ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՒԵՏԻՍԸ
«Հիմա միակ փափաքս է ճանչնալ Քրիստոսը, ու անոր Յարութեան զօրութիւնը»
(Փիլիպպեցիս 3-10)
Կեանքի տեւողութեան շարունակ կը հետեւինք ու կը վազենք ամէն տեսակի շահու ետեւէ. կ՚ուզենք շահիլ դրամ, կ՚ուզենք շահիլ յաջողութիւն, կ՚ուզենք շահիլ մէկու մը սէրը, կ՚ուզենք շահիլ մէկու մը բարեկամութիւնը եւ զանազան բաներ, որոնցմով կը կարծենք, թէ պիտի երջանկանանք։
Եթէ մէկը կեանքի տեւողութեան յաջողած է ձեռք ձգել այն բաները, որոնց ետեւէն վազած է, ուրեմն ինքզինք թէ՛ երջանիկ, թէ՛ բաւարար ու գոհունակ եւ թէ զօրաւոր կը զգայ։
Կարծէք աշխարհ գալու միակ պայմանը ասոնք ենք, որոնց համար կը պայքարի ամբողջ կեանքի մը տեւողութեամբ։
Այս բոլորը որքան ալ ուրախացնեն կամ յագեցնեն մեզ, գիտնալու ենք, թէ ո՛չ թէ մնայուն, այլ գնայուն են ու չենք գիտեր, թէ այս բաները մեզի օգտակա՞ր են թէ ոչ։
Միւս կողմէ, ինչ որ ալ շահած ըլլանք, կու գայ ժամանակ մը, որ շատ ատեն կը տեսնենք, թէ սխալեր ենք. սխալեր ենք ու դրամի ետեւէ ի զուր վազեր ենք ու կը տեսնենք, թէ ո՛չ մէկ օգուտ բերած է ու անզօր մնացած է։ Սխալեր ենք այն անձերու սէրը շահելու աշխատանքով, որ բնաւ չէ արժած։ Սխալեր ենք այն անձերու բարեկամութիւնը ձեռք ձգելու աշխատանքով, քանի ապերախտութեամբ երես առ երես եկեր ենք։
Անտարակոյս, այս բոլորը սկիզբէն տեսնել շատ ատեն կարելի չէ եւ ժամանակի ընթացքին կը յայտնուի։
Աւետարանի մէջ Յիսուս կ՚ըսէ. «Եթէ մէկը բոլոր աշխարհ շահի բայց իր կեանքը կորսնցնէ ինչ կ՚արժէ իրեն». (Ղուկաս 9-25)։
Ուրեմն, այս բաներէ հետեւցնելով պէտք է չաշխատի՞լ, անշուշտ, ո՛չ։
Պօղոս առաքեալ այս խօսքերը ըսելու ժամանակ թէեւ տարբեր տեսանկիւնէ մը կը մօտենայ, բայց եւ այնպէս, ճիշդ այս բանն է, որ կ՚ուզէ ըսել եւ կ՚աւելցնէ. «Այն ինչ որ ժամանակ մը շահ կը համարէի, այժմ վնաս կը համարեմ ու ամէն ինչ վնաս կը համարեմ վասն Քրիստոսի սիրոյն». (Փիլիպ 3-8)։
Մարդիկ վերոյիշեալ բաներուն ետեւէն կը վազեն ու պէտք է վազեն, բայց պէտք է գիտնան, որ ամէն ինչ կարելի է իմաստաւորել Քրիստոս ճանչնալով։ Եւ նոյն տողերուն մէջ շատ զօրաւոր խօսք մը եւս կ՚ըսէ. «այս ուղղութեամբ ամէն ինչ թողուցի Քրիստոս ճանչնալու ու Քրիստոս շահելու համար»։ Եւ կերպով մը վերջակէտ կը դնէ իր խօսքերուն ըսելով՝ «Հիմա միակ փափաքս է Ճանչնալ Քրիստոսը, ու անոր Յարութեան զօրութիւնը»։
Մենք շատ մը զօրութիւններու կը հաւատանք, շատ բանի կը կարօտինք, Աստուծոյ ալ կը հաւատանք, սուրբերու ալ, Եկեղեցիին ալ, Աւետարանի խօսքերուն ալ։ Կը կարօտինք Աստուծոյ ու կը դիմենք Անոր օգնութեան։ Բոլորս մենք զմեզ կը դաւանինք իբրեւ քրիստոնեայ, կը հաւատանք Աստուծոյ արդարութեան, նաեւ շատցնել կարելի է բոլոր այս բաները։
Հարցումը սա, թէ արդեօք բաւականաչափ ճանչցա՞ծ ենք Քրիստոս եւ կ՚աշխատի՞նք Քրիստոս շահիլ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ, եւ Յարութեան զօրութիւնը կը զգան՞ք մեր ներսիդին՝ թէ մահուան վախը, որ կը տիրէ մեր մէջ։
Կը խորհիմ, որ մահուան վախը մեղքի հետ սերտ կապ ունի, ինչպէս Ադամ մեղք գործելէ վերջ, երբ Աստուծոյ ձայնը լսեց ու վախնալով պահուըտեցաւ։
Ուրեմն, եթէ ճշմարտապէս խոստովանինք, շատերս չենք ճանչցած Քրիստոս որքան պէտք է ճանչնանք եւ չենք շահած Քրիստոս որքան՝ պէտք է շահինք։
Յարութեան հրաշալի աւետիսի զօրութիւնը կը մարի մեր մէջ՝ աշխարհիկ ցանկութիւններու, վախ ու մտահոգութիւններու եւ մեղքի պատճառով։
Պօղոս առաքեալ հռովմէացիներու գրած նամակին մէջ հետեւեալը կ՚ըսէ․ «Ին՞չ բան մեզի Քրիստոսի սէրէն կրնայ հեռացնել, նեղութիւննե՞ր, տառապանքնե՞ր, անօթութի՞ւն թէ մերկութի՞ւն ու սո՞ւր, այսինքն մարմինը սպաննող եւ մահուան տանող ամէն ինչ»։
Առաջին քրիստոնեաներ եւ աւելի վերջ բոլոր հաւատացեալներ ո՛չ միայն այս բաները ըսին, այլ նաեւ հետեւեցան այս խօսքերուն եւ մասնակից եղան Յարութեան։
Առաքեալի այս խօսքերուն իմաստը աւելի յստակացնելու համար, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ճանչնալ Քրիստոսը կամ ոչ, անոր Յարութեան զօրութիւնը գիտնալ կամ ուրանալ։ Քրիստոս չճանչնալ կը նշանակէ շարունակել մահուան տանող գործեր գործել, կամ ծառայել աշխարհիկ մտածումներու, այլ իմաստով՝ ուրանալով կամ անտեսելով յարութեան իրականութիւնը շարունակել մեղք գործել, կամ ապրիլ այնպէս մը, որ Քրիստոս ի զուր խաչուած ըլլայ իրեն համար, կամ ոչինչ նշանակէ Քրիստոսի չարչարանքները, որոնք պսակուեցան Ս․ Յարութեամբ։
Եթէ այդպէս է, մենք մահացած ենք դեռ մեր կենդանութեան ժամանակ, բայց ինչպէս առաքեալը կ՚ըսէ. «Մենք քրիստոնեաներս ի մահուանէ ի կեանս անցած ենք». (Հռովմ 11-15)։ Եթէ հասկցած ենք յարութեան զօրութիւնը եւ եթէ ճանչցած ենք Քրիստոս։
Ուրեմն, «Եթէ դուք Քրիստոսին հետ այս աշխարհին սկզբունքներէն մեռաք, ալ ինչո՞ւ համար աշխարհի մէջ կենդանի եղողներու պէս այսպիսի կանոններու կը հնազանդիք». (Կողոսացիս 2-20), այսինքն կը շարունակենք մեղք գործել։
Մէկը՝ որ բոլոր այս բաները գիտենալով կը շարունակէ մեղանչել՝ ո՛չ կրնայ հասկնալ Քրիստոսի Յարութեան զօրութիւնը եւ ոչ ալ բաժին կրնայ ունենալ յարութենէն։
«Որպէս զի ճանչնամ զանիկա եւ անոր յարութեանը զօրութիւնը ու անոր չարչարանքներուն հաղորդ ըլլամ, անոր մահուան կերպարանքը առնելով. Որպէս զի մեռելներուն յարութեանը հասնիմ». (Փիլիպ 3-11)։
Ուրեմն, սիրելի ընթերցողներ, երբ Քրիստոսի Յարութիւնը կը տօնենք, ան պարզ տօնակատարութիւն մը չէ, այլ կեանքի տանող ճամբայ, որուն մէջ ուրախութեամբ կը գալենք, որուն կարելի է հետեւիլ հաւատքով իբրեւ Աստուծմէ ստացուած արդարութիւն։
«Ու իր մէջ գտնուիմ, ո՛չ թէ իմ արդարութիւնս ունենամ՝ որ օրէնքէն է, հապա Քրիստոսին հաւատքովը եղած արդարութիւնը՝ որ Աստուծմէն է հաւատքով». (Փիլիպ 3-9)։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