Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողոմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հայրետտին Քարամանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն անդամներէն Քոզէթ Ավանուսն ու Նուպար Մանավեանը։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ կիրակի, նոյեմբերի 19-ին նախատեսուած է Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ Պաքըրգիւղի ընտանիքը զօրակոչի ենթարկուած է։

ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

ԹՎՄ-Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ երեկոյեան իր հերթական ժողովը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Ժողովը գլխաւորեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։

ԹԻՐԱԽԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ վրայ, որու համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ երէկ Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցան՝ Ընտանիքի եւ ընկերային ծառայութիւններու նախարար Մահինուր Էօզտեմիր Կէօքթաշի հետ։

ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏՈՒԹԵԱՆ ԽՐԱԽՈՅՍ

Համայնքային շրջանակները այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ ժամադրուած են՝ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան համար:
Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը բոլոր սաները շարժման կ՚անցընէ եւ բացառիկ ջանքեր կը գործադրէ՝ պատմական դպրոցի ապահոված յաջողութեան բարձր նշաձողը տեւականացնելու նպատակով:

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։

ՊԷՅՔՈԶԻ ԹԱՂ. ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։

Էջեր