ՀՆԱՐԱՄՏՈՒԹԻՒՆ
Հնարամտութիւնը ձիրք մը, բարեմասնութիւն մըն է՝ որուն տառացի նշանակութիւնն է. իմաստութեամբ գործել, ուշիմութիւն եւ սրամտութիւն։ Արդարեւ, այս բարեմասնութիւնը, առհասարակ կ՚ենթադրէ «ճարպիկ ըլլալ», այսինքն շիտակ եւ արագ կերպով հարց մը լուծելու կարողութիւն ունենալ։ Եւ այս կարողութիւնը «մտային ճկնութիւն» կը պահաջէ, այսինքն՝ համակերպիլ եւ խորաթափանց ըլլալ։ Դիպուկ, յարմար միջոցներ որոնել հնարամտութեան յայտնի յատութի՛ւնն է։ Հնարամտութեան մերձաւոր բառեր են՝ արագամտութիւն, հնարագիտութիւն, կորովամտութիւն։
Հետեւաբար, ըմբռնումի, հասկնալու եւ մեկնաբանելու հարց մըն է բառին տրուած իմաստը, ընդհանրապէս եւ ամէն բառ ունի աստիճաններ՝ զայն գործածողին մտային կարողութեան եւ տարողութեան համեմատ։ Եւ նաեւ կան շատ բառեր, որոնք մերձիմաստ կամ հոմանիշ եւ համանշան բառեր ունին, որոնց մէջ անշուշտ նրբերանգներ կը գտնուին։
«Հնարամտութիւն» բառը եւ ընդհանրապէս բոլոր բառերը գործածողին համեմատ կրնան բոլորովին տարբեր առումներ ունենալ եւ ըստ այնմ ազդեցութիւն գործել կամ հակազդութիւններու առիթ տալ։ Եւ այս ուղղութեամբ, «հնարամտութիւն» բառն ալ երբ յետին միտքով, կամ հեգնական ոճով երբ գործածուի, անշո՛ւշտ, արժանապատուութեան վիրաւորանքներու պատճառ կրնայ դառնալ։ Այս կէտին՝ մարմնական լեզուն ալ կարեւոր դեր կը խաղայ անկասկած։
Հմտութիւնը, որպէս հնարամտութիւն, պէտք է ընկերակցի գիտութեան հետ, ուստի, հնարամտութիւն եւ գիտութիւն մէկզմէկ կ՚ամբողջացնեն։ Հնարամտութիւն եւ գիտութիւն երբ համընթաց ըլլան, շիտակ եւ նպատակայարմար կ՚ըլլայ անոնց գործնականութիւնը։ «Իմ չգիտցածս գիտնալ, չգիտցածիս անդրադառնալ իմաստութի՛ւն է», կ՚ըսէ իմաստուն-իմաստասէր Սոկրատ։ Իսկ Ալպերթ Այնշթայն կ՚ըսէ. «Ո՛րքան շատ գիտութիւն՝ ա՛յնքան քիչ ստորակայական բարդոյթ, որքան քիչ գիտութիւն, այնքան շատ ստորակայական բարդոյթ»։ Ուրեմն, գիտութիւն եւ ստորակայական բարդոյթ խոտոր համեմատական են, բայց պէտք է շեշտել՝ գիտութիւնը եթէ ճշմարիտ գիտուններու ձեռքն է, այն ատեն կ՚իրականանայ այս սկզբունքը։ Արդարեւ, կարծեցեալ եւ ինքնակոչ «գիտուն»ներու համար գործադրելի չէ՛ այս սկզբունքը, մա՛նաւանդ կեղծ, կարծեցեալ գիտունը աւելի շատ ստորակայական բարդոյթի տակ է, քան համեստ գիտութեան տէր մէկը՝ որ գիտէ իր չափը եւ կշիռը եւ սահմանը գիտութեան նկատմամբ։
Հնարամտութիւնը գիտութեան հետ համընթաց, կարեւոր դեր մը կը խաղան մարդուս հոգեմտաւոր կեանքին մէջ՝ ուղղութիւն տալով անոր բնականոն ընթացքին։ Ուստի, գիտութիւնը կը զարգացնէ հնարամտութիւնը եւ առիթ կու տայ, որ ան գործածուի օգտակար հանդիսանալու համար համայն մարդկութեան։ Եւ այս կը նշանակէ հաւատարիմ մնալ մարդուն սկզբնական կոչումին՝ իրերօգութեա՛ն։
Հնարամտութիւնը ինքնին, մինակ վիճակի մէջ այնքան օգտակար չի կրնար ըլլալ, քանի որ ամէն առարկայ կրնայ օգտակար ըլլալ, երբ գիտակցութեամբ եւ ճի՛շդ նպատակին կը գործածուի։ Ուրեմն, հնարամտութիւնը պէտք է զարգանայ, աճի, որպէսզի օգտակար առարկայ մը, գործիք մը ըլլայ մարդուն։ Գիտութիւնը, արդարեւ, «մղիչ ուժ»ն է հնարամտութեան, որ ան ալ նոյնպէս կը կանոնաւորէ գիտութիւնը։
Արդարեւ, ձեռք ձգուած յաջողութիւններ, յաղթանակներ ո՛չ անպատասխանատու դիպուածին եւ ոչ իսկ կոյր բախտին արդիւնքներն են։ Ուստի, ամէն յաջողութեան, ամէն յաղթանակի մէջ կա՛յ գիտութեան եւ հնարամտութեան գործակցութեան՝ իմաստութեամբ եւ խելացութեամբ, առողջ միտքով գործածութեան առաջնակարգ եւ կարեւոր բաժինը։
Ոմանք, ընդհանրապէս, մէկու մը յաջողութիւնը, քիչ մըն ալ ստորագնահատելու նպատակով, սովորական «բախտ»ի արդիւնք կը սեպեն. իմաստութիւնը, հնարամտութիւնը եւ գիտութիւնը կ՚անտեսեն, անկարեւոր կը նկատեն։ Ոմանք ալ իմաստութեան, հնարամտութեան, գիտութեան եւ ամբողջ բնութեան ստեղծիչը՝ զԱստուած կ՚ուրանան։ Եթէ անոնք մարդկային բոլոր կարողութիւններուն ակնաղբիւրը, սկզբնական պատճառը փնտռել փորձեն՝ պիտի հասնին Ամենակարողին՝ Աստուծոյ։
Ուստի, բնածին յատկութիւններու հետ՝ գիտութիւն, աշխատութիւն, կարգապահութեան, անթեքելի անշեղ ուղղամտութեան հետ՝ ջանասիրութիւն, գործի մնայուն յաջողութեան անհրաժեշտ պայմաններն են։ Յաջողութիւնը այս բոլորին բաղադրութիւնն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 9, 2026, Իսթանպուլ