«ՄԱՐԱԼ»Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆԸ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի հանդէս գալ ելոյթով մը։ «Մարալ»ի ընտանիքը ներկայիս կը նշէ համոյթի հիմնադրութեան 45-ամեակը։ Յոբելենական շրջանին զուգադիպած է «Մարալ»ի հիմնադիր հանգուցեալ Պենոն Գուզուպաշի մահուան 40-րդ տարելիցը։ Համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան երէկ յայտնեց, որ մօտալուտ ելոյթը ձօնուած է Պենոն Գուզուպաշի յիշատակին։ «Մարալ»ի երէկուան հերթական փորձը, որ տեղի ունեցաւ Քուրթուլուշի մարզակումբի համալիրէն ներս, բաց էր մամուլին։ Կարպիս Չափքան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին նշեց, որ 130 հոգիէ բաղկացեալ մեծ խումբ մը շարժման անցած է մօտալուտ ելոյթին առթիւ։ Ձեռնարկի օրը, բացի համոյթի բուն կազմէն, հանդէս պիտի գան նաեւ փոքրերու եւ պատանիներու կազմերը։

Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի առընթեր, որպէս պարուսոյց համոյթը կը մարզեն՝ Սարեմ Շէշէթեան, Թալիա Թուր, Էֆի Քայըքճեան, Նարօտ Զուռնաճը եւ Արտէն Չընար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 28, 2025