Թրքահայ կեանք

ԺԱՄԱՆԱԿ 116 ՏԱՐԵԿԱՆ

Երանութեամբ կ՚ոգեկոչենք մեր հիմնադիրները։ Բի՜ւր յարգանքով կը խոնարհինք թերթիս բոլոր նուիրեալներու յիշատակին առջեւ։ Խոր երախտագիտութիւն կը յայտնենք թերթիս սիրեցեալ ու հաւատարիմ ընթերցողներուն, որոնք հայ մամլոյ նահապետին միակ ապաւէնն ու յենարանը կը հանդիսանան՝ հետեւելով մեր տպագիր տարբերակին, կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու հաշիւներուն։

«ԱՐԱՍ»Ի 30-ԱՄԵԱՅ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 30-ամեակի յոբելենական շրջանը։ Թրքահայ կեանքին տեսակէտէ շատ կարեւոր եւ յատկանշական տարեդարձ մըն է այս մէկը՝ հաշուի առնելով անցեալ երեք տասնամեակներուն «Արաս»ի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան որակը, տարողութիւնն ու նշանակութիւնը։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՁՄԵՌՆԱՄՈՒՏԻ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ

Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ կէսօրուան ժամերուն «Եշիլեուրտ» մարզահամալիրէն ներս կազմակերպեց ձմեռնամուտի հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Սեղաններու շուրջ համախմբուած տիկինները զրուցեցին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՆ՝ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԱՌԿԱՅ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԼՈՒՐՋ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

Երէկ, համայնքային պատուիրակութիւն մը այցելեց մայրաքաղաք Անգարա, ուր քննարկուեցան պոլսահայ վարժարաններու ցանցի առկայ նիւթական խնդիրները։ Այսպէս, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան (Թրքահայ վաքըֆներու միութեան Կրթական յանձնախումբի ատենապետ), Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մարի Եանճը եւ Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թալին Կազէր։

ԷՍԱԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Էսաեան վարժարանին մէջ, Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԸՆԹՐԻՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ ընթրիքի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ՝ Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակից երիտասարդներուն, նաեւ մարզիկներուն հետ։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցան խանդավառ տօնակատարութիւններ։ Շուրջ մէկ շաբթուան վրայ տարածուած ծրագիր մը գործադրուեցաւ դպրոցէն ներս, աշակերտներուն մօտ ընդհանուր պատկերացում մը ձեւաւորելու համար Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, Հայ գիրերու գիւտին եւ Թարգմանչաց շարժման մասին։

Էջեր