ԶԱՏԻԿ Է. ՈՒՐԱԽ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅԻՐ

Քրիստոնեայ աշխարհին համար Զատիկը հաւատքի, յարութեան եւ Տիրոջ յիշատակը ոգեկոչելու խորհուրդը կրող տօն է, սակայն հայ ժողովուրդին համար՝ մանաւանդ անցեալին, ունեցած է եւ ունի աւելի ազգային նշանակութիւն՝ քան հոգեւոր: Այս մէկը չենք ըսեր այն նպատակով, որ Քրիստոսի Յարութիւնը հայոց վերապրելուն նմանութիւնը ունի. ո՛չ. այդ վերացական գաղափարը կը թողունք գրականութեան ոսկեզօծ էջերուն: 

Զատիկը իր մէջ ունի հայկական բան մը. տօն՝ որ ունի ուժը համախմբելու հայ ժողովուրդը՝ գէթ մի քանի ժամուան համար. այս մէկը աւելի զգացի, երբ պատահմամբ կարդացի Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսած «Յառաջ» թերթի 13 ապրիլ 1952-ին թիւին հրատարակուած Ն. Սարաֆեանի հետեւեալ տողերը.

«Զատիկ է անշուշտ հոս ալ, այս մեծ ոստանին մէջ՝ ուր կ՚ապրիս քառորդ դարէ ի վեր: Կը գտնես այս բոլոր ուտելիքները: Ունիս եկեղեցին: Բայց գիտես, թէ բան մը կը պակսի: Կը քալես: Կառքերը կը սահին հոյակապ պողոտային վրայէն, կը սուրան երկու ուղղութեամբ: Անոնց փողերը կը յիշեցնեն քեզի մայիւնը մեր գառներուն, որովհետեւ սուզուած ես յիշատակներուդ մէջ: Անցեալի մէջ ես Զատկի օրով եւ ներկան շրջապատած է քեզ: Կը մտածես ապագայիդ վրայ: Կ՚անցնիս Նոթր Տամի առջեւէն: Կանգ կ՚առնես պահ մը Սէնին ափը: Զատիկ է: Ուրախ պէտք էր ըլլայիր: Բայց կոտրուած բան մը կայ մէջդ: Զանգեր կը հնչեն ամէն կողմ: Արեւ է: Կանաչ են գետափին ծառերը: Բայց լռութիւն մը կայ մէջդ: Կայ հաւատքի մնացորդ մը, զոր չես ուզեր կորսնցնել»: 

Սարաֆեանի այս զգացումը, ցաւ ի սիրտ, ծանօթ է ինծի. վստահաբար ծանօթ է շատ շատերուն՝ որոնք ներկայ զատկուան եւ անցեալինին մէջ մեծ տարբերութիւն մը կը տեսնեն, որ հաւատքի պակասէն աւելի աղերս ունի մեր ինքնութեան, մեր ազգային արժէքներուն հետ: 

Վստահաբար ամէն մարդ իր կարգին պիտի ըսէ, որ տարբեր էր Զատիկը՝ երբ տակաւին փոքր էին. գուցէ նոյն զգացումը ապագային ունենան մեր ներկայ սերունդը՝ որովհետեւ տարուէ տարի ո՛չ միայն Զատիկը, այլ ազգային ամէն տեսակ արժէքներ մասամբ իրենց իմաստն ու արժէքը կը կորսնցնեն: Այն ժամանակ տարբեր արժէք ու իմաստ ունէր «Քրիստոս Յարեաւ»ը, սակայն, այս օրերուն կը պակսի այդ ջերմութիւնը. այսօր, մանաւանդ Միջին Արեւելքէն դէպի «զարգացած» երկիր գաղթած հայութեան համար Զատիկը պարզապէս կարօտն է անցեալի, որովհետեւ այդտեղ՝ Սուրիոյ եւ կամ Լիբանանի մէջ տարբեր իմաստ ունէր Զատիկը քան Գանատայի, Ամերիկայի եւ կամ Եւրոպայի մէջ: 

Տարբեր ո՛չ միայն կրօնական առումով. այսօր շատե՜ր անոր մէջ կը գտնեն մեր կեանքի պատմութիւնը, մեր դժբախտութիւնները, մեր անցեալի յիշողութիւնները եւ այսօրուան զատկուան ուրախութեան պակասին հիմնական պատճառը. այս անցեալի ուրախ ստուերն է՝ որ այսօր կը պակսի: Հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, ամէն տեսակի թշուառութեան, կար ժամանակ, երբ Զատիկը ուրախութիւն էր. վկա՛յ հեղինակին բառերը. «Զատիկ է. ուրախ պէտք էր ըլլայիր»: 

