Արխիւ
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշեց Ս. Զատիկը։ Քաղաքիս զանազան թաղերէն ներս կազմակերպուած դասընթացքներուն մասնակից փոքրիկ, պատանի կամ երիտասարդ մարզիկները զիրար շնորհաւորեցին եւ տօնական ուրախութիւնը բաժնեցին աւանդական հաւկթամարտերով։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցան զատկական ճոխ տօնակատարութիւններ։ Բոլոր դասարաններու տղաքը հաղորդ դարձան տօնական հրճուանքին։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցաւ տօնական հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, «Կոմիտաս» սրահին մէջ մնայուն բնակիչներուն համար սարքուեցաւ Ս. Զատկի սեղան մը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի աւանդական ընդունելութեան ժամանակ խորհրդածութիւններ ըրաւ համայնքային հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ:
Սուրբ Յարութեան տաղաւարը հոգեւոր հրճուանքի առիթ դարձաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, քաղաքիս բոլոր եկեղեցիները հիւրընկալեցին հոծ թիւով հաւատացեալներ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայոց գրաւոր արժէքներու միջազգային ճանաչման առումով հայութիւնը եւս կարեւոր նուաճում մը ունեցաւ։ Այսպէս, ապրիլի 10-ին, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի 221-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս անդամ երկիրներու միաձայն որոշմամբ՝ 12-րդ դարու հայ մեծ մտածող, գիտնական, օրէնսդիր, առակագիր եւ մանկավարժ Մխիթար Գօշի «Գիրք դատաստանի» («Դատաստանագիրք հայոց») աշխատութիւնը արձանագրուած է Աշխարհի յիշողութեան միջազգային յաշուամատեանին մէջ (Memory of the World Register)։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Իւրաքանչիւր դարաշրջանին մարդկութիւնը կը դառնայ նոյն խայծի զոհը. նոյն հնարքները կրկին ու կրկին կը խաղան, նոյն թակարդներուն դարձեալ կ՚իյնան: Ամբոխավարութիւնը եւ ազգայնականութեան գագաթները տակաւին դէպի իշխանութիւն եւ բռնակալութիւն լաւ ոտնահարուած ճանապարհներ են»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 55)։
Մահը աւարտն է երկրաւոր կեանքին։ Մահուան դիմաց՝ մարդկային գոյութեան առեղծուածը կը հասնի իր գագաթնակէտին։ Մարմնական մահը որոշ իմաստով բնական երեւոյթ է, սակայն հաւատքի աչքով՝ ան իրականին մէջ «մեղքին թոշակն է». (ՀՌՈՄ. Զ 23), (ԾՆՆԴ. Բ 17)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր այս յօդուածը կ՚ուզենք վերջացնել պարզ ու յստակ սահմանումով մը. սփիւռքի մէջ հայը օրէ օր կը կորսուի. վստահաբար, շատեր համակարծիք պիտի չըլլան ու առարկեն ըսելով՝ «կայ սերունդ մը», կաթիլ մը ջուրը համեմատելով ծով անտարբերութեան հետ:
ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Աւետարանները կը պատմեն մեզի, որ Զատկուայ առաւօտ իւղաբեր կիները գացին այցելելու Յիսուսի գերեզմանը. ժայռափոր գերեզման մը, որուն մուտքը փակուած էր յոյժ մեծ քարով: Անոնց սրտերը սգաւոր էին այդ առաւօտ եւ ուրբաթ օրուան իրենց աչքերուն արցունքը չէր սրբուած տակաւին. կորուստի ցաւը, հիասթափութեան կոտտանքը, անհասելի յոյսի թանձրութիւնը հսկայական քարի մը ծանրութեամբ կը կշռէր անոնց վրայ, փակելով իրենց սրտերը:
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Կեանքի տեւողութեան շարունակ կը հետեւինք ու կը վազենք ամէն տեսակի շահու ետեւէ. կ՚ուզենք շահիլ դրամ, կ՚ուզենք շահիլ յաջողութիւն, կ՚ուզենք շահիլ մէկու մը սէրը, կ՚ուզենք շահիլ մէկու մը բարեկամութիւնը եւ զանազան բաներ, որոնցմով կը կարծենք, թէ պիտի երջանկանանք։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ զաւակները արդէն զիրար կ՚ողջունեն Ս. Յարութեան տաղաւարի աւետիսով։ Բոլորը կը գիտակցին այս տարի եւս Ս. Զատիկը միասնաբար դիմաւորելու արժանի դարձած ըլլալուն իմաստին եւ ուրախութեան։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն տօներուն գագաթնակէտը հանդիսացող Ս. Յարութեան տաղաւարը հասած է։ Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ամենէն ակնկալուած եւ կեդրոնացնելու զօրութեամբ լի համաքրիստոնէական արժէքն է սա։
ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Ինչպէս հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր, այս տարի եւս անհամբեր կը սպասենք մեր եկեղեցիներու զուարթ ղօղանջին, որ մեզ անգամ մը եւս պիտի աւետեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ծանօթ իրողութիւն է, թէ վախու զգացումը ընդհանրապէս իր ազդեցութեամբ կու գայ ալեկոծել մարդկային կեանքը, մանաւանդ երբ մարդ դէմ յանդիման կը մնայ անսպասելի իրողութեան մը հետ։
Ահա՛ հասանք կրկին մեր եկեղեցական օրացոյցի զենիթին՝ Տէր Յիսուսի փառահեղ յարութեան դէպքին, որ այնքան էական է մեր հաւատքին համար, որ կու տայ արդարօրէն տարուայ բոլոր կիրակիներուն իր իմաստը:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Աւագ շաբաթն է նորէն…
Ծաղկազարդէն մէկ օր առաջ միայն կը սկսի զատկական արձակուրդնիս եւ մայր ու աղջիկ՝ երկուքս ուսուցչուհի, կ՚ուզենք մասնակցիլ եկեղեցական բոլոր արարողութիւններուն, որոնք Երուսաղէմի մէջ բացառիկ են, նաեւ պատրաստուիլ Զատիկին, որովհետեւ Խթման գիշերը մի՛շտ մեր տունը կը հաւաքուինք։
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Այս բառի մէջ է պահուած մեր կեցութեան հիմքը։ Յարութեան հաւատքը կ՚իմաստաւորէ հայու կեանքը։ Անդրադառնանք կամ ոչ, գիտակցինք կամ ոչ, ինչպէս կ՚ըսէ Գարեգին Բ կաթողիկոսը, «մեր ապագայի վերաբերեալ վճիռը խաւարինն ու մահուանը չէ, այլ կեանքինն ու յարութեանը»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի՛». (ՅՈՎՀ. ԺԱ 25)։
Երեք հսկայական գամ կախուած պահեցին Յիսուս Քրիստոսը խաչին վրայ։ Այս երեք գամը՝ երեք անտեսանելի գամը ամուր պահեցին մեր Փրկիչը անարգ խաչին վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Քրիստոնեայ աշխարհին համար Զատիկը հաւատքի, յարութեան եւ Տիրոջ յիշատակը ոգեկոչելու խորհուրդը կրող տօն է, սակայն հայ ժողովուրդին համար՝ մանաւանդ անցեալին, ունեցած է եւ ունի աւելի ազգային նշանակութիւն՝ քան հոգեւոր:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր ճամբորդութեան ընթացքին եթէ կը հանդիպիմ նոր պատահարներու եւ դրուագներու, բայց նաեւ անոնք մտածել կու տան ինծի ապրած թէ ապրող իրավիճակներու վրայով։