ԹՐՔԱՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ. ԹԱՔՍԻՄԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄԸ
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ողջունեցին Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացումը։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը հոգեւոր մեծ ուրախութեան առիթ դարձաւ։ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց այժմու թաղային խորհուրդի գործի գլուխ գալով սկիզբ առած նոր շրջանի անկիւնադարձներէն մին եղաւ այս փուլը։ Արդարեւ, պատմական թաղի երկու հիմնական սրբավայրերէն մին վերստին դռները բացաւ հաւատացեալներուն առջեւ՝ ամրացած, մաքրուած ու պայծառացած։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան՝ իր կողքին ունենալով Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ու հոգեւորականաց դասէն հոծ թիւով անդամներ։ Քաղաքիս այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներն ալ մասնակցեցան հոգեզմայլ արարողութեան, որ թրքահայ համայնքին տեսակէտէ ուրախութեան առիթ ըլլալէ անդին՝ կը նշանակէ կարեւոր ձեռքբերում մը։ Արդարեւ, Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին Էսաեան վարժարանի համալիրէն ներս կը գտնուի եւ անկարելի է մէկը միւսէն տարանջատել՝ ընդհանուր կենսունակութեան եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան տեսակէտէ։
Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած պաշտամունքի վերաբացման յաջորդեց սիրոյ սեղան մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ալ վերաօծեալ եկեղեցւոյ մէջ մատոյց անդրանիկ Ս. Պատարագը։
Երկօրեայ հանդիսաւոր արարողութիւններու երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ։ Զանազան փուլերու մէջ հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուեցան Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Պէյօղլուի քաղաքապետ Ինան Կիւնէյ, համայնքային վարիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։