ՏԱՂԱՒԱՐԻ ԱՒԵՏԻՍ ԵՒ ՊԱՏԳԱՄ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ զաւակները արդէն զիրար կ՚ողջունեն Ս. Յարութեան տաղաւարի աւետիսով։ Բոլորը կը գիտակցին այս տարի եւս Ս. Զատիկը միասնաբար դիմաւորելու արժանի դարձած ըլլալուն իմաստին եւ ուրախութեան։ Տօնական բերկրանքին զուգահեռ՝ համայն հայութեան ուշադրութիւնը հերթական անգամ կը կեդրոնանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ, ուր կը մատուցուի հայրապետական Ս. Պատարագ։ Ներկայ 2025 թուականի տաղաւարները կ՚առանձնանան այն առումով, որ հայրապետական Ս. Պատարագները վերստին կը մատուցուին Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ՝ յաջորդելով անոր ի հիմանէ վերանորոգման, վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման։
Աշխարհացրիւ հայերը Ս. Զատկին հաղորդ կը դառնան իրենց ընդհանրական հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի պատգամին, որ կը հնչէ առաքելահիմն ու լուսաւորչահաստատ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն։ Տաղաւարի հայրապետական պատգամը միշտ իւրաքանչիւր հայու հոգին ու միտքը կը համակէ լուսաբեւեռ Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդով, իւրաքանչիւրին համար կը վերածուի օրհնութեան եւ բոլորի ներաշխարհին եւ ընտանեկան յարկին կը բերէ թարմ շունչ մը՝ վերանորոգ պահելով հոգեւոր միասնականութեան գիտակցութիւնը։