Զատիկը, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ հայ ժողովուրդին հաւաքական եւ ազգային հոգիին արտայայտութիւնն էր. պարզ ու սովորական տօն մը չէր Զատիկը. շատերու համար նոր զգեստներու, նոր կօշիկներու, իսկ ուրիշներու համար անուշաբոյր սեղաններու ամբողջութիւն մըն էր, սակայն, ժամանակը այդ ուրախութիւնն ու հաճոյքը եւս խլեց մարդոցմէ. բնական դարձան կօշիկները, նոր զգեստները, փառաւոր սեղանները, թէ՛ ազգայինը եւ թէ հոգեւորը կորսնցուցին իրենց իսկական իմաստը ու այսպէս հոգին աւանդեց զատկուան հրաշքը: 

Զատիկը հին ժամանակ ծիսական արարողութենէն դուրս տարբեր արժէք մը ունէր. մարդիկ իրենց կեանքին մէջ կը զգային, որ Աւագ շաբաթը տարբեր է տարուան միւս շաբաթներէն. այսօր կայ կիսատութիւն մը, որովհետեւ մեր հոգիները կտրուած են անցեալէն եւ ներկան լեցուած է աշխարհի քաոսով՝ հոգեւոր թէ ազգային միասնաբար ցրելով: Մեծահասակներուն համար Զատիկը դարձած է յիշողութիւն. այնպիսի յիշողութիւն՝ որ ուրախութեամբը ցաւ կը պատճառէ, որովհետեւ հո՛ն, անցեալի Զատիկին մէջ ընտանիքը միասին էր, հայը աւելիով հայ էր՝ քան այսօր. հակառակ քաղաքական ու տնտեսական ծանր պայմաններուն, կար ազգային ուրախութիւն մը, տօնական մթնոլորտ մը. այսօր սակայն անկախութեան մէջ նոյնիսկ այդ բոլորը կը պակսին: 

Սաֆարեան իր խօսքին մէջ կը յիշէ, թէ «կայ հաւատքի մնացորդ մը»։ Հաւատացէ՛ք, որ այդ մէկը կրօնական հաւատքը չէ, որովհետեւ հայուն համար հաւատքն ու հայութիւնը երբեք իրարմէ տարբեր ու անջատ ճշմարտութիւններ չեն եղած. այդ մնացորդը ազգային սէրն է, ընտանեկան սէրն է, միութիւնն ու միասնութիւնն է. հայը Քրիստոսի հետ ի՛նք եւս Աւագ հինգշաբթի գիշեր կու լար. ան եւս կ՚ունենար իր խաւարման գիշերը։ Կ՚ապրէր անոր շարականներուն իւրաքանչիւր բառը, կ՚ապրէր թաղման կարգը, սակայն Քրիստոսի Յարութեան հետ միասին ի՛նք եւս ազգովին Յարութիւն կ՚առնէր. անոր բերնէն լսուած «Քրիստոս Յարեաւ»ը, Քրիստոսէ աւելի իր ազգին յարութիւնը կը խորհրդանշէր՝ ինքնավստահ եւ ուրախ, իսկ այսօր այդ բոլորը անիմաստ, մեքենայական դարձած են: 

Սակայն բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ անցեալի փառքի համար լալը, ո՛չ ներկային եւ ո՛չ ալ ապագային կրնայ օգուտ ունենալ. սակայն լուծումը կը թուի ըլլալ դժուար եւ անլուծելի։ Զատիկը անցեալին մարդոց դաստիարակութեան մաս կը կազմէր. ան հաւկիթ ներկելէն եւ կամ ճաշկերոյթէն շատ աւելի տարբեր ու վեր իմաստ մը ունէր եւ այդ իմաստը միայն դաստիարակութեան ճամբով կարելի էր փոխանցել:

Թող Սարաֆեանի խօսքին լոյսին տակ օտարութեան մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ վերատեսութեան ենթարկէ իր Զատիկը. այդ ուրախ տօնէն ինչպիսի՞ ուրախութիւն մնացած է իր կեանքէն ներս. իր այսօրուան Զատիկը ինչքանո՞վ նման է անցեալի զատիկներուն, որ խանդավառութիւն կը ստեղծէր մարդուն հոգիին մէջ. եթէ անոնց մէջ տարբերութիւնը մեծ է, ապա «վա՜յ» մը պէտք է ըսել, որովհետեւ արժէքները կորսնցնելը դիւրին է, սակայն զանոնք դարձեալ վերականգնելը պիտի ըլլայ շատ դժուար ու գրեթէ անկարելի: 

Երանի՜ անոր, որ կը յաջողի իր հին Զատիկն ու նորը պահել նոյնը, որովհետեւ զատկուան խորհուրդը լոկ խորհրդանիշն է հայութեան։ Երանի՜ անոր, որ այդ խորհրդանշանները կը յաջողի կենդանի պահել իր հոգիին եւ իր կեանքին մէջ: 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 19, 2025