ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլու եւ կարգ մը անդամներ երէկ այցելութիւն մը տուին Պէշիկթաշի գաւառապետ Օղուզհան Պինկէօլին։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլու եւ կարգ մը անդամներ երէկ այցելութիւն մը տուին Պէշիկթաշի գաւառապետ Օղուզհան Պինկէօլին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ հանդիսաւորապէս նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Այս տարի եւս Վարդավառը առիթ դարձաւ, որպէսզի հաւատացեալները թէ՛ տաղաւարի հրճուանքը ապրին եւ թէ աւանդութիւններու վերապրումով բարձր տրամադրութեամբ համակուին։
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ պատարագեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան ներկայ էին Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
ՈՒԷՖԱ-ի կեդրոնէն ներս, որ Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ կը գտնուի, երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեաններու լիկի որակաւորման փուլի վիճակահանութիւնը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներէն Ժպիտ Համբարեան իրաւունք շահած է՝ Իսթանպուլի պետական երաժշտանոցը յաճախելու։
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի Վարդավառ» խորագրեալ դասական երաժշտութեան համերգ մը։ «Մենք երգ ենք» երիտասարդական համերգաշարի նախաձեռնութեան շրջանակին մաս կազմեց այս երեկոյթը, որու հանդիսավարն էր Անի Էրտողան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է երախտաշատ կրթական մշակ Մերի Զիվէր։ Յետ երկարատեւ ու տառապալի հիւանդութեան ան աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը, նաեւ մեծ ցաւ պատճառելով իր սիրելիներու շրջանակին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած է փոքրիկն Ալեքս Քէյիշօղլուի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի եւ կնքահայրութեամբ Գամէր եւ Առլէթ Չատըրճեանի։
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքի ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր ՈՒԷՖԱ-ի կեդրոնին վրայ, որ կը գտնուի Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ։ Այսպէս, ֆութսալի յաջորդ ախոյեաններու լիկի կառուցուածքի ձեւաւորման տեսակէտէ տեղի ունեցաւ կարեւոր հաւաքոյթ մը։
Պոլսահայ կրթական կեանքի առկայ դրուածքին տեսակէտէ երկարաժամկէտ նշանակութեամբ խորհրդածութիւն:
Արմէն Սարուխանեան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Մխիթարեան վարժարանի փոթորկալից իրադարձութիւնները: