ՈՉ ԵՒՍ Է ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՀԵՐՄԻՆԷ ՊԵՆԼԻՕՂԼՈՒԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ կրթական համակարգի տիրական դէմքերէն Հերմինէ Պենլիօղլու։ Պաքըրգիւղի ընտանիքին հետ նոյնացած, հայ դպրոցի առաքելութեան յարատեւութեան ճանապարհին տասնամեակներ շարունակ ջանք ու եռանդ չխնայած, անձնուրաց աշխատանք տարած կրթական մշակ մըն էր Հերմինէ Պենլիօղլու, որու կորուստը համատարած ցաւ ստեղծած է համայնքային շրջանակներէն ներս։
Հերմինէ Պենլիօղլու, որ Էսաեան վարժարանի օրինակելի ու պատուաբեր շրջանաւարտներէն էր, շատ երիտասարդ տարիքէն նուիրուած էր կրթական ասպարէզի։ Սերունդներու դաստիարակութեան վեհ գաղափարին նուիրուելով՝ ան միշտ ջատագովը եղած էր հայեցի կրթութիւն ջամբելու։ Հերմինէ Պենլիօղլու կ՚ուսուցչագործէր ո՛չ միայն մակերեսային առումով դաս մը սորվեցնելու մղումով, այլ ամբողջ ժառանգութիւն մը, հաւաքական գիտակցութիւն մը ջամբելու հեւքով։ Մանկավարժական իր նախանձախնդրութիւնը արդիւնաւորուած էր՝ մանաւանդ, որ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնուհիի պաշտօնը վստահուած էր իրեն. գործ մը, զոր տիրաբար կատարած էր՝ անջնջելի հետք մը թողլով հարուստ աւանդոյթներով այդ կրթօճախի տարեգրութեանց մէջ։
Նուիրեալ կրթական մշակ մը ըլլալու առընթեր, Հերմինէ Պենլիօղլու Պաքըրգիւղի ընտանիքէն ներս կը ստանձնէր նաեւ մշակոյթի գործիչի դերակատարութիւն։ Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի խորհրդականը եղած էր մշակութային գործունէութիւներու գծով՝ մանաւանդ Տատեան վարժարանի յոբելեաններու արժեւորման նպատակին ալ ծառայեցուցած էր իր փորձառութիւնն ու պաշարը։
Բոլոր անոնք, որոնք կը ճանչնային Հերմինէ Պենլիօղլուն, կրնան վկայել, թէ սաները հարազատ զաւակ համարելու զուգահեռ՝ ինքն ալ կեանքի փիլիսոփայութեամբ եղած էր հարազատ զաւակ մը։ Իր սիրելիներու շրջանակը միշտ կը գնահատէր երկար տասնամեակներ լուսահոգի մօրը նկատմամբ ցուցաբերած հոգածութիւնը, որու մէջ երբեք չէր թերանար՝ հակառակ իր ծանրաբեռնուած առօրեային։
Հերմինէ Պենլիօղլու, որ հանգստեան կոչուած էր, վերջին տարիներուն կը պայքարէր առողջական վերիվայրումներու դէմ։ Դժբախտաբար, իրեն համար ի սպաս դրուած խնամքը անբաւարար մնաց եւ ան վերջին շունչը փչեց՝ ետին թողլով բարի յիշատակ մը։ Պաքըրգիւղի ընտանիքը, զանազան սերունդներէ սաները, պաշտօնակիցները եւ պոլսահայ կրթական համակարգը այս դառն պահուն կը համախմբուին իր յիշատակին շուրջ՝ տասնամեակներու անփոխարինելի վաստակին նկատմամբ վերանորոգ յարգանքով։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Հերմինէ Պենլիօղլուի հոգւոյն ու կը ցաւակցինք իր բոլոր սիրելիներուն։