Թրքահայ կեանք

ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Կարօ Վարժապետեանի։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՊԱՀԱՅԻ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Պահայի համայնքի վարչութեան ընդհանուր քարտուղար Շեմսետտին Էօզթիւրքը, որուն կ՚ընկերանային վարչութեան արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Միւֆիտ Աքսոյ եւ Պահայի միջազգային յանձնախումբի ներկայացուցիչ տքթ. Նիմա Մասրուրի։

ԹՐՔԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱԳՆԱՊԸ ԹՎՄ-Ի ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր կը քննարկէ համայնքային մամուլին առկայ հարցերը։ ԹՎՄ միջոց մը առաջ ստեղծած է մասնաւոր յանձնախումբ մը՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս լրատուամիջոցներու կողմէ իրերայաջորդ հնչեցուած ահազանգներու լոյսին տակ։

ՅԱՅՏՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻՆ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրիգիւղի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած տարեկան սիրոյ սեղանին արձագանգները կը շարունակուին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։

ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ՆՈՐ ԴՊԻՐՆԵՐ ՀԱՍՑՆԵԼ

Կը տեղեկանանք, որ Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը այս շրջանին թափ կու տայ սերնդափոխութեան պատրաստութեան եւ աշխատանքներու ձեռնարկած է՝ նոր սերունդէն դպիրներ հասցնելու առաջադրութեամբ։

​ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն ներս նախընթաց օր հիւրընկալուեցաւ կրթական մշակ ու գրող Լեռնա Գարագիւթիւք, որ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց աշակերտութեան հետ։

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԹԵՔԻՆ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ տեղեկացուց, որ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու ներկայիս աշխատանք կը տանի՝ կազմակերպելու համար պոլսահայ վարժարաններու վարչայիններուն եւ Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի միջեւ հանդիպում մը։

ՍԻՐՈՅ ՁԳՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն, որոնք ստեղծեցին բարձր տրամադրութիւն:
Ֆէրիգիւղի տարեկան հանգանակութեան արդիւնքը թէեւ պիւտճէի բացը ամբողջութեամբ չհաւասարակշռեց, սակայն Մէրամէթճեան վարժարանի կայունութեան երաշխաւորման համար թթխմոր մը ապահովեց:

ԽՆԴԻՐԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ՇՔԱՆՇԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարեց պարգեւատրում մը։ Այսպէս, Ս. Պատարագի ընթացքին ան Պատրիարքական Աթոռի պատուոյ շքանշանը շնորհեց Հերման եւ Շուշիկ Խնդիրեան ամոլին։

Էջեր