ԹՈՒԶԼԱՅԻ ՄԷՋ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ
Թրքահայ համայնքին տեսակէտէ շաբաթավերջին յատկանշական իրադարձութիւն մը եղաւ Թուզլայի մէջ, երբեմնի «Քամփ Արմէն»ի տարածքէն ներս կատարուած հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, փոքրամասնութիւններուն համար կատարուած բարեփոխումներու շրջանակին մէջ «Քամփ Արմէն»ի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուեցաւ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։