ՇԻՇԼԻԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ Ս. ԶԱՏԻԿԸ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշեց Ս. Զատիկը։ Քաղաքիս զանազան թաղերէն ներս կազմակերպուած դասընթացքներուն մասնակից փոքրիկ, պատանի կամ երիտասարդ մարզիկները զիրար շնորհաւորեցին եւ տօնական ուրախութիւնը բաժնեցին աւանդական հաւկթամարտերով։ Ակումբի վարչայինները, մարզիչները եւ այլ պատասխանատուներ մարզիկներուն առընթեր շնորհաւորեցին նաեւ անոնց ընտանիքները։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025