Թրքահայ կեանք

ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

Այսու կու գանք մեր ընթերցողներուն տեղեկացնել, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վարչութիւնն ու խմբագրութիւնը համախոհաբար որոշած են թերթիս համար ակամայ սահմանել նոր սակագին մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօրուընէ սկսեալ կը վաճառուի 5 (հինգ) թրքական լիրա փոխարժէքով։

Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, որուն կ՚ընկերանային Էսաեան սանուց միութեան վարչութենէն Մարիամ Տրամէրեան եւ Վարդուհի Մսըրլեան։

ՄԱԼԱԹԻԱՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Մալաթիահայոց Հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Կարապետ Օրունէօզի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ, ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ, ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ ԵՒ ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՀԱՄԱԼԻՐԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան երէկ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին ներկայացան՝ շնորհաւորելու համար 29 Հոկտեմբերի Հանրապետութեան տօնը։

«ՀԱՅ ԿԻՆԸ» ՆՈՐՈՎԻ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած եւ մօտաւոր անցեալին համայնքային շրջանակներէն ներս համատարած գնահատանքի արժանացած՝ «Հայ կինը. մշակութային եւ հասարակական կեանքի մէջ» խորագրեալ ձեռնարկը շաբաթավերջին կրկնուեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ։

Էջեր