ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ

Կարելի՞ է երեւակայել յաւիտենականութեան նշանակութիւնը։ Ընդհանրապէս մարդիկ կ՚ուզեն երիտասարդ մնալ եւ կեանքը անգամ մը եւս ապրիլ։ Բայց յաւիտենական կեանքը միա՛յն դրախտի մէջ կայ։ Պահ մը երեւակայենք, որ ո՛չ թէ հարիւր հազար կամ միլիոն տարի պիտի ապրինք կեանքը ա՛յս աշխարհի վրայ. ծերանալ կամ հիննալ, փտտիլ կամ ապականիլ, եւ ժամանակի հոլովոյթով ամէն բանին փոփոխութիւնը այս ժամանակաշրջանին կը պատկանի։

Դրախտի յաւիտենականութիւնը շարունակ թարմ, շարունակ երանաւէտ եւ փառաւոր յաւիտենականութի՛ւն է։ Հոն ձանձրոյթ ալ անկարելի, աներեւակայելի պիտի ըլլայ։ Ուստի, Աստուած ա՜յնքան մեծ, անիմանալի, սքանչելի եւ փառաւոր Անձ մըն է, որ հաւատացեալները զԻնք ճանչնալով, սորվելով եւ գիտնալով պիտի չկարենան հասկնալ, աւարտել լման գիտութիւն Իր մասին։ Բայց Ան Իր որդիները փառքէ փառք պիտի փոխէ յաւիտեան։

Փառաւոր եւ երանաւէտ վայր. ո՞վ չ՚ուզեր անոր երթալ եւ վայելել զայն։ Սակայն հոն երթալու ճամբան եւ պայմանը կայ։ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսին հարցուցեր են, թէ երկինք տանող սանդուխին առաջին աստիճանը ո՞րն է։ «Խոնարհութի՛ւն», պատասխաներ է ան։ «Երկրորդ աստիճանը ո՞րն է», հարցումին կրկին «Խոնարհութի՛ւն», պատասխաներ է։ «Իսկ երրորդ աստիճանը», հարցումին՝ «Խոնարհութի՛ւն», աւելցուցեր է ան։

Ճշմարտապէ՛ս. երկինք երթալու առաջին եւ վերջին միջոցը՝ խոնարհիլ, պզտիկնալ, սխալները տեսնել եւ, վերջապէս, զանոնք ընդունիլ եւ ամէն մէկէն դաս առնել, խոստովանիլ իր թերութիւնները եւ տկարութիւնները. աշխարհի ամբողջ ժամանակաւոր հաճոյքներէն հրաժարիլ, արցունքով ներում խնդրել, ապաշխարել եւ Տէր Յիսուսի արեան հաւատալ։ Սակայն, այս ճամբան շատերու հաճելի չի՛ թուիր. չէ՞ որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Նեղ է այն դուռը եւ նեղուած է այն ճամբան՝ որ դէպի կեանք կը տանի, եւ քիչուոր են անոնք՝ որ զանիկա կը գտնեն»։ Ուստի, մարդ պէտք է աչքերը դէպի վեր վերցնէ եւ անգամ մը տեսնէ, թէ Աստուած ի՛նչ փառաւոր վայր մը պատրաստած է։ Աստուած չի փափաքիր, որ ոեւէ մէկը դժոխք երթայ. ուստի, Տէր Յիսուսի արեամբ փրկութեան միջոց մը հայթայթեր է, որպէսզի մարդը այսպիսի հոյակապ վայր մը տնի։

Սակայն, ոմանք իրենք զիրենք կը խաբեն եւ կը ձախողին դրախտ տանող ճանբուն վրայ։ Կարելի չէ՛ դրախտ մտնել կեղծ բարեգործութիւններով եւ բարեկարգութիւններով՝ որոնք ի ցոյց մարդկան կը կատարուին փոխանակ յօժարակամ եւ ինքնակամ կատարուելու։ Այս իմաստով դրախտը ձրի կը շնորհուի հոն երթալու իրաւունք ձեռք ձգողներուն համար։

Արդարեւ, «բարի» երեւցողը չէ՛ որ դրախտ երթալու կ՚արժանանայ, այլ այն՝ որ բարիք կը գործէ՝ առանց փող հնչեցնելու կամ թմբկահարելու եւ այս կերպով առանց յայտարարելու։

Հոն գտնուող ամէն ինչ յաւիտենական պիտի տեւէ։ Սրբութիւնը, անմեղութիւնը, անմեղանչականութիւնը, խաղաղութիւնը, ուրախութիւնը, քաղցրութիւնը, համակրութիւն եւ սէր յաւիտեան պիտի տեւէ։

Վերջացնենք դարձեալ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի իմաստալից մէկ խօսքով.

«Մարդս յաջողութեան տանող սանդուխի մը ամէն մէկ աստիճանը սրբագրուած ձախողութի՛ւն մըն է…»։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 8, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մայիս 9, 2026