ՀԱՄԱԿՐԵԼԻ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉ ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺ ԳԱՐՈՒՆ ԳՈՎԱՆԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Համայնքային շրջանակները այս օրերուն կ՚ողջունեն մեր յայտնի ու համակրելի ազգայիններէն տքթ. Գարուն Գովանի յոբելեանը։ Այսպէս, ան նախընթաց օր՝ ապրիլի 24-ին դարձաւ 60 տարեկան եւ այս կապակցութեամբ համայնքային զանազան շրջանակներէն իրեն կը հասնին շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ։

Ատամնաբոյժ Գարուն Գովանի յոբելեանը, զուտ անհատական կամ ընտանեկան հարթութենէ անդին, հաւաքական նշանակութիւն ալ ստացած է՝ հաշուի առնելով վերջին տասնամեակներու իր կարեւոր ներդրումն ու մասնակցութիւնը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Ան վառ ու տիրական համայնքային գործիչ մըն է, որ հանրային կեանքէ ներս բարի համբաւ ձեռք բերած է՝ ներշնչուած ըլլալով իր լուսահոգի հօր՝ Եդուարդ Գովանի մարմնաւորած կերպարէն։ Իր հասած Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքի զանազան մարմիններուն ծառայութիւն մատուցելու առընթեր, Գարուն Գովան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է՝ ինչպէս երիտասարդական շարժումներ խրախուսելու ճանապարհին, այնպէս ալ վարչական կարեւոր պատասխանատուութիւններու մէջ։ Բոլորին ծանօթ է, թէ Շիշլի մարզակումբի այսօր հասած բարձունքի ենթագետինը պատրաստելու ուղղութեամբ Գարուն Գովան ջանք ու եռանդ չէ խնայած, երբ աւելի բարդ պայմաններու ժամանակներուն ձեռնհասօրէն վարած էր վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։ Պոլսահայութեան Համահայկական խաղերու մասնակցութեան նախընթացներու ակունքներուն կանգնած է ան՝ որպէս հեղինակաւոր վարչային նպաստելով ընդհանուր համախմբման մթնոլորտին, դրսեւորելով նաեւ կազմակերպչական կարողութիւնները։

Պոլսահայ արդի տարեգրութեանց մէջ Գարուն Գովանի անունը պատուով արձանագրուած է նաեւ Գարակէօզեան տան ընտանիքին ի նպաստ մատուցած ծառայութիւններով։ Բացի Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ղեկը ստանձնած ըլլալէ, տասնամեակներէ ի վեր ան կամաւորաբար կը սպասարկէ՝ մեր համայնքի յատուկ առաքելութեամբ ու նշանակութեամբ այս հաստատութեան։ Գարուն Գովան այսօր թէ՛ դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչն է եւ թէ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի գլխաւորած խնամակալութեան սիւներէն։ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան վերջին տասնամեակներու բախտորոշ նախաձեռնութիւններուն մէջ Գարուն Գովան միշտ ունեցած է իր անփոխարինելի ներդրումը՝ հաւաքական մտքի խմորման եւ վարչական ամուր կամքի դրսեւորման առումով։

Իր նկատմամբ համատարած համակրանքի միակ պատճառը Գարուն Գովանի ծառայութեան ոգին չէ։ Արդարեւ, ան ունի հեզահամբոյր նկարագիր, որով կը յաջողի բոլորի սիրտը գրաւել, որպէս գաղափարի մարդ՝ բոլորի համար հաճելի զրուցակից է եւ իր ընկերային շրջանակէն ներս ներկայութիւնը այնքան թանկ ու քաղցր է բոլորին համար, սիրեցեալ կողակցով՝ Մելինէ Գովանով հանդերձ։

Թէեւ Գարուն Գովան 60-ամեակը թեւակոխած է առողջական որոշ խնդիրներով, սակայն, իր բոլոր սիրելիներուն համար մխիթարանքի վերածուած է, թէ լուրջ պարագայ մը չունի։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրելի բարեկամ Գարուն Գովանի 60-ամեակը՝ մաղթելով, թէ Նախախնամութիւնը զինքը արժանացնէ նորանոր յոբելեաններ ողջունելու իր սիրելիներուն հետ։

Շաբաթ, Ապրիլ 26, 2025