«ԱՅՍ ՀՈՂԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅՈՑ ԱՊՐԱԾ ՑԱՒԵՐՈՒ ՈՒՐԱՑՈՒՄԸ ԽԻՂՃԵՐԸ ԿԸ ՎԻՐԱՒՈՐԷ»
Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, 24 Ապրիլի առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան խօսեցաւ քարոզ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Այսօր 24 Ապրիլ է: Տխրահռչակ օրն է յիշատակման՝ մեր ազգի դար մը առաջ ապրած սոսկալի ողբերգութեան: Մեր պատմութեան ամենէն թանձրախաւար շրջանի մը սկիզբը խորհրդանշող չարաղէտ թուական մը, որ կը ծռէ կրկին մեր գլուխները գետին, սրտաճմլիկ խորհրդածելու համար զգայացունց պատահարները:
Այսօր մենք կ՚անդրադառնանք Ա. Համաշխարհային պատերազմին ու այս աշխարհաւեր պատերազմի տարիներուն ապրուած ողբերգութեան, քանի որ այս պատերազմի շրջանը կարեւոր անկիւնադարձ մը եղած է մեր ժողովուրդին համար, իր անուրանալի հետեւանքներով, զոր ծանօթ է մեզի «Մեծ Եղեռն» յորջորջումով:
Ժողովուրդ մը, որ մեծաւ մասամբ խաղաղ կեցութեամբ հաւատարիմ քաղաքացին էր այն կայսրութեան, որուն զարգացման համար ըրած էր այն, ինչ որ կրնար ընել։ Ժողովուրդ մը, մեզի համար անհասկնալի պատճառներով մշակուած ու զարգացած քաղաքականութեան մը հետեւանքով պոկուած էր իր դարաւոր բնակավայրերէն։
Այս դէպքը Անատոլուի տարածքին ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան եւ կողք կողքի ապրելու փորձառութեան մեծ վնաս պատճառած է։ Այս անկիւնադարձին հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին թափուած ճակտի քրտինքներու արդիւնքները անհետացած, նոյնիսկ առյաւէտ կորստեան մատնուած են։
Ի սփիւռս աշախրհի ցրուած մեր զաւակներուն պատճառաւ, սփիւռքը՝ որ իր մէջ կը պարփակէ հայ ժողովուրդի երկու երրորդը, դարձած է ընկերաբանական ճշմարտութիւն մը։
Դարերու ընդմէջէն ընթացած աշխարհի պատմութեան թատերաբեմին վրայ չէ եղած շրջան մը, ուր պատերազմներ պատահած չըլլան։ Արցունքն ու սուգը եղած է պատերազմներու հասարակաց յայտարարը, առանց նկատի ունենալու, թէ ո՞ր կողմը դուրս եկած է յաղթական եւ կամ պարտուած։ Բնականաբար, մեր իրականութեան մէջ բացուած մեծ վէրքերը աւելի շատ կ՚արիւնին։ Բայց եւ այնպէս, միայն իր ցաւերը գիտնալ եւ անոնց մասին արտայայտուիլը այս հողերու վրայ ապրած ժողովուրդներու ամենամեծ թերութիւններէն մին է։ Հայեր եւ այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներ՝ յոյներ, ասորիներ, քաղդէացիներ, հրեաներ, նսլամ ժողովուրդներ՝ թուրքեր, քիւրտեր, Արաբներ, չէրքէզներ, պոշնաքներ, լազեր, ռոմաններ եւ այլք, բոլորը ունին դառն, մաշած եւ մեծ վէրքերով լի պատմութիւններ, որոնք թաղուած են այս հողերուն տակ։ Իւրաքանչիւրը, որ վիրաւորուած է ծանրապէս եւ կամ նուազ չափով, ունի իր «ջարդ»ի պատմութիւնը։ «Կրակը ուր որ իյնայ, հոն կ՚այրէ» ասութեան ուղղութեամբ, այսօր մեր պատմութիւնը կը պատմենք։ Մեր ողբերուն ունկնդիր, մեր կորուստներուն նկատմամբ համակրական մերձեցում ցուցաբերող բարեկամ սրտեր գտնել կը փափաքինք։ Մենք ալ պէտք է լսենք անոնց պատմութիւնները, հասնինք հասարակաց յայտարարներու, որոնենք գործելու միջոցը եւ ձեւը, որպէսզի նման դէպքերու յառաջացման ատակ այս աշխարհագրական շրջանէն ներս անգամ մը եւս այսպիսի ցաւեր չապրուին։
