ արժանացած։ Նորին Ամենապատուութիւնը թոյլ տուած է որոշ հակասութիւններ, որոնք բաւարար եղած են միտք պղտորելու համար։ Սկիզբին ան անվերապահ զօրակցութիւն յայտնած է Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, իսկ յաջորդած ժամանակաշրջանին նախընտրած է լուռ մնալ այն պնդումներուն դիմաց, ըստ որոնց՝ կը սպասէ Վեհափառ Հայրապետին գահընկէց ըլլալուն եւ պատրաստակամ է իր տեղը անցնելու։ Այս պնդումներուն զուգահեռ՝ շրջանառութեան մէջ մտած են նաեւ քաղաքական երեսակներու մասին՝ արդէն բոլորին ծանօթ լսումներ։ Կարճ խօսքով, օդին մէջ կախուած լեցուն հարցում կայ։
Ալէն Սիմոնեանի այցելութենէն վերջ, Պատրիարքարանէն հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը ուշագրաւ է այդ հարցականներուն տեսակէտէ։ Սիմոնեանի հետ զրոյցի ընթացքին Ամեն. Մաշալեան Պատրիարք նախընտրած է ըլլալ գրեթէ առանձին։ Իր կողքին գտնուած է միայն Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան՝ առանց որեւէ աշխարհականի։ Հանդիպումէն վերջ մամլոյ հաղորդագրութեան հրապարակման ժամկէտն ալ եղած է ուշագրաւ։ Հիւր խորհրդարանի նախագահի հետ զրոյցի տեսակցութենէն գրեթէ անմիջապէս վերջ հրապարակուած է հաղորդագրութիւնը։ Այս հանգամանքը արտասովոր է, որովհետեւ Պատրիարքարանի դիւանը կամ քարտուղարութիւնը հանդիպումներու վերաբերեալ հաղորդումները սովորաբար շատ աւելի ուշ կը հրապարակէ։
Գալով հաղորդագրութեան բովանդակութեան…Այսպէս, Ամեն. Մաշալեան Պատրիարք Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ միջեւ առկայ առճակատումները որակած է «անօգուտ» եւ այս առընչութեամբ յայտնած է իր եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներու մտահոգութիւնը։ Ան մաղթած է, թէ մօտաւոր ապագային վերջ գտնէ այս «անօգուտ ձգտեալ կացութիւնը եւ վերահաստատուին հաշտութիւնն ու համերաշխութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ»։
Պարզ է, որ Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթանքներէ անդին ոչինչ ըսած է կամ եթէ նոյնիսկ ըսած է, ապա նախընտրելի, նպատակայարմար չէ գտնուած՝ իր բանաձեւումներուն պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ տեղ գտնելը։ Թէ ի՞նչ պատկերացում ունի Ամեն. Մաշալեան Պատրիարքը տագնապի լուծման հեռանկարներուն մասին՝ յայտնի չէ։ Եկեղեցւոյ ներքին ինքնիշխանութեան, ինքնակառավարման շուրջ որեւէ դիրքորոշում արտայայտա՞ծ է կամ ոչ։ Սոյն հաղորդագրութիւնը, իրականութեան մէջ, այնպիսի բովանդակութիւն մը կրնար ունենալ, որ Նորին Ամենապատուութիւնը ուղղակի կամ անուղղակի կրնար բանալի մը մատուցել՝ իր կաթողիկոսանալուն ձգտումներուն վերաբերեալ պնդումներու յստակեցման առումով։ Յայտնի է, որ Նորին Ամենապատուութիւնը այժմ չի նախընտրեր այդ յստակութիւնը մտցնել, ուստի, անխուսափելի է այն տպաւորութիւնը, թէ հարցականներու օդին մէջ կախուած մնալը կը նկատէ նպատակայարմար։
Պատրիարքարանի հաղորդագրութեան մէջ ոչինչ ըսուած է այն մասին, թէ Ալէն Սիմոնեան ի՞նչ ըսած է կամ ինչպէ՞ս պատասխանած է Ամեն. Մաշալեան Պատրիարքին բերնէն հնչած մաղթանքներուն։ Յամենայնդէպս, յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Ալէն Սիմոնեան քաղաքավար ու պատշաճ ոճով նշեց, որ մօտալուտ ընտրութենէն վերջ այդ հարցը պիտի լուծուի։ Աւելորդ է ըսել, որ իշխանութիւնները ինչպէ՛ս կը պատկերացնեն այդ լուծումը, որուն Սիմոնեան ակնարկեց՝ բամպակի փաթթուած արտայայտութիւններով։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ամբողջին մէջ, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի կշիռը այժմ պայմանաւորուած է աւանդութիւններով եւ պատմական յիշողութեան վերաբերեալ ծալքերով։ Այդ կշիռը շատ հեռու է երբեմնի մակարդակէն, որպէսզի Պոլսոյ Աթոռի գահակալները բնականաբար դասուին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յաւակնորդներու շարքին։ Պոլսոյ Աթոռի սահմանափակ ներուժով ազդեցութիւնը կրնայ բազմապատկուիլ միայն իր գահակալի եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ներդաշնակութեամբ, զօրակցութեամբ եւ փոխադարձ վստահութեամբ։ Սա է պատճառը, որ Ամեն. Մաշալեան Պատրիարքի այժմու հաւանական յաւակնութիւններու ետին կը փնտռուին Թուրքիոյ ազդեցութիւնը կամ խրախուսանքը։ Հարցականներու օդին մէջ մնալը, անտարակոյս այժմէական կը պահեն նաեւ պետական-քաղաքական գործօնի վերաբերեալ վարկածները՝ որքան որ ալ անոնք չըլլան իրատես, չբխին իրադրութենէն կամ համազօր ըլլան դաւադրական տեսութիւններու։
Պոլսոյ մէջ Ալէն Սիմոնեանի եւ Ամեն. Մաշալեան Պատրիարքի ժամադրութիւնը գայթակղութեան մը պատճառ չդարձաւ՝ ի պատիւ երկուքին։ Յամենայնդէպս, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ գլխին վերեւ Դամոկլեան սուրի նման կախուած կը մնայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, ազգընտիր եւ օծեալ Ընդհանրական Հայրապետի գահընկէցութեան վիճակը։ Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումը յստակ է այստեղ՝ հաշուի առնելով իրենց քաղաքական նպատակայարմարութիւնները։ Պոլսոյ Աթոռի գահակալն ալ, ըստ երեւոյթին, պէտք է աւելի յստակ դարձնէ իր դիրքորոշումը։ Մշուշէն դուրս գալը, միանշանակ, կը բարձրացնէ Նորին Ամենապատուութեան վարկն ու հեղինակութիւնը, ինչ որ իր հօտին՝ թրքահայութեան հաւաքական շահերուն տեսակէտէ կենսական է։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
- վերջ -