«ՓԱՌԱՏԵՍԻԼ» ԿԱՐՃԱԺԱՄԿԷՏ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ՄՐՑՈՅԹԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած երիտասարդաց փառատօնի ծիրէն ներս առանձայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ «Փառատեսիլ» կարճաժամկէտ ժապաւէններու մրցոյթը։
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած երիտասարդաց փառատօնի ծիրէն ներս առանձայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ «Փառատեսիլ» կարճաժամկէտ ժապաւէններու մրցոյթը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիէն Մոնս. Անթուան Ըլկաթը։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինը նշանակուած է Անատոլուի Պապական նուիրակի օժանդակ եպիսկոպոս՝ Թուպերնուկա շրջանի տիտղոսաւորի հանգամանքով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մէկտեղուեցաւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեանի եւ Սուրբգրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի տնօրէնուհի Թամար Քարասուի հետ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի երէկուան սիրոյ սեղանին ալ անդրադարձաւ պոլսահայ վարժարաններու ցանցի առկայ խնդիրներուն:
Նորին Ամենապատուութիւնը համոզուած է, թէ տուեալներու շտեմարան մը պէտք է ունենալ՝ դպրոցներու միացման կամ փակման հարցերուն շուրջ վերջնականօրէն կողմնորոշուելու համար:
Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան վարժարանի 7-րդ դասարանի սաները՝ գլխաւորութեամբ ուսուցչուհի Անի Գալայլըի։ Աշակերտներուն այցելութիւնը ընթացաւ բարձր տրամադրութեան մթնոլորտով։
Ընկերային ցանցերու վրայ այս շրջանին լայն արձագանգ կը գտնէ, որ Սիրքէճիի պատմական Սանասարեան խանի շէնքը վերածուած է պանդոկի մը։ Այսպէս, այնտեղ ծառայութիւն կը մատուցէ «Մարիոթ» պանդոկներու աշխարհատարած ցանցը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց պատմագէտ Արզու Ուլաշն ու բարձր ճարտարապետ Պիւշրա Պաթուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ «Կոլոտ Պատրիարք» թանգարանի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Սա գիրքի շնորհանդէս մըն էր, սակայն, ըստ էութեան, ներկաներուն տեսակէտէ նշանակեց շատ աւելին։