ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց պոլսահայ տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, որոնք Գումգաբու այցելեցին Ս. Զատկի աւանդական շնորհաւորութեան առթիւ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց տիկնանց յանձնախումբերու գործունէութիւնը՝ կարեւորելով անով պայմանաւորուած աշխուժութիւնը։ Ան խորհրդածութիւններով ալ հանդէս եկաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգի զանազան խնդիրներու շուրջ։

Հուսկ, բոլորը ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը եւ իրենց նուիրուած աւանդական, խորհրդանշական զատկական հաւկիթները։

Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025