Պէտք է նշենք, թէ այս հողերուն վրայ հայոց ապրած ցաւերու ուրացումը խիղճերը կը վիրաւորէ։ Նոյնպէս պէտք է նշենք նաեւ բարոյական սկզբունքներու ներհակ կը գտնենք այն ջանքերը, որոնք կը միտին մեր հայրերուն այս ցաւերը միջազգային գետնի վրայ գործածել որպէս քաղաքակայնացուած թեզեր, ընդդէմ Թուրքիոյ։ Ո՛չ ուրացումը, ո՛չ ալ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու մէջ ընդունուած ցեղասպանութեան օրինագիծերը այս հողերուն վրայ ապրուած ցաւերուն եւ զանոնք ապրած անձերուն արժանավայել պատիւ չեն բերեր։ Ընդհակառակը, ցասմամբ բարկացած եւ պաշտպանութեան անցած կողմեր անցեալի շուքերը մեծացնելով պատճառ կը դառնան, որ մթագնին ժողովուրդներու հաշտութեան եւ բնական յարաբերութիւններ մշակելու յոյսերը եւ շրջափակման կ՚ենթարկուի դրացի ժողովուրդներու ներկան ու ապագան։
Մենք եւս, հետեւելով մեր երանաշնորհ նախորդ պատրիարքներուն, պիտի ներկայացնենք մեր մաղթանքները վասն հաշտութեան, խաղաղութեան եւ բարեկամութեան՝ թուրքերու եւ հայերու միջեւ։ Պիտի քաջալերենք, որ վրայէն 110 տարիներ անցած դէպքերը հազարամեայ հասարակաց պատմութեան ցաւառիթ մէկ բացառութիւնը ընկալելով, յարաբերութիւնները անյապաղ հաստատուին դրացիական եւ հասարակաց շահու յայտարարներու հիման վրայ։
Պարտինք յիշել նաեւ այն ամենամեծ ճշմարտութիւնը, ըստ որում, մեր ապրած աշխարհագրական շրջանը պարտադրած է, որ բազում ժողովուրդներ կողք կողքի եւ իրարու մէջ գոյատեւեն։ Անցեալէն փոխանցուած հարցերը պէտք է ձեռք առնել այս լոյսին ներքեւ։ Բարեկամական կամուրջներ հաստատել, մշակութային եւ առեւտրական յարաբերութիւնները զարգացնել եւ այս աշխարհագրական շրջանը բոլորին համար շահաբեր եւ օրհնալի սեղանի մը վերածել մեր բոլորին եւ ի մասնաւորի քաղաքագէտներու պարտականութիւնն է։ Ասոր այլընտրանքը բաղխումներով ու պատերազմներով զիրար սպառող, աղքատանալով խոպանացած աշխարհագրութիւնն է։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ Վսեմաշուք Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եղաւ եզական դէմքը, որ թէ՛ անցեալին որպէս վարչապետ եւ թէ յետագային որպէս հանրապետութեան նախագահ այս յիշատակութեանց առթիւ հրապարակեց պատգամներ։ Այս պատգամներուն մէջ դրսեւորուած է ցաւակցական ոգի, նաեւ տարագրութեան դժբախտութիւնը ապրելով իրենց կեանքերը կորուսած մեր ազգի զաւակներու յիշատակներուն նկատմամբ արտայայտուած՝ յարգանք։ Ըստ մեզի, այդ բոլորը տեղին կ՚ըլլայ արժեւորել դրական քայլեր, որոնք կրնան ապագային զարգանալ բաղձալի մերձեցումի մը ի նպաստ։ Վսեմաշուք Հանրապետութեան Նախագահի թանկագին պատգամին համար Նորին Վսեմութեան կը յայտնենք մեր յարգանքն ու երախտիքը։
Նախ եւ առաջ պէտք է բարեկամական ու անկեղծութեան կամուրջներ հաստատել։ Պատմական դէպքերու արժեւորումը միայն այսպիսի միջավայրի մը մէջ կրնայ շինիչ եւ գոհացուցիչ ըլլալ։ Վերջերս այս առումով յառաջացած դիւանագիտական ջանքերը մեզի գոհունակութիւն կ՚առթեն։ Ի բոլոր սրտէ կը մաղթենք, որ սահմանները բացուին եւ Կովկասի շրջանը վերածուի բարեկամական միջավայրի մը եւ այս ուղղութեամբ աղօթք կ՚առաքենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ յաջողութեամբ պսակէ դիւանագիտական ջանքերը։
Սիրելի եղբայրներ,
Այսօր մենք կը յիշատակենք Ա. Համաշխարհային պատերազմի օրերուն իրենց կեանքը կորուսած մեր ժողովուրդի եկեղեցական եւ աշխարհական զաւակները. Ս. Պատարագի մատուցմամբ ի հոգեւորս կը միանանք անոնց եւ գոհութիւն կը յայտնենք Ամենակալին Աստուծոյ եւ բոլոր այս անմեղ զոհերը մեր Եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասուած ըլլալով, 2015-էն սկսեալ 24 Ապրիլը այլեւս դուրս եկած է սգատօն ըլլալու իր հանգամանքէն եւ դարձած՝ սրբադասուած սուրբերու յիշատակութեան օր, խնդրելու համար անոնց աղօթքը եւ բարեխօսութիւնը:
Տօնակատարման օրն է այսօր անհուն անհամար նահատակներու ծաղկեպսակ յիշատակը պանծացնելու: Ս. Եկեղեցին որոշեց ու վճռեց իր խորաթափանց իմաստութեամբը պայծառակերպել բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը, սրբադասելով զանոնք օրացոյցի նոր տնօրինումով մը եւ իրենց արեան կարմիրը օծելով երկնային լուսաճաճանչ կապոյտով: Սուրբե՜ր են բոլորը. արժա՛ն եւ իրա՛ւ:
Անոնք, ըստ մեր հաւատքին, «մինչեւ վերջը» տոկացին եւ արժանացան երկնային անթառամ պսակներուն: Ս. Եկեղեցին կրկին մեզի կը յիշեցնէ, որ առանց հաշուի առնելու յաւիտենական արդարութիւնը, անհեթեթ պիտի մնան երկրային մեր դատաստանները: Մարդոց եւ ազգերու ճակատագրի վերաբերեալ վճռական խօսքի իրաւունքը կը պատկանի Բարձրեալին, ո՛չ թէ մարդոց եղծանելի դատաստաններուն: Եսայի մարգարէին միջոցաւ Աստուած կը մատնանշէ ունայնութիւնը մարդկային դատողութիւններու. «Երկինքը որքան հեռու է երկրէն, նոյնքան հեռու են իմ ճամբաներս՝ ձեր ճամբաներէն, մտածումներս ձեր մտածումներէն» (55:9):
Պէտք է յիշենք եւ յիշեցնենք անցեալը ո՛չ թէ այնպէս, ինչպէս՝ կարծես թէ երէկ պատահած անբուժելի հարուածներ են անոնք, այլ անհերքելի փաստարկները՝ մեր ազգային ու կրօնական զօրութեան, տոկունութեան, կենսունակութեան ու գոյատեւման եռանդին: Պիտի յիշենք եւ ուրիշներուն պիտի յիշեցնենք, որպէսզի չկրկնուին անմարդկային նման դէպքեր:
Բայց եւ այնպէս, դժբախտաբար գիտենք, շատերը չունին այս Աստուածատես հայեացքը եւ կ՚ուզեն մխրճուիլ ու մնալ ընդմիշտ Եղեռնի անել լաբիւրինթոսներու մղձաւանջին մէջ: Բայց մենք կենդանի ազգ մըն ենք, որ ունինք քալելիք ճամբաներ ու կապոյտ հորիզոններ հասնելիք եւ կերտելիք փայլատեսիլ ապագայ մը:
Երբ կը շարունակենք ապրիլ Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան աւետիսի ուրախութիւնը, թող Ամենաբարին Աստուած, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի, եկեղեցւոյ հին եւ նոր, ծանօթ եւ անծանօթ բոլոր սուրբերու բարեխօսութեամբ լսէ մեր աղաչանքներուն ձայնը։ Այլեւս վերջ գտնեն աշխարհաւեր պատերազմները, մարդկային իրաւունքներու սպառնացող կռիւները։ Աստուծոյ սէրը, ողորմութիւնը եւ շնորհները յաւիտեան թագաւորէ ի շինութիւն եւ ի բարօրութիւն համայն աշխարհի մարդկութեան, առանց ցեղի, ազգի եւ կրօնքի խտրութեան. ամէն։