ԶԱՆԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու՝ որպէս Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ղեկավար երէկ հիւրընկալեց հեռուստահաղորդավար Արամ Գուրանը, որ վերջերս ներգրաւուած է Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր մշակոյթի եւ գեղարուեստի քաղաքականութիւններու խորհուրդի կազմին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին վերջին օրերուն տուած քաղաքավարական այցելութենէն վերջ, Արամ Գուրան երէկ ալ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Պետրոս Շիրինօղլուի կողքին էին ERVAB-ի ատենադպիր Լեւոն Քուզիքօղլու եւ հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն Մկրտիչ Սերթշիմշէք։

Շիրինօղլու հանդիպման ընթացքին շնորհաւորեց Գուրանը՝ շեշտելով, որ անոր նոր առաքելութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ թրքահայ համայնքին տեսակէտէ։ Իր կարգին, Գուրանն ալ բարձր գնահատեց Ազգային հիւանդանոցի գործունէութիւնը եւ բաժնեց իր մօտեցումները՝ մշակութային զանազանութեան նիւթերու շուրջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